Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ուրուկուայ Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու Արցախի Իքնորոշման Իրաւունքը

$
0
0

uruguay

ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կոչ մը լոյս ընծայած է՝ դիմելով միջազգային ընտանիքին ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Կոչը հրապարակուած է Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներու եւ հայ համայնքի պատասխանատուներու միջեւ անցեալ Կիրակի՝ Յունուար 4-ին, կայացած հանդիպումէն ետք:
Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ, Ուրուկուայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներու եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի հետ հանդիպած էր, քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի քաղաքական իրադարձութիւնները եւ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի բազմաթիւ խախտումներու յառաջացուցած լարուածութիւնը:
Նախարար Ալմակրօ շեշտեց «անհրաժեշտութիւնը Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորման՝ նկատի առնելով հայ ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ Մայիս 1918էն Դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն»: Ան բուռն կերպով դատապարտեց Ատրպէյճանի զինուրական գործողութիւնները՝ զինադադարի պայմաններու տակ:

The post Ուրուկուայ Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու Արցախի Իքնորոշման Իրաւունքը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles