Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

  «1915Ի ԿԻՆԵՐ» ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

$
0
0

p8-9 ad  ՖԷՐՖԻԼՏ, ՔԸՆԷԹԻՔԷԹ.- Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Շրջանէն ներս, զանազան մասնաճիւղեր կը կազմակերպեն ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է դրամահաւաք կատարել, օժանդակելու Պարէտ Մարոնեանի «1915ի Կիներ» («Women of 1915»)  վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան։

Առաջին հերթին, Քընէթիքէթի Հ.Օ.Մ.ի «Սուզան Թէրզեանե (Ֆէրֆիլտ) մասնաճիւղի ատենապետուհի, Ընկհ. Սոնիա Կիւլպէնկի  ջանքերով տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ Քընէթիքէթի մէջ ցուցադրելու Պարէտ Մարոնեանի արդէն իսկ պատրաստած «Ցեղասպանութեան Որբեր» («Orphans of the Genocide») վաւերագրականը, ինչպէս նաեւ նմոյշներ «1915ի Կիներ» գալիք վաւերագրական ժապաւէնէն։p8-9 conn bared hoto-9

Առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ի երեկոյեան ժամը 7ին, Հարաւային Քընէթիքէթի պետական համալսարանէն ներս, հովանաւորութեամբ Փիլիսոփայութեան բաժնին, եւ աջակցութեամբ սոյն բաժնի նախագահ՝ Փրոֆ. Արմէն Մարսուպեանի։

Հարաւային Քընէթիքէթի Պետական Համալսարանի տնօրէն՝ Դոկտ. Մէյրի Փափազեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց Պարէտ Մարոնեանը: Ձեռնարկը շատ յաջող ընթացաւ ու բարձր գնահատուեցաւ հայ գաղութիւն կողմէ, ինչպէս նաեւ համալսարանի աշակերտներուն ու անձնակազմին կողմէ։

Փրոֆ. Արմէն Մարսուպեան Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով դասախօսական հանդիպում մը ձեռնարկեց Սեպտեմբեր 10ի կէսօրէ ետքը, միեւնոյն համալսարանէն ներս։

p8-9 conn bared IMG_5855  Յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին, Փրոֆ. Արմէն Մարսուպեանի հետեւողական աշխատանքով, հանդիպում մը եւս կատարուեցաւ շրջանի Սուրբ Ստեփանոս Առաքելական Եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթէյն) մէջ, ցուցադրելու «Ցեղասպանութեան Որբեր» վաւերագրականը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13ին, Էտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեան սիրայօժար հիւրընկալեցին ընթրիքի հաւաք մը՝ իրենց բնակարանին (Փաունտ Րիճ, Նիւ Եորք) մէջ, ուր Պարէտ Մարոնեան ջերմ ու հաճելի մթնոլորտի մէջ ներկայացուց իր վաւերագրական ժապաւէնները։ Տէր եւ Տիկին Կիւլպէնկեաններ, գերզգացուած եւ տպաւորուած Մարոնեանի գործերէն, խոստացան նուիրել 15 հազար տոլար, ,1915ի Կիներե վաւերագրական ժապաւէնին պատրաստութեան համար։

Կիւլպէնկեաններու հիւրասիրութիւնն ու առատաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատուեցան ներկաներէն. Յաւելեալ նուիրատուութիւններ ներկաներէն սոյն նախաձեռնութեան համար օրուան ընհդանուր ներդրումը հասցուցին 17 հազար տոլարի։p8-9 conn bared Gulbenkian House p8-9 conn President of the University, Professor Mary Papazian

Սեպտեմբեր 19, եւ 20ին, Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Շրջանի Նիւ Եորքի «Մայրե եւ «Էրեբունիե մասնաճիւղերը, իրենց կարգին կազմակերպեցին ձեռնարկներ:

Սեպտեմբեր 19ին կատարուեցաւ հաւաք հիւրընկալութեամբ՝ Վերճինիա Տէյվիսի եւ Ուիլլըրտ Թէյլըրի իրենց տան մէջ, իսկ Սեպտեմբեր 20ին՝ Սէնտի եւ Նարինէ Փեթրոփաուլօսի բնակարանէն (Նիւ Եորք) ներս։

Տիկին Տէյվիս, իր բարի գալուստի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանքներու Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Թալին Տաղլեանին, իր կատարած ներդրումին, ինչպէս նաեւ «Մայր» եւ  «Էրեբունի» մասնաճիւղերու անսակարկ նուիրումին համար։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իր կապը Հայ Օգնութեան Միութեան հետ կու գայ երկար տարիներէ, նշելով թէ իր մեծ մայրը եղած է Հ.Օ.Մ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն մէկը։p8-9 ny bared GetAttachment (1)

Ան պարգեւատրեց Տաղլեանը առ ի գնահատանք անոր աջակցութեան, նուիրելով Ռապըրթ Հիւսընի ,Հայաստան, Պատմական Ատլասե գիրքը։ Փոխադարձ՝ Թալին Տաղլեան, Հ.Օ.Մ.ի Նիւ Եորքի ,Մայր» եւ ,Էրեբունի» մասնաճիւղերուն կողմէ նուիրեց Հրայր «Բազէ« Խաչերեանի լոյս տեսած նոր ալպոմը՝ «Մէկ Եկեղեցի, Մէկ Ազգ»:
p8-9 conn Director of the Philosophy Department, Professor Armen Marsoobian  Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան,  Տիկ. Տէյվիսին նուիրեց շրջանակուած Խաչ մը։  Ապա, Տաղլեան հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը՝ ,Մայր» մասնաճիւղի անդամ Անահիտ Ուղուրլայեանը, փոխանցելու օրուան պատգամը։ Ուղուրլայեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ ձեւով ներկայացուց Հ.Օ.Մ.ի առաքելութիւնը, եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ տարած իր աշխատանքները որպէս անկախ, ոչկառավարական եւ ոչդաւանական մարդասիրական կազմակերպութիւն։ Ապա, ան հրաւիրեց Արժանապատիւ Տէր Հայր Լագիսեանը բացման աղօթքը կատարելու։

Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան շրջանի Նիւ Եորքի «Մայր» եւ «Էրեբունի» մասնաճիւղերուն, եւ նշեց, թէ Հ.Օ.Մ.ը իր սիրած բարեգործական կազմակերպութիւնն է։ Ան շարունակեց յայտնելով թէ, իր նման, Պարէտ Մարոնեան եւս ծնած է Այնճար (Լիբանան) եւ այնքան ուրախ է, որ 25 տարիներ ետք այս առիթով վերստին հանդիպած են։ Ան շնորհաւորեց Պարոն Մարոնեանի աշխատանքը այս վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեանհամար ու յարատեւ վերելք մաղթեց Հայ Օգնութեան Միութեան։ Ապա, Ուղուրլայեան ներկայացուց Ճանսըն Կարէթը (թուային լրատուամիջոցներու գործադիր ու համացանցի գործարար) եւ ծոռը՝ Քլիվլընտ Հ. Տաճի, որ առաջին տնօրէնն էր «Նիր Իսթ» Հաստատութեան (Near East Foundation), նախապէս ճանչցուած՝ որպէս «Ամերիկեան յանձնախումբ Սուրիոյ եւ Հայութեան Օգնութեան»։ «Նիր Իսթ» Հաստատութիւնը հիմնուած է 1915ի, Օսմանեան Կայսրութեան գործած զանգուածային անմարդկային արարքներուն ճգնաժամային օրերուն։

Մարոնեանի ,1915ի Կիներե վաւերագրական ժապաւէնը պիտի անդրադառնայ «Նիր Իսթ» Հաստատութեան աշխատանքներուն։ Այս առթիւ, Կարէթ անդրադարձաւ այն Հայ եւ ոչ Հայ գթասիրտ կիներուն, որոնք առաջնահերթ դեր խաղացին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, եւ այն գերմարդկային ուժով օժտուած հայ կիներուն՝ որոնք ոչ միայն ընտանիք պահեցին, այլ նաեւ սնանեցին ու պահպանեցին հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարոնեանին որ իր աշխատանքով արժանի տուրք կը մատուցէ այդ Կանանց՝ որոնք մեծ դեր ունեցան Հայ Ժողովուրդի պատմութեան ամենադաժան օրերուն։ Ան նաեւ յիշեց «Նիր Իսթ» Հաստատութեան 2015ի դաստիարակչական աշխատանքներու նախաձեռնութիւնը՝ նուիրուած  Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։p8-9 ny bared GetAttachment (3)

Կարէթի խօսքէն ետք, մրցանակակիր երգչուհի եւ երգահան՝ Յուշեր երգեց յուզիչ մեղեդիներ, որոնցմէ մի քանին օգտագործուած են Պարէտ Մարոնեանի նախորդ վաւերագրականին մէջ: Յուշեր Պզտիկեան ներկայացաւ Սեպտեմբեր 20ի երեկոյեան եւս ու շնորհակալութիւն յայտնեց Պարէտ Մարոնեանին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան այս առիթին համար, որ ինք եւս, իր կարգին, իր ներդրումը կÿունենայ դրամահաւաքի ձեռնարկին։

Ապա, Պարէտ Մարոնեան ցուցադրեց հատուածներ «Ցեղասպանութեան Որբեր» ժապաւէնէն, ու բացատրեց թէ ինչպէս այս վաւերագրականը ներշնչած է իր ներկայ «1915ի Կիներե վաւերագրական ֆիլմի պատրաստութեան։ Ըստ անոր, «1915ի Կիներ» վաւերագրական ժապաւէնը երկու ծալք ունի.

Առաջինը՝ Լոյսի տակ առնել քիչ ճանչցուած, սակայն նոյնքան ացդեցութիւն ունեցող նկարագրութիւններ, այն մարդասիրական օգնութիւններուն՝ որոնք հայ կամ ոչ հայ կանանց միջոցով հասան, Ամերիկայէն, Գանատայէն, եւ Եւրոպայէն….

p8-9 ny bared GetAttachment (4)Երկրորդը՝ Կարեւորութեամբ նշել այն հայ կանանց ազդու դերը՝ իրենց ընտանիքներէն ու գաղութներէն ներս, քաջութեամբ ու վճռակամութեամբ կազդուրուած ի գին ամէն ինչի փրկելու իրենց երեխաները ու մեր քրիստոնէական հաւատքը  բռնի իսլամացման դէմ։

Ան ցոյց տուաւ յայտնի դէմքեր որոնք տեղ պիտի գտնեն իր ապագայ ծրագրին «1915ի Կիներ» ժապաւէնին մէջ։

Մարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու Հայ Օգնութեան Միութեան՝ իր այս ժապաւէնի հովանաւորութեան համար։

Սեպտեմբեր 20ի դրամահաւաքի ձեռնարկը նոյն բնոյթը ունէր: Բարի գալուստի խօսքը տուաւ օրուան հիւրընկալ ընտանիքի անունով՝ Սանտի Փեթրոփաուլօս, որ ողջունեց ներկաները ու իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց իր զոքանջին՝ Յասմիկ Կուլեանին ունեցած դերը, իր կեանքին մէջ ճանչնալու  հայ մշակոյթի պատմութեան։

Սուրբ Սարգիս Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ, Տէր Նարեկ Քահանայ Թռթռեան, խօսեցաւ Հ.Օ.Մ.ի առաքելութեան ու ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին։ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պարէտ Մարոնեանին իր նուիրումին ու մասնագիտական աշխատանքին համար։ Ան քաջալերեց ներկաները առատաձեռնօրէն աջակցելու  այս նախագիծի իրականացման։p8-9 Scene fro the public screening at the Adante Student Center Theatre

Երեկոն շարունակուեցաւ Յուշեր Պզտիկեանի երգեցողութեամբ ու Մարոնեանի ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։ Այդ զոյգ ձեռնարկներէն, կարելի եղաւ հաւաքել 16 հազար տոլար։ Նշենք թէ բոլոր նուիրատուներու անունները պիտի արձանագրուին «1915ի Կիներ» վաւերագրական ժապաւէնի աւարտին։

Բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին իրենց նուիրատուութիւնները կատարել «1915ի Կիներ» ժապաւէնին պատրաստութեան կրնան համացանցի ճամբով այցելել www.arseastusa.org/donate, կամ  նուիրատուութիւններ յղել Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու  Հ.Օ.Մ.ին (ARS of Eastern USA, 80 Bigelow Avenue, Suite 200, Watertown, MA 02472), վճարագրին վրայ նշելով. ARS of Eastern USA (Women of 1915) :

The post   «1915Ի ԿԻՆԵՐ» ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles