Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ոչ Եւս Է Հայ Դատի Պաշտպան Լէանտրօ Տեսփուին

$
0
0

ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.-  Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, մահացաւ արժանթինցի իրաւագէտ եւ մարդկային իրաւունքներու ռահվիրայ Լէանտրօ Տեսփուին (72 տարեկան):

Տեսփուի ներդրում ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքին` 1985-ին Մ.Ա.Կ.-ի ենթայանձնախումբի պատմական որոշումին մէջ, Էրիքա Տայէսի, Լուի Ժոանեթի, Թէօ Ֆան Պովենի եւ ուրիշներու կողքին: Տասնամեակներ շարունակ ան մնաց հայ ժողովուրդի ճակատագիրին ու նորագոյն պատմութեան ուղեկից` ըլլալով նաեւ հաւատարիմ գաղափարի ընկեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles