Տարածուն եւ ազդեցիկ L’ORIENT-LE JOUR լիբանանեան օրաթերթը, իր գրական բաժինին մէջ, Հինգշաբթի Մարտ 5-ին, լայնօրէն անդրադարձած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Այս առիթով, ինչպէս ինք կ’ըսէ, շուրջ քառասուն հրատարակութիւններէ ընտրած է չորսը: Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ 2015-ին ֆրանսերէնով լոյս տեսած քանի մը գիրքեր. Dans les ruines : les massacres d’Adana, Avril 1909 de Zabek Essayan, Phébus/Libretto, 2015 ; Détruire les Arméniens : histoire d’un génocide de Mikaël Nichanian, PUF, 2015, 273p. ; Le rêve brisé des Arméniens, de Gaïdz Minassian, Flammarion, 2015, 360p ; Le génocide des Arméniens : un siècle de recherches (1915-2015) du Conseil scientifique international pour l’étude du génocide des Arméniens, Armand Colin, 2015, 368p: Այս գլխաւոր հրատարակութիւնները յիշատակելէ ետք, խմբագրութիւնը կ’աւելցնէ, որ շահագրգռուողները կրնան նաեւ նկատի ունենալ հետեւեալ հրատարակութիւնները. Les Arméniens 1917-1939, La Quête d’un refuge, sous la direction de Raymond Kévorkian, Lévon Nordikian et Vahé Tachjian, PUSJ (Beyrouth), 2007, 420p. ; un magnifique album souvenir qui raconte, photos à l’appui, l’installation des réfugiés arméniens au Liban et an Syrie dans les années qui ont suivi le génocide; Mémorial du génocide des Arméniens de Raymond kévorkian et Yves Ternon, Seuil, 2015, 498p ; Comprendre le génocide des Arméniens, de 1915 à nos jours de Hamid Bozarslan, Raymond Kévorkian et Vincent Duclert, Tallandier, 2015, 384p ; La France face au génocide des Arméniens de Vincent Duclert, Fayard, 2015, 424p.:
Հարուստ մատենագիտութիւն մը, յիշելու, եւ միջազգային հանրային կարծիքին յիշեցնելու Հայկական Հարցին այժմէականութիւնը: Բարոյախօսութիւն ընելու ցանկութիւն չունիմ, բայց կ’ուզեմ յիշեցում մը ընել. մեր օտար բարեկամներում, մանաւանդ մտաւորականներուն եւ քաղաքական գործիչներուն ինչո՞ւ չնուիրել այս գիրքերէն մէկը կամ երկուքը, որպէսզի լուսաբանուին: Լուսաբանուած անհատը ոչ թէ բարեկամական-զգացական վերաբերումով կը զօրակցի անիրաւուած հայ ժողովուրդի դատին, այլ հիմնաւորուած գիտակցութեամբ: L’ORIENT-LE JOUR-ի թելադրած մատենագիտական ցանկը, թէեւ խիստ սահմանակ, ժամանակակից է եւ օգտակար:
L’ORIENT-LE JOUR LITTERAIRE յստակութեամբ եւ պարզութեամբ կը ճշդէ, որ նշուած զանազան եւ լրացուցիչ հրատարակութիւնները, լուրջ եւ միաժամանակ դիւրահասկնալի, կը պարզեն «այս ողբերգութիւնը, որուն պատասխանատուութիւնը Թուրքիան դեռ չի յաջողիր ընդունիլ»:
Ուզեցի արտագրել մատենագիտութիւնը ինչպէս որ է: Նպատակս չէր յօդուած գրել լուսաբանելու համար հայ ընթերցողը (աւելի լաւ եթէ ան ալ դիմէ այդ գիրքերուն), այլ ըսելու համար, որ այդ գիրքերու ցրւումը քաղաքական աշխատանք է: Եթէ անոնք մուտք գործեն դպրոցական եւ համալսարանական գրադարանները, հասնին թերթերու խմբագրութիւններուն, մեր քաղաքապետին, մեր երեսփոխանին, ոչ միայն Լիբանանի, բոլոր անոնց որոնք այս կամ այն ձեւով կ’առաջնորդեն հանրային կարծիքը, կը պատկանին որոշում կայացնողներու շրջանակին, մենք իմաստուն կերպով կը հետապնդենք Հայ Դատը, որ տարբեր որակ կ’ունենայ աղմուկէ եւ կարգախօսներու կրկնութենէ:
Ուշադրութեան արժանի է խմբագրականը՝ խորագրուած «Մաքրագործում» (Epuration), ստորագրուած Ալեքսանտր Նաժժարի կողմէ: Ան առաջին տողէն իսկ ցոյց կու տայ տեւող գիծը, այն՝ որ «Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք մոլորակը թատերաբեմն է նոր ցեղասպանութեան մը՝ Արեւելքի քրիստոնեաներուն, հալածուած, առեւանգուած կամ սպաննուած՝ ընդհանուր անտարբերութեան մէջ»: Այդ անտարբերութիւնը կը բացատրէ «կեցուածք»ներով, որոնք սովորութիւնն են Արեւմուտքի, այդ պատճառով ալ ան միշտ մսկոտ եղած է շահախնդրութիւններէ հրաժարելով հարցերը քննելու եւ յանգելու արդարակորով լուծումներու, եւ ինչպէս կ’ըսէ Ալեքսանտր Նաժժար, Արեւմուտքը «կը շարուանկէ կրակի հետ խաղալ»:
Ներկայ կացութեան նկատմամբ որդեգրուած մսկոտութեան համար Ալեքսանտր Նաժժար կը խօսի Արեւելքի քրիստոնեաները արմատախիլ ընող ընթացքի մասին, «վերստին խաղալով, խլացնող լռութեան մէջ, հայկական ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը»:
Օրինակելի L’ORIENT-LE JOUR LITTERAIRE, որուն այս թիւը կարելի է վերահրատարակել եւ ցրուել: Ոչ ոք պիտի կարենայ ըսել հայերն են խօսողները…
Ի դէպ, հարցում մը. պատահած է որ հայ մարդիկ, յանձնախումերու եւ մարմիններու անդամներ, հեռաձայնեն թերթի խմբագրութեան եւ Ալեքսանտր Նաժժարի… Մեծահոգիներու ծաղիկ պէտք է նուիրել, նոյնիսկ երբ նախագահ, վարչապետ, նախարար, երեսփոխան կամ կուսակցապետ չեն:
Եթէ միջոց ունենայի, հարցախոյզ մը ընել կու տայի, գիտնալու համար, թէ L’ORIENT-LE JOUR LITTERAIRE, Մարտ 5, 2015-ը քանի հայու տուն կամ գրասենեակ իջեւանած է, ամպագորգոռ ժողովներու օրակարգ եղա՞ծ է…
Յ. Պալեան, Մարտ 9, 2015
The post 100-ԱՄԵԱԿ.- ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱ՞ՆՔ ՈՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ L’ORIENT-LE JOUR ՕՐԱԹԵՐԹԸ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.