Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՓԱԿ ՍԱՀՄԱՆ…ԲԱՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

$
0
0

khemp

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Հոկտեմբեր 14, 2014

Խմբագրական

 

Շաբաթներէ ի վեր, աշխարհի կիզակէտն է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին միջեւ գտնուող քրտական գիւղ մը: Անապատային  կրկներեւոյթ մը՝ միրաժ մը չէ Քոպանին, որ նոյնիսկ մոռցնել տուած է հայորդիին թէ, այդ փոքր հողաշերտը Արաբունարն է, որու գաղութը յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ տարագրութենէն ետք ունեցած է բեղուն գործունէութիւն եւ ցայսօր ծագումով քանի մը հայ ընտանիքներ կը բնակին հոն եւ հաւանաբար անցած են Թուրքիոյ սահմանը…անգամ մը եւս գաղթական:

Ահաւասիկ այս կորսուած եւ անկարեւոր նկատուած քաղաքը, որ այսօր ռազմական մեծ կարեւորութիւն ստացած է, դառնալով կռուախնձոր:

Սահմանամերձ քաղաք մը, որ վայրկեան մը մէկդի դնելով Իսլամական Պետութիւն ընդդէմ Արեւմտեան Ուժեր ճակատումը, կրնայ արհաւիրքը դառնալ Թուրքիոյ, ուր արդէն իսկ խլրտումները հասած են իրենց գագաթին, այնքան մը որ թրքական օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ ռմբակոծած են Իրաքեան սահմանի Կորճայքի նահանգին մօտ գտնուող Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան պատկանող դիրքեր:

Իւրայատուկ է կացութիւնը շրջանէն ներս: Սահմանը կը մնայ փակ…սակայն պատերազմը՝ բաց:

Անգարայի մէջ, Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ օդային միջամտութիւններու կողքին, Սպիտակ Տան ներկայացուցիչներ տեսակցեցան թրքական բանակի ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար Իսլամական Պետութեան ուժերուն դէմ պայքարը: Ուաշինկթըն յստակօրէն հաստատեց թէ, լաւագոյն օժանդակութիւնը, որ Թուրքիա ամերիկեան օդուժին կրնայ տրամադրել, մօտակայ Ինճիրլիքի զինուորական օդակայանի գործածութեան արտօնութիւնն է:

Յստակ է թէ անմիջական քայլերու կարիք կայ, սակայն խոր է տարակարծութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ: Սպիտակ Տան համար յստակ է թէ առ այժմ Պաշար Ասատի ղեկավարութեան դէմ պայքարը անտեղի է, նկատի ունենալով Իսլամական Պետութեան ստեղծած լուրջ եւ մահազդու վտանգը: Այսպէս, եթէ նախագահ Պարաք Օպամայի համար մին՝ թոքախտ է, իսկ միւսը՝ այս օրերուն կեանքեր խլող »էպոլա« համաճարակ, Էրտողանի համար երկու հակամարտութիւններն ալ համահաւասար են՝ ժանտախտ կամ »քոլերա«:

Մինչ այդ, հետաքրքրական է անդրադառնալ Ասատի ղեկավարութեան որդեգրած դիրքորոշումին: Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մուալէմ, Արեւմտեան ուժերու միջամտութեան նախօրեակին յայտարարած էր թէ Սուրիա պիտի չարտօնէ որեւէ միջամտութիւն, այլ երկիրներու կողմէ: Շաբաթներ ետք, երբ օրական դրութեամբ բազմիցս ռմբակոծումներ կը կատարուին, Դամասկոս պաշտօնական յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ առնուած որոշում մըն է կատարուածը եւ Սուրիա իբրեւ լիիրաւ անդամ..կ՛ենթարկուի այդ որոշումներուն:

Յստակ է թէ, Արեւմտեան ուժերու կատարածը…այն ինչն է որ Պաշար Ասատի ղեկավարութիւնը կը կատարէր:

Այս բարդ կացութեան դիմաց, շատ աւելի ծիծաղելի եւ խակ է մէջբերել Էրտողանի մէկ հաստատումը թէ, Թուրքիա պատրաստ է ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերելու, եթէ Արեւմուտքը միեւնոյն թափով հարուածէ թէ՛ Իսլամական Պետութիւնը եւ թէ՛ Ասատի ղեկավարութիւնը:

Մինչ այդ »Ձայն բարբառոյ յանապատի«…Սահմանը փակ է, իսկ պատերազմը՝ բաց: Նաեւ, սահամանափակ կը մնայ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը:

The post ՓԱԿ ՍԱՀՄԱՆ…ԲԱՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles