Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԵՐԵՒԱՆԻ 2796-ԱՄԵԱԿ

$
0
0

p1new Կիրակի, Հոկտեմբեր 12-ին, “Էրեբունի-Երեւան 2796» տօնակատարութեան ձեռնարկներու շարքին Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութենէն ետք քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան տօնական շքերթի շուրջ 25 հազար մասնակիցներու ընկերակցութեամբ հանդիսաւոր քայլերթով ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Շքերթին իրենց կատարումներով հանդէս եկան պարային եւ մարզամշակութային խումբեր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ընկերակցութեամբ ներկայ էր մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտայի` Նալպանտեան-Հանրապետութեան փողոցներուն միջեւ գտնուող այգիի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:

Այցելութիւն կատարուեցաւ նաեւ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի յարակից տարածքը` դիտելու “Երեք ժամանակներ» լուսանկարչական տաղաւարները, Ազատութեան հրապարակին մէջ` “Երեւանեան շուրջպար» ազգային պարերը, Հիւսիսային պողոտային մէջ` զրուցելու տօնը նշող երեւանցիներուն հետ:

The post ԵՐԵՒԱՆԻ 2796-ԱՄԵԱԿ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles