ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն կը գտնուի, շաբաթասկիզբին, տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:
Ուորլիքի հետ Ղուլեանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շրջանին մէջ վերջին արձանագրուած զարգացումներուն եւ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:
Աշոտ Ղուլեանի եւ Ֆրենք Փալոնի զրոյցին ընթացքին անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան եւ Արցախի խորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան ընդարձակման, տագնապի խաղաղ լուծման, Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցերու:
Փալոնի խնդրանքով Ղուլեան ներկայացուց Արցախի սահմաններուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող սադրանքներուն հետեւանքները, եւ այդ ծիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան անդամներուն` ղարաբաղեան ուղղաթիռի կործանումը դատապարտող յայտարարութիւններուն համար:
Միւս կողմէ, աշխատանքային այցելութեամբ Հռոմ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Դեկտեմբեր 1-ին Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մարդկային Իրաւանց պաշտպանութեան մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Լուիճի Մանքոնիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Իտալիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
The post ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՂՈՒԼԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.