ՄԻՆՍՔ.- Հոկտեմբեր 10ին, Պելառուսիոյ մայրաքաղաք՝ Մինսքի մէջ, Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ընթացքին նախագահ Սարգսեան ստորագրեց Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան պայմանագիրը:
Այսպէս, Հայաստան Յունուար 1, 2015-էն սկսեալ պիտի դառնայ Միութեան լիարժէք անդամ:
Նախապէս՝ Մայիս 29ին, Ասթանայի մէջ, Ռուսաստանի, Պելառուսի եւ Ղազախստանի նախագահները ստորագրած էին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մասին պայմանագիրը:
The post ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.