Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՃԱԿԱՏ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ

$
0
0
Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ

Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ

Ծ.Խ.- Այս յօդուածը հրատարակուած է Սեպտեմբեր 2011-ին: Նկատի ունենալով, Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան Յունուար 4-ի հրապարակած կոչը, ստորեւ, ամբողջութեամբ լոյս կ՛ընծայենք «Եուրէյժիանեթ»ի այս հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը.-

Սպանական առած մը կայ, որ հետեւեալն է. «Տել տիչօ ալ հեչօ, հէյ մուչօ թրէչօ», կամ մօտաւորապէս` «Ըսելը աւելի դիւրին է, քան ընելը»: Այս խօսքը կարծես թէ կը յարմարի Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական շրջանի անկախութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ Ուրուկուէյի պատրաստակամութեան:
Տարակարծութիւնն ու վէճերը սկսան 9 սեպտեմբերին, երբ հայկական լրատու աղբիւրներ հրապարակեցին Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի վերագրուած մեկնաբանութիւններ, որոնց մէջ կ՛ենթադրուի, թէ նախարարը առաջարկած է Արցախի անկախութեան խանդավառ վաւերացումը, եւ իր զօրակցութիւնը` այդ տարածքի Հայաստանի հետագայ միութեան:
Ատրպէյճանական լրատու միջոցները արագօրէն տարակարծիք գտնուեցան, որ Ալմակրօ իրականութեան մէջ աջակցութիւն յայտնած է Արցախի անկախութեան: Փոխարէնը` անոնք վկայակոչեցին Ալմակրոյի խօսքին պատճէնը, որ առաքած է Լատին Ամերիկայի մէջ սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մը: Ազրպէյճանի լրատու աղբիւրներու տեղեկութիւնները կը հաղորդեն, թէ նախարար Ալմակրօ պարզապէս խոստովանած է, որ հայերը իրենք կը հաւատան, թէ Արցախի համար անկախութիւնը եւ Հայաստանի հետ անոր ամուր կապերը կրնան «լաւագոյն միջոցը» ըլլալ:
Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չմեկնաբանեց Ալմակրոյի յայտարարութիւններուն մասին կատարուած տարբեր մեկնութիւնները, ոչ ալ հրապարակեց նախարարի խօսքին իր պատճէնը:
Կ՛ենթադրուի, թէ Ուրուկուայի մէջ կը բնակի շուրջ քսան հազար սփիւռքահայ: 1965 թուականին լատինամերիկեան այս պետութիւնը աշխարհի առաջին երկիրը եղաւ, որ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցաւ 1915-ի օսմանեան Թուրքիոյ հայերու կոտորածները: Կոտորածին յուշարձանը կանգնած է Մոթէվիտէոյի մէջ:
Արցախի անկախութեան համար Ալմակրոյի ենթադրեալ զօրակցութիւնը, աջակցութիւնը անակնկալի բերաւ արցախցիները, որոնք երախտագիտութեամբ ողջունեցին ատիկա` ըստ տէ ֆաքթօ նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Պապայեանի: «Ուրուկուէյի կառավարութեան հետ Ղարաբաղ նախապէս հաղորդակցութիւն չէ ունեցած», ըսաւ ան:
«Մենք կը գիտակցինք, որ մեր անկախութիւնը անմիջապէս պիտի չճանչցուի… բայց փակ դուռը բացուեցաւ: Նոյնիսկ եթէ այս հոլովոյթը քանի մը տարի տեւէ, մենք ամէն պարագայի երախտապարտ պիտի ըլլանք Ուրուկուէյի», աւելցուց Պապայեան:
Ազերի վերլուծաբանները կը պնդեն, թէ Արցախի ղեկավարները մեծ յոյսեր պէտք չէ ունենան:
«Ուրուկուայի համար ասիկա այնպիսի կացութիւն մը չէ, որ նման նուրբ եւ բարդ հարցի մը գծով ռահվիրայ ըլլայ», մեկնաբանեց քաղաքական վերլուծաբան Զարտուշթ Ալիզատէ: Ան աւելցուց.-
«Արցախի հակամարտութեան իրավիճակը այժմ անկանխատեսելի է, եւ բոլոր երկիրները, ընդհակառակը, կը փորձեն հեռու մնալ ատկէ»:
Ալիզատէ կասկածով հարցուց, թէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալով` Ուրուկուայ ի՞նչ կը շահի: Այս նախաձեռնութիւնը կրնայ լրջօրէն վնասել մեծ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ջանքերուն, որոնց նպատակը տագնապի լուծումն է», ըսաւ ան: Պաքուի մէջ ոմանք կ՛ուզեն, որ Միացեալ Նահանգներ այս հոլովոյթին մասնակից դառնան, սակայն Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը արդէն իսկ յստակ դարձուցած է, որ ինք այդ հարցը շօշափելու նպատակ չունի:
Վաֆա Կիւլիզատէ` Ատրպէյճանի հանգուցեալ նախագահ Հայտար Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով նախկին օգնականը, կը կասկածի, որ Ուրուկուայ կրնայ անքան հեռու երթալ` հասնելու Արցախի Ատրպէյճանէն անկախացումի ճանաչումին, տրուած ըլլալով, որ նոյնիսկ Հայաստան ատիկա տակաւին չէ ըրած:
Հայաստանցի քաղաքական անկախ վերլուծաբան Երուանդ Պոզոյեան համաձայն գտնուեցաւ, որ Արցախի հարցով Ատրպէյճանի հետ սուր լարուածութիւնները կը բացառեն այդպիսի որոշում մը Հայաստանի կողմէ: Երուանդ Պոզոյեան Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարին յայարարութիւնը անոր «անձնական տեսակէտը» անուանելով` կասկած յայտնեց, որ ատիկա կրնայ «Էական» որեւէ փոփոխութիւն բերել Հայաստանի եւ Արցախի համար»:
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, որ կը պնդէ, թէ Հայաստան սխալ կը ներկայացնէ, կը խեղաթիւրէ Ալմակրոյի ակնարկութիւնները, կը տեղեկացնէ, թէ Մոնթեվիտէօ վստահեցուցած է Պաքուն, որ Ուրուկուէյ կը յարգէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:
Հայաստանի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն ազգայնական կուսակցութեան ղեկավարները կը պնդեն, որ Ալմակրոյի յայտարարութեան ճարտարագէտները իրենք են:
«Ուրուկուայի մէջ մենք այս ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք կատարեցինք», ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան աւելցուց. «Ասիկա միայն սկիզբն է»:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ միակ քաղաքական կուսակցութիւնը չէ, որ Ուրուկուայը իբրեւ ելակէտ, մեկնակէտ կը նկատէ:
Ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը, որ Երեւանէն կը պահանջէ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, կը պնդէ, որ Հայաստանի պաշտօնատարները լոպիստական աշխատանք պէտք է կատարեն Ուրուկուէյի դրացի երկիրներուն մէջ:
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան խորհրդարանական համախմբումի նախագահ Ստեփան Սաֆարեան ըսաւ. «Լատին Ամերիկայի երկիրները կրնան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, եւ հայկական դիւանագիտութիւնը այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տանի»:
Սաֆարեան աւելցուց. «Այս երկիրները կրնան նման քայլ առնել, որովհետեւ անոնք մեր շրջանին մէջ չունին աշխարհաքաղաքական լուրջ շահեր,որոնք կրնան արգելք ըլլալ այդպիսի քայլի մը»:
«Պաքու ճիշդ ասկէ կը վախնայ», ըսաւ «Պաքու ատլաս» ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Էլհամ Շահինօղլու: Ատրպէյճան Ուրուկուայի մէջ դեսպանատուն չունի եւ երկու կառավարութիւնները ծանօթ չեն իրարու:
Ուրուկուէյ, նոյնիսկ Ատրպէյճանի հետ առեւտրային շրջանառութիւն ունեցող 160 երկիրներու ցանկին մէջ չէ:
Առանց դիւանագիտական ամուր կապերու կամ առեւտուրի` Պաքու չունի լծակներ, որոնց միջոցով կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել Ուրուկուայի վրայ:
«Աւելի՛ն. Մոնթեվիտէօ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ատրպէյճանի կարիքը չունի», կ՛ըսէ Շահինօղլու: Ան մտահոգ է այս տարակարծութեան առնչութեամբ Ուրուկուայի շարունակուող լռութեամբ: «Ասիկա կը նշանակէ, թէ Մոնթեվիտէօ իսկապէս կը քննարկէ հակաազրպէյճանական որոշ քայլեր», ըսաւ ան:
Արցախի անկախութեան ուրուկուէյեան որեւէ ճանաչում` «Կրնայ ճամբան հարթել Պաքուի հետ յարաբերութիւններ չունեցող որոշ փոքր երկիրներու, որպէսզի իրենք ալ նոյնը ընեն-, ըսաւ Շահինօղլու եւ աւելցուց «Անշուշտ այսպիսի երկիրներ բազմաթիւ պիտի չըլլան, բայց նոյնիսկ եթէ երեք – չորս երկիրներ այդ քայլը առնեն, ատիկա շատ ժխտական զարգացում մը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի համար»:

ՄԱՐԻԱՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
եւ ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ

«Եուրէյժիանեթ»

 

The post ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՃԱԿԱՏ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles