Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

$
0
0

p14bis

Նոյեմբեր 24-25-ին, Աթէնքի մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հիւրընկալութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն՝ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Ոչ-քաղկեդոնական Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովը:
Յունաստանի հիւսիսային Քոմոթինի քաղաքին մէջ, Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ պատմական հանդիպումին ընթացքին, Սեպտեմբեր 23-ին, երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին շուրջ երեք տասնամեակներ սկսած աստուածաբանական երկխօսութեան վերաշխուժացումը Ուղղափառ Եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն միջեւ:
Սոյն ժողովը, որուն Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Սուրբ Աթոռներով մասնակցեցաւ՝ յանուն Սուրբ Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ խորհրդակցական ձայնով Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, նպատակ ունէր քննարկել 1990-ին որդեգրուած քրիստոսաբանական համաձայնագրին վերաբերող կարգ մը առկայ հարցերը, զեկոյցներ տալ վերջին քսան տարիներու ընթացքին տարուած աշխատանքներուն մասին եւ պատրաստել երկխօսութեան յանձնախումբի յառաջիկայ ժողովին օրակարգը:
Նիստերու աւարտին, ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ շեշտեց երկխօսութեան յանձնախումբին եւ ենթայանձնախումբերու աշխատանքներուն շարունակութեան կարեւորութիւնը՝ լուսաբանելու կարգ մը եկեղեցիներու կողմէ ներկայացուած հարցերը: Ժողովը մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս տիրող ներկայ վիճակի մասին:

The post ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles