Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով, 7-8 Մարտ 2015-ին, Պոսթընի «Հայրենիք» շէնքին մէջ, կայացաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միջ-շրջանային Գ. ժողովը, մասնակցութեամբ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններու կազմերուն եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն։ Ժողովին մասնակիցները կու գային Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Պոսթընէն, Թորոնթոյէն եւ Մոնրէալէն:
Եռակողմանի ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին երեք շրջաններուն միջեւ համագործակցութեան, յայտագիրներու փոխանակման, եռակողմանի աշխատանոցային հաւաքի, երիտասարդական խորհրդաժողովի եւ ներգրաւ-ման հարցերը, 2015-ի Ուսանողական հաւաքը եւ միութենական այլ հասա-րակաց խնդիրներ։
2014-2018 քառամեակի եռակողմանի այս Գ. ժողովը յանգեցաւ գործնական եզրակացութիւններու։ Երեք Շրջանային Վարչութիւնները համագործակցութեան յանձնառութեամբ ճշդեցին յառաջիկայ երկու տարուան համատեղ գործունէութեան հանգրուանները եւ յաջորդական ժողովներու թուականները։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ
Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Մարտ 10, 2015
The post ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ.- ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.