Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

  ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ… ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԷՆ

$
0
0

1

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունուար 7, 2015

«Մեզ համար անակնկալ չէ, բայց բացառիկ է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի այդ յայտարարութիւնը, որովհետեւ առաջին անգամ արտայայտուեց այնպիսի առաջադէմ ժողովրդավարական երկրի կողմից, ինչպիսին Ուրուկուայն է: Պաշտօնապէս յայտարարւում է մի տեսակէտ, որը վկայում է իշխող քաղաքական ուժերի դիրքորոշումը»:

Վահան Յովհաննիսեան (Սեպտեմբեր 2011)

 

Վերոյիշեալ հաստատումը, կատարուած էր վաղամեռիկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամին կողմէ, Հայաստան-Ուրուկուայ յարաբերութիւններուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին, որ կազմակերպուած էր այդ օրերուն, Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ուրուկուայ-Հայաստան խորհրդարանական խումբին կողմէ:

Արդարեւ, Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարը, անդրադառնալով Արցախի հիմնահարցին մասին, աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարած էր, թէ Արցախը պատմականօրէն Հայաստանի մասն է, եւ Ուրուկուայը լրջօրէն կ՛ուսումնասիրէ պետական որոշումով, համաձայնութիւն կայացնելու եւ ճանչնալու  Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Կիրակի, Յունուար 4, 2015-ին միեւնոյն արտայայտութիւնն է, որ կրկնեց Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօն,  նախարարութեան ներկայացուցիչներու եւ հայ համայնքի պատասխանատուներու միջեւ կատարուած հանդիպումէն ետք: Աւելին, այս առթիւ Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կոչ մը լոյս ընծայեց, միջազգային ընտանիքին դիմելով, պատշաճօրէն ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Տարածաշրջանէն ներս Հայ Դատի հետ առնչուող այլ աննախադէպ իրադարձութիւն մը պատահած էր, հազիւ ամիս մը առաջ, երբ Պոլիվիոյ մէջ, տեղւոյն խորհրդարանը, ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ մը որդեգրած էր:

Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց նախարարը Մայիս 2012-ին այցելած էր Հայաստան, իսկ խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքօն, Նոյեմբեր 2013-ին ժամանած էր Արցախ եւ երկար հանդիպումներու շարք մը ունեցած էր: Անցեալ Դեկտեմբերին, փոխ նախագահ Տանիլօ Ասթորի, իր կարգին ժամանած էր Հայաստան:

Վերջին տարիներուն, Ուրուկուայ իր վրայ կեդրոնացուցած է բոլորին ուշադրութիւնը, նոյնիսկ արեւմտեան աշխարհին՝ «Քորփըրէյթ Ուըրլտ»ին, նկատուելով ամենէն աւելի ազատամիտ եւ յառաջադէմ երկիրներէն մէկը, յանձին մեծ ժողովրդականութիւն վայելող լայնախոհ նախագահ Մուխիքայի (որուն պաշտօնը կ՛աւարտի յառաջիկայ Մարտ 1-ին), որ կը բնակի պարզ տնակի մը մէջ, կը գոհանայ ջնջին ամսականով մը, եւ մնացեալ գումարը կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներու:

Աշխարհագրական բաղդատութիւն մը կատարելով, հետաքրքրական է նշել, թէ Մուխիքայի եւ Ալմակրոյի ղեկավարած տափարակ երկրի ամենաբարձր գագաթը, հազիւ հինգ հարիւր մեթրը (շուրջ 1700 ոտք) կը գերազանցէ…բարձունք մը, որ լեռնային Արցախի ամենացած տարածքէն աւելի վար կարելի է նկատել:

…Սակայն, շնորհիւ այս ղեկավարներու գործունէութեան, անոնք եւ իրենց երկիրը կը մնան նոյնքան բարձր գագաթի վրայ, որքան լեռնային Արցախը:

The post   ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ… ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԷՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles