Աւանդութիւն է Հալէպի Լոս Անճելըսաբնակ ճեմարանականներու տարեկան պարահանդէսը: Եւ նոյն աւանդութիւնը յարգողի ճշդապահութեամբ եւ նոյնքան ալ սքանչելի հաւատարմութեամբ
ներկայ եմ կնոջս ու մտերիմներուս հետ, իբրեւ սեղանակից:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, մեկնելով կեանքի տիեզերական զաւեշտէն ու »մեծերու« քաղաքական խորհրդաւոր խաղերէն, շատեր կը կարծէին, որ Հալէպը ներկայիս կանգնած էր անյայտի մէջ, հիւանդ պառաւի նման, որովհետեւ արաբական գարունը եկած էր եւ սակայն նոյն այս գարունը »ուրիշ բան« ըլլալով իր հետ միայն դժբախտութիւն բերած էր:
Հաստատապէս իր նոր գրուելիք պատմութեան գիրքը տխուր պիտի ըլլայ եւ մանաւանդ լեցուն՝ աղմկալից անէծքներով: Բայց աւելցնեմ, նաեւ որ աշխարհի ստեղծումէն ի վեր, մարդկային բոլոր վէպերը միշտ նոյնն են եղած, իւրաքանչիւր ապրող անհատի, ազգի, ժողովուրդի համար: Ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ: Թերեւս իրենց միջեւ միակ տարբերութիւնը՝ իրենց հատորներուն էջադրումը եղած էր: Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց է:
Մեծ սեղանի մը շուրջ բոլորուած ենք: Նստած ենք ջերմ եւ հարազատ: Բազմաձայն աղմուկով ալեկոծ սրահը Ճեմարան եւ աւելի ճիշդ Հալէպ-Սուրիա »կը հոտէր«: Բոլորս ալ նոյն ատեն եւ միասին կը խօսէնք կարօտով, նոյնքան ալ կը խնդայինք, կարօտով կը վերյիշէինք ու կը պատմէինք երկար ու բարձրաձայն կը կատակէինք եւ ապա կրկին ու կրկին անգամներ անհատնում եւ առատ կենացներ կը նուիրէինք Հալէպին եւ Ճեմարանին:
Ու հաւատացէ՛ք, ինչպէս միշտ այդ երեկոյ ալ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ աշխարհ մը կշտաց-նելու չափ բաւարար սէր ունէր հանդէպ իր այդ տառապեալ ծննդավայրին ու իր Ճեմարանին: Նոյնիսկ շատերուս մօտ տակաւին այս երկուքին հողին ու տեսքին ջերմութիւնը մնացած էր կարօտով:
Ահա թէ ինչու սրահի մթնոլորտին մէջ միշտ կը սաւառնէր հազարաձայն հեւքով մեր այդ քաղա-քին տաք ու փնտռուած կարօտը: Հեքեաթային երազանքներ:
Հալէպ եւ Ճեմարան դուք, շօշափելի, իրական եւ մշտանորոգ ու յատկապէս հեռուն մնացած երանելի իրողութիւններ:
Ու հիմա պարահանդէս: Անունով միայն: Հոս են, գրեթէ բոլորը, հին ու նոր շրջանաւարտները, իրենց ամուսիններով, տիկիններով, ընկեր ընկերուհիներով, ոտքի կամ նստած, որո՞ւ հոգը. էականը խօսիլն է, արատայայտուիլը, մայր գաղութէն նոր լուրեր ստանալը, հոգին ջերմացնելու միտող բառերով:
Սովորական պարահանդէս մը չէր, այս մէկը: Խորքին մէջ հաւաք մը՝ ծրագրուած եւ գեղեցիկ: Մեր մտահոգ խօսակցութիւններուն գլխաւոր կորիզը մեր այդ տառապող քաղաքն էր: Պարելէն աւելի ներկաներու բերնէն արտասանուած նախադասութիւններն էին, որոնք կը լեցնէին բոլորիս ականջները:
Բեմէն, իբրեւ ահազանգ կրկնուեցաւ, թէ դժբախտաբար մեր հին քաղաքին մէջ տակաւին պղտորած կը մնար հոսքը հայ կեանքին եւ նոյնիսկ դժուար էր բացատրել անոր դաշտանկարը: Հոն, տակաւին տեսանելի էր դժբախտութեան խորութիւնը: Ուստի հաշտուելով իրականութեան հետ պետք էր զոհաբերել:
Այս օրերուն ո՞վ չէր գիտեր, թէ հոն հայ ըլլալը մեծ ճիգ կը պահանջէր: Հաւատք եւ գերագոյն զոհաբերութիւն: Այս մէկը կատակ չէր: Պատիւ այդ գաղութին:
Ու ինքնաբերաբար բոլորիս յիշատակները կարծես երազի թեւեր առած ըլլային: Մեր միտքերը անղեկ նաւակի նման սկսած էին երերալ մօտիկ եւ կամ հեռու մեր անցեալի ալիքներուն վրայ: Հաստատապէս մտովի հոն էինք: Բոլորով: Արդէն վերադարձած էինք դէպի մեզ: Հոն էինք մեր երիտասարդ կամ պատանի տարիքի խառնակ յոյսերով, շփոթ եւ կամ առողջ միտքերով եւ ուրիշ բանով՝ որուն անունը կարօտ էր:
Տարիներու հեռաւորութենէն դարձեալ նոյն այդ կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով սեղանակից-ներով միասին կը յիշէինք մեր ծննդավայրը իր մանրամասնութիւններով: Ան մեր սրտին մէջ էր, կարծես ըլլար ծփացող յիշատակներու ովկիանոս մը:
Ճեմարանը քանդուած է. շեշտուեցաւ: Տխուր ու նոյնքան ալ վշտալի:
Լսած էինք, որ Քառասուն Մանուկ եկեղեցին մնացած էր անաղօթք եւ իր կարգին Նոր Գիւղն ալ մահ կը շնչէր ամէն օր: Իմացած էինք, որ մեր հոն ապրող ու կեանքի գնով պայքարող հարազատ-ներուն աղօթքները պառկած էին փլատակներու տակ: Սարսափը տիրած էր ամէն բանի վրայ: Համայն քաղաքի մարդոց՝ լքած էին կեանքն ու մահը: Այնպէս կÿերեւէր, թէ մեր բոլոր սրբազան առաքեալները ռումբերու տակ մահացած էին:
Կը զգայի, որ տակաւին սրտիս մէջ կար կորսուածի մը կանչը ու այդ անուշ աղմուկին մէջ յամա-ռօրէն կը փորձէի քալել օրերուս շարանով, յաղթանակիս եւ պարտութեանս հետ:
Մինակս չեմ: Բոլորս ալ յիշողութեան նոյն աւազանին մէջ ենք: Միասին կը լողանք մտովի: Ու նման ահաւոր տեսիլքներու դիմաց՝ հաստատապէս երբ տակն ու վրայ եղած էր անցեալս եւ բոլորիս անցեալը, տակաւին ինքզինքս լաւ կը զգամ, որովհետեւ հակառակ այս մեծ աղէտին տակաւին մեր մայր գաղութը կը մնար համբուրելի արժէքներու տէր գաղութ մը: Նախանձելի, նոյնքան ալ օրինակելի: Հպարտանք առթող կառոյց եւ հաւաքականութիւն: Յոյս, լաւատեսութիւն, հաւատք եւ անմեղ ցանկութիւն թէեւ ցնդած ըլլալ կը թուէին, սակայն կարծես իրենց վերածնուն-դը կÿապրէին կամաց կամաց մեր վճառակամ որոշումներով:
Արդ, մենք ինչո՞վ բախտաւոր ենք, երբ նոյնիսկ արդարութեսան դաշտը լուռ էր: Կը մտածէի երբեմն անձայն եւ յաճախ ալ բարձրաձայն:
Ահա կեանքին հեգնանքը:
Ուշ գիշերին տուն կը վերադառնամ: Կը մտնեմ սենեակս՝ յոգնած ու մտածկոտ: Սրահէն մեկնած էի վարձքը հատուցած ուխտաւորի մը հանգստութեամբ: Միւս կողմէ սակայն սենեակիս մէջ այս ուշ գիշերին, տակաւին Հալէպն էր, որ կÿապրէր, այն նոյն բոլորիս Հալէպը, որ վանդակի մը մէջ բանտուած սիրուն թռչնակի մը կը նմանէր, ուր ամէն օր իր վրայ արիւնահոտ զեփիւռը կը փչէր, պաշտելու աստիճան կը սիրէի:
Հալէպ: Ամէն օր կը դիտեմ քեզ: Կը հետեւիմ լուրերուդ, խօսնակներուն շրթներէն կախուած, մտահոգ աչքերուս, հոսանքէն քշուած լողորդի նման, յաճախ լռութեան եւ ձայնին տակ, մոռա-ցութեան եւ կարօտի արցունքներով:
Կը դիտեմ քեզ երազներուս նկարներով: Գեղեցիկ եւ տգեղ յուշերով եւ նախկիններու պատմու-թիւններով: Ու յանկարծ կը վախնամ մինակութեանս խճողումէն եւ խճողումի մինակութենէն: Ու միտքս կը լեցուի եւ հոգիս կը ջերմանայ:
Սէրը կեանքի պայքարն է ու զոհաբերութիւնը, կը կրկնեմ: Համակրանքի, պարտակատարութեան, նուիրումի ու զոհողութեան բոլոր գործերը սէրէն կը ծնին:
Սիրել, ապրիլ, տառապիլ… ահա ամբողջութիւնը մեր կեանքին: Ասոնք սորված էինք այդ քաղաքին մէջ:
Հալէպ, պատմութեանդ մռայլ հրապարակներուն վրայ, երբ տակաւին կը շարունակուին »աստուածներու« կատակը, երբ տակաւին ատելութիւն, ջարդ, աւերակ կանգ չեն առած, երբ ամէն օր փլող կեանքեր կան. դուն կը պայքարիս հայ կեանքի ապերախտ պայմաններու դէմ՝ ճակատաբաց: Ահա մեր սիրտն ու հոգին ջերմացնող գաղտնի դեղատոմսը, որմէ շատ մը ազգեր զրկուած են:
The post ՄԻՇՏ ՅԻՇԵԼՈՎ ՀԱԼԷՊԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.