Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 124¬ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ

$
0
0

p7
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Շաբաթ, Նոյեմբեր 8-ին, Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնում (Վուտսայտ ), երկու հարիւր հայորդիների ներկայութեամբ, տօնուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 124րդ տարեդարձը։
Օրուան բանախօսն էր, Քալիֆորնիայից հրաւիրուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան, նախկին Բիւրոյի անդամ եւ ներկայիս Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ՝ Վիգէն Յովսէփեանը։
Հանդիսութեան բացումը կատարուեց, Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի՝ «Մեր Հայրենիք»ի խմբական երգեցողութեամբ։ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի անունից բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ, հանդիսավար Արմէն Գաբրիէլեանը։ Ընկերը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ փոխանցեց որոշ մտածումներ, նա նշեց՝ «Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրների առջեւ։ Սփիւռքի մէջ, ամէն ջանք պէտք է թափենք, զօրացնելու համար մեր գաղութները եւ լծուելու Հայ Դատի մեր պահանջատիրութեան աշխատանքներին: Հայաստանի մէջ, որպէս քաղաքական կարեւոր ուժ, պէտք է վերաշինենք, մեր ժողովրդի վստահութիւնը, զօրացնելու համար մեր երկրի առաջընթացը, դէպի պայծառ ապագայ«։
p7dp7c

Ապա, Գաբրիէլեան բեմ հրաւիրեց Վիգէն Յովսէփեանը, իր խօսքը ասելու։ Յովսէփեան նշեց՝ »Կ°ուզէի ասել որ Հ.Յ. Դաշնակցութեան ծառայութիւնը ազգին ծառայել է նշանակում։ Քիչ առաջ որպէս կնքահայր առիթը ունեցայ, ներկայ գտնուել մի քանի երիտասարդների երդման արարողութեան, տղաքը երդուեցին, որ ի հարկին նաեւ կեանքի գծով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան դատին։ Այնտեղ իմ խօսքիս մէջ ըսի մեր աշխատանքը իրականութեան մէջ ծառայական աշխատանք է, որի մէջ կուսակցական նեղ նպատակներ կամ հատուածական շահեր գոյութիւն պիտի չունենան։ Պիտի հետապնդուին միայն մեր ժողովրդի շահերը։ Եթէ ակնարկ նետենք մեր ներկայ ազգային իրականութեան, Հայաստանէն սկսած, մինչեւ Միջին Արեւելք, մինչեւ այս ափերը, կը տեսնենք, որ ամէն տեղ դժուարութիւններ գոյութիւն ունեն եւ այդ բոլոր դժուարութիւնների վերացման համար մեծ եւ դժուար աշխատանք է պէտք։ Եթէ խօսինք Հայաստանի մասին, պէտք է տեսնենք, որ այնտեղ տնտեսական վիճակը այնպիսի է, որ ժողովուրդը բռնել է արտագաղթի ճամբան։ Արտագաղթողները, մէկ դժուարութիւնից ընկնում են մէկ ուրիշ դժուարութեան եւ անորոշութեան մէջ։ Գաղթել Ամերիկա կամ Եւրոպա այսինքն ընտրել ձուլման ճամբան»։
Յովսէփեան շարունակեց.- «Միջին Արեւելքի մեր ժողովրդի իրավիճակի մասին, որ դժբախտաբար լաւ չէ, մեր Սուրիոյ համայնքը մեծ դժուարութեան մէջ է։ Սուրիահայութիւնը պայմանների բերումով, գտնուել է այդ իրավիճակի մէջ։ Ես Քալիֆորնիայէն կու գամ։ Հոն ալ, վիճակը շատ փայլուն չէ: Այս բոլորը ինչ է նշանակում, ուրեմն ամէն ինչ վերջ, արդեօք պիտի ապագան այսպէս տխուր տեսնենք։ Ի հարկէ ոչ, մենք պիտի ընդունինք, որ մեր ժողովուրդն է յաւերժականը եւ Հայաստանն է համայն հայութեան հայրենիքը»։
Յովսէփեան բազմակողմանի վերլուծումներով, եզրակացրեց, որ համահայկական միասնական համագործակցութեամբ, կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները։ Ան միաժամանակ նշեց՝ «Հայը որտեղ որ լինի պէտք է ծառայի իր հայրենիքին, Հայաստանին թէկուզ Հայաստանում ծնուած չլինի։ Շատ կարեւոր է մեր ժողովրդի միասնականութիւնը, տեսնենք այդ միասնականութիւնը ինչպէս մէջտեղ կու գայ։ Միասնականութիւնը առաջադրութիւններով, Սփիւռք¬Հայաստան խորհրդաժողովներով չիրագործուիր, ազգային միասնականութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ կ՛իրականանայ։ Գաղափարախօսութիւն մը պիտի ըլլայ ակունքը մեր երազների։ Այդ երազն է, որ մեզ պիտի միացնէ, այդ երազի շուրջ է, որ պիտի մենք զինուորագրուինք, այդ երազին պէտք է որ մենք ծառայենք բոլորս, որովհետեւ այդ երազն է որ մեզ պահած է մինչեւ այսօր, որ մնացած ենք հայ, մնացած ենք ազգ, մնացած ենք քրիստոնեայ։ Սիրելի ներկաներ, եկէ՛ք այստեղէն դուրս գանք մէկ խոստումով, որ այս մեր իրավիճակը որքան ալ վատ,որքան ալ մարտահրաւէրներով լեցուն, պէտք չէ որ մեր գործունէութիւնները կասեցնէ եւ մեզ վհատեցնէ։ Պէտք է գտնենք ռազմավարութիւն մը, որ յաղթահարենք այս մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։ Ապրի՛ք դուք, ապրի հայ ազգը եւ ապրի Հայաստան աշխարհը»։p7ap7b
Բեմ հրաւիրուեց Առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանը, որ սեղանները օրհնէ եւ իր պատգամը փոխանցէ: «Յանուն Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշականի, կը շնորհաւորեմ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 124րդ տարեդարձը, անոր իրագործումների յաղթանակի եւ ինչպէս նաեւ մեր կեանքի ամբողջացման համար տարած աշխատանքները Այսօրուան թարմ երիտասարդների՝ Մարտոյի, Մկոյի եւ Կարէնի մուտքը Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը, ինքնին հաւաստիքն է, որ այս կուսակցութիւնը, իր աշխատանքը ունի իր գրաւչութիւնը ունի եւ երաշխիքն է ապագայի յաղթանակներին»։ Ապա, բեմ բարձրացաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան »Արմէն Գարօ« կոմիտէի հերթապահ ընկ. Վալոտ Աթախանեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ իր խօսքի մէջ նշեց՝ »ինչպէս նկատում էք, այս տարի սեղանները համարակալուած չեն, համարների փոխարէն, սեղանների վրայ, տեղադրուած են, ազգային հասարակական գործիչների հոգեւորականների, ֆետայիների պատկերները, ըստ որոնց իւրաքանչիւր հիւր, ըստ իր տոմսի վրայ նշուած անուան իր տեղն էր գրաւում։ Այս ձեւով մտածեցինք, մեր ժողովրդին եւ յատկապէս մեր ազգային, հոգեւորական, մարտական մեծերի հետ, դաշնակցական կամ ոչ-դաշնակցական անխտիր ինչպէս Արամ Մանուկեան, Խրիմեան Հայրիկ, Նիկոլ Դուման եւ վերջին շրջանում բազմաթիւ հերոսների՝ Արցախցի եւ Հայաստանցի«։ Ընկերը նշեց.- «Այսօր պիտի վաճառենք վիճակահանութեան տոմսեր, որի շահը պիտի տրամադրուի հերոսական Արցախին»։
Ան մանրամասն տեղեկութիւններ տուեց տոմսերի եւ վիճակահանութեան նուէրների մասին:
Ան յիշեց ծրագրուած ձեռնարկների թուականները եւ կոչ արեց բոլորին, որպէսզի ներկայ գտնուին եւ քաջալերեն այդ ձեռնարկները։ Պէտք է նշել որ սրահը զարդարուած էր ազգային¬յեղափոխական գործիչների պատկերներով։ Մուտքին, փակցուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեանի մեծադիր պատկերը։
Գառնիկ Սարգիսեանը եւ իր խումբը ազգային յեղափոխական երգերի շարքերով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին։ Խրախճանքը շարունակուեց մինչեւ ուշ գիշեր։ Պատրաստուած էր ճոխ ընթրիք։

The post ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 124¬ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles