Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Մեր Մուկերն Ու Գաղութի Մուկերը

$
0
0
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ու տակա­ւին մտքիս մէջ թարմ է, թէ ինչպէս այդ օր, պարզ երե­կոյ էր ու ես սե­նեակս, սե­ղանիս կող­քին նստած, խոր ըն­թերցու­մով զբա­ղած պա­հուս, յան­կարծ նոյ­նիսկ մեր քո­վի դրա­ցիներու ականջ­նե­րը խլաց­նե­լու աս­տի­ճան կնոջս պոռչտու­քը լսե­ցի, որ կու գար խո­հա­նո­ցէն:
– Ո՞ւր ես. մա՛րդ, շուտ հա­սի՛ր, եկո՛ւր, հի­մա կար­դալ-գրե­լու ժա­մա­նա՞կն է…:
Եւ ի տես այս անօ­րինակ ու ան­ժա­մանակ տագ­նա­պին, դար­ձեալ միտքս լե­ցուե­ցաւ վա­խով մը, որ կար­ծես կը կրծէր էու­թիւնս։ Ես բախ­տա­գու­շակ մը չէի ու չեմ, որ գիտ­նամ ին­չե՜ր կը կա­տարուէին մեր խո­հանո­ցէն ներս։ Բայց վայրկեանին բա­ւական «ծուռ» բա­ներ ան­ցան մտքովս։ Վա­զելով հա­սայ իր մօտ։
– Տե՛ս, ըսաւ սար­սա­փած աչ­քե­րով, տե՛ս, ա՛յս էր պա­կաս…, սառ­նա­րանին տա­կէն ջուր կը վա­զէ… ի՞նչ կե­ցած ես, բան մը ըրէ…՛:
Բա­ռերը հրա­հան­գի մը ծան­րութիւ­նը ու­նէին։ Մէկ խօս­քով կտրուկ հրա­հանգ։ Նո­րու­թիւն մը չէր։ Բայց կար­ծես այս ան­գամ ձայ­նին մէջ քիչ մըն ալ յու­զում խառ­նուած ըլ­լար։ Թե­րեւս վա­խէն ալ էր։ Վեր­ջա­պէս այդ բո­լորը անբնա­կան կա­ցու­թեան մը ծնունդն էին։ Ան­կասկած։
Վայրկեանին, չէի գի­տեր ի՞նչ ընել։ Ես ալ շուարած էի: Աւե­լի ճիշդ իր պոռչտու­քէն ծնունդ առած վա­խէս՝ շուարած էի: Իս­կա­պէս, որ նախ կար­ծե­ցի ծանր «բան մը» պա­տահած էր, սանկ խո­հանո­ցին մէջ դա­նակը սխալ­մամբ մա­տը… կամ ասոր նման վտան­գա­ւոր եւ մտա­հոգիչ «բա­ներ»: Մարդ ես, միտքդ հա­զար «տեղ» կ՚եր­թայ:
Իսկ հի­մա, որ ճիշդ իր քի­թին «տակն» էի, տե­սայ զինք… փառք Աս­տուծոյ, բան մը չու­նէր։ Ո՛չ արիւն եւ ոչ ալ «մա­րիւն»։ Միայն սառ­նա­րանի տա­կէն հո­սող ջու­րը սկսած էր խո­հանո­ցի քա­րերն ալ թրջել։ Ճիշդ այս ջու­րին պատ­ճա­ռով էր, որ մեր տան մէջ կեանք ըսուածը իր կշռոյ­թը կորսնցու­ցած էր։ Ու ինչ մեղքս պա­հեմ, կը կար­ծէի որ թոռ­նե­րէս մէ­կուն «գոր­ծե­րէն» էր…։
– Քա մա՛րդ, ճօ­ճու­խը ինչպէ՞ս սառ­նա­րանին տակ պի­տի մտնէ…շու­տով հա­կադար­ձած էր կինս, իր թոռ­նե­րը «սրբաց­նող» մեծ մօր մը «փաս­տա­բանու­թեամբ»։
Նա­յեցայ չորս կողմս ու քիչ մը ու­նե­ցած խելքս «աշ­խատցնե­լով», ան­մի­ջապէս սառ­նա­րան ջուր հասցնող խո­ղավա­կին հոս­քը փա­կեցի։
Հաս­տա­տօրէն, ստեղ­ծուած սար­սա­փը մնաց ետեւ ու խա­ղաղու­թիւնը կրկին ան­գամ տի­րեց:
Իսկ հի­մա. աս­կէ ետք ի՞նչ պէտք էր, որ ընէինք։ Անօ­րինակ տե­սարան։ Բա­րեբախ­տա­բար կինս ինձմէ աւե­լի ար­թուն դուրս գա­լով, հե­ռաձայ­նով դի­մած էր սառ­նա­րանը նո­րոգո­ղին։ Ապա քա­նի մը վայրկեան ետք, ին­ծի դառ­նա­լով եւ բա­ւական հան­դարտ ձայ­նով ըսաւ.
– Վա­ղը առ­տու, Յով­սէ­փը՝ սառ­նա­րան նո­րոգո­ղը պի­տի գայ եւ շի­նէ։
Այդ երե­կոյ պաղ ջու­րէն զրկուե­ցանք։ Հոգս չէր, կ՚ըսէի մտո­վի, ինչպէս, որ ըլ­լայ գի­շեր մըն է…։ Յա­ջորդ առա­ւօտ Յով­սէփ «փրկի­չը» եկաւ։ Քննեց, ապա հան­դարտօ­րէն բա­ցատ­րեց, ըսե­լով.
– «Սառ­նա­րանին ջուր հասցնող «բլաս­տի­քէ» խո­ղովա­կը ծա­կած է…կար­ծես մէ­կը կրծած է…»։
Ուստի շու­տով նոր խո­ղովակ մը ան­ցուց եւ հի­նը ցոյց տա­լով աւե­լի հա­մոզիչ՝ աւել­ցուց.
– Ասի­կա ճօ­ճու­խի գործ չէ. դո՛ւք մուկ ու­նիք… մու­կը կրծած է «բլաս­տի­քը»… հո՛ս մուկ կայ, անոր ճա­րին նա­յեցէ՛ք…,– ըսաւ ժպի­տի նման բան մըն ալ սա­հեց­նե­լով դէմ­քին վրայ ու գնաց։
Ինքնա­բերա­բար կա­պուած մնա­ցի բա­ռերուն։ Էրիկ-կնիկ իրար երես նա­յեցանք։
Մո՞ւկ՝ սոս­կում պատ­ճա­ռով կեն­դա­նի։ Էհ, ի՞նչ պի­տի ըլ­լար վեր­ջը։ Ար­դեօք հի­մա ալ տան մէջ կա­տո՞ւ պա­հելու էինք։ Ա՛ռ քե­զի նոր պատ­մութիւն։ Մեր տան մէջ միայն այդ կա­տուն պա­կաս էր, ահա ան ալ պի­տի աւել­նար։
Եւ յան­կարծ իբ­րեւ մեծ գիւտ, ամէն մէկս փայ­տի կտոր մը, սանկ գա­ւազան մը բռնած, սկսանք սե­նեակէ-սե­նեակ պտըտիլ ու զայն ամուր գետ­նին զար­նե­լով ամ­բողջ տու­նը դառ­նալ։ Յով­սէ­փին մեկ­նումէն ետք, լրջօ­րէն սկսած էինք մու­կի «փնտռտու­քին»։ Մահ­ճա­կալ­նե­րուն տա­կերը եւ ապա պա­հարան­նե­րուն մէջ… աղմկե­լով մուկ փնտռել։ Ծի­ծաղե­լի, բայց նոյնքան ալ իրա­կան։ Այսպէս, տեղ-տեղ պո­ռալով եւ եր­բեմն ալ գա­ւազա­նը ամ­րօ­րէն դռնե­րուն զար­նե­լով, զա­նազան անօ­րինակ ձայ­ներ հա­նելով, վախցնել ձե­ւացու­ցինք, խոր­հե­լով որ յան­կարծ այդ ձայ­նէն կամ աղ­մուկէն կեն­դա­նին դուրս պի­տի գար եւ ար­դէն փո­ղոցի դու­ռը բաց ձգած էի, ուստի ուղղա­կի դէ­պի փո­ղոց…։ Բայց չյա­ջողե­ցանք։ Ահա քե­զի «ծակ» տրա­մաբա­նու­թիւն.- «ո՛չ մուկ եւ ոչ ալ ձուկ», ինչպէս որ կ՚ըսեն։ Այն ինչ որ չկար. բայց է՛։ Դար­ձեալ միտքս լե­ցուե­ցաւ տագ­նա­պով։ Ան­տարբեր մնա­լը աւե­լի վախ կը յա­ռաջաց­նէր։ Ուստի յա­ջորդ առա­ւօտ, յոյ­սի թե­լէն բռնած, առա­ջին գործս եղաւ կան­չել «մկնորս» ըն­կե­րու­թիւն մը։
Որո­շուած ժա­մուն «որ­սորդը» եկաւ։ Նախ քննեց վայ­րը եւ ապա զննեց կրծո­տուած խո­ղովա­կը։ Հա­գուստը փո­խեց, բարձրա­ցաւ «տա­նիք» եւ յե­տոյ մտաւ մեր տան նեղ ու քար­քա­րոտ տա­կի բա­ժինը։ Ապա բե­րաւ հինգ-վեց թա­կարդներ ու նկա­րելու գոր­ծիքներ ու զա­նոնք մեր տան զա­նազան բա­ժին­նե­րը տե­ղաւո­րեց։
Կարճ ըսեմ։ Քա­նի մը օր ետք, երբ երե­կոյեան գոր­ծէս տուն վե­րադար­ձած էի «մկնոր­սը» մե­զի էր ու կնոջս կը բա­ցատ­րէր իր աշ­խա­տան­քի դրա­կան ար­դիւնքը։ Մար­դը, մու­կե­րը սատ­կե­ցուցած էր եւ իր խօս­քե­րը նաեւ կը հաս­տա­տէր յա­տուկ ֆիլ­մով մըն ալ։ Գոր­ծին տէրն էր։ Նկա­րահա­նած էր մու­կե­րուն դրա­ցիիս պար­տէ­զէն դէ­պի մեր տուն ամէ­նօրեայ «ար­շա­ւան­քը»։ Շան­թա­հար իրա­կանու­թիւն։ Այնքան զար­մա­նալի, որ­քան դրա­կան։
Ան­մի­ջապէս դրա­ցիիս վա­զեցի։ Խնդրե­ցի եւ պա­տուի­րեցի։ Նաեւ խրա­տեցի, ան­պայման այդ ան­պի­տան­նե­րը սատ­կեցնել…։ Մէկ խօս­քով՝ ոչնչաց­նել թե­լադ­րե­ցի։ Մեր «մկնոր­սին» հաս­ցէն ալ տուի եւ թէեւ այս տա­րիքիս ամ­բողջ շա­բաթ մը փո­խանակ թոռ­նիկ խաղ­ցընե­լու մու­կե­րը խաղ­ցուցած էի, այդ գի­շեր հան­գիստ միտ­քով քնա­ցայ։
* * *
Տա­րիներ ան­ցած են այս դէպք-պա­տահա­րի վրա­յէն։ Ու յա­ճախ մե­նու­թեանս մէջ, ես ին­ծի հարց կու տամ.- թէեւ մու­կե­րը կրցած էին «քան­դել» մեր տան խա­ղաղու­թիւնը եւ մեզ ալ մէկ շա­բաթ տե­սակ մը սար­սա­փի մթնո­լոր­տի մէջ պա­հած, բայց՝ վերջ ի վեր­ջոյ, մենք փոր­ձած էինք առաջ­քը առ­նել այս «քան­դումին»։ Նոյ­նիսկ իբ­րեւ լու­ծում, կա­տու մը պա­հելու գա­ղափարն ալ մտա­ծած էինք, եւ վեր­ջին գե­րագոյն լու­ծում՝ «մկնոր­սին» օգ­նութեամբ՝ հար­ցը լու­ծած։
Իսկ մեր գա­ղու­թէն ներս, ար­դեօ՞ք չենք տես­ներ, թէ տե­սակա­ւոր մեծ ու փոքր «մու­կե­րը» ի՜նչ աւեր­ներ գոր­ծած են եւ տա­կաւին կը գոր­ծեն ու մենք ցարդ առաջ­քը չենք կրցած առ­նել։ Սկսե­լով մեր գա­ղու­թի ներ­կայ իրա­վիճա­կէն, մեր զիրա­ր այ­լա­մեր­ժութե­նէն, մեր նա­խան­ձէն եւ ան­հանդուրժո­ղական մթնո­լոր­տէն, մեր «բան­գի­տու­թե­նէն», մեր աւե­լոր­դա­պաշ­­տութիւններէն, մեր նոր սե­րունդի օտար լե­զուով խօ­սելու ու­նա­կու­թե­նէն, հաս­նե­լով մին­չեւ մեր գի­րին ու գրա­կանու­թեան, մեր մշա­կոյ­թին եւ մեր հա­ւատ­քին ու աւան­դու­թիւննե­րու ան­տեսման դռնե­րը։
Ալ մենք զմեզ չխա­բենք։ Տե­սանե­լի են, թէ ինչպէ՞ս գա­ղու­թի կամ գա­ղու­թա­յին «մու­կե­րը» կրծած են մեր էու­թիւնն ու գի­տակ­ցութիւ­նը։ Ար­դեօ՞ք չենք անդրա­դառ­նար։ Ար­դեօ՞ք մեր կա­տու­նե­րը, մու­կե­րուն հետ հաշտ ապ­րիլ կը սի­րեն կամ ալ այդպէս վար­ժուած են։ Ա՞յդ է պատ­ճա­ռը։ Պա­տաս­խան չու­նիմ։ Ողոր­մած մեծ մայրս միշտ կ՚ըսէր, թէ «բա­կին մէջ, կա­տու մը պա­հելը, ինքնին ար­դէն բա­ւական է մու­կե­րէն փրկուելու համար, բայց էական է, որ կա­տուն ար­թուն մնայ»։
Այո, սա­կայն մեր գա­ղութի «բա­կէն» ներս ար­դեօք կա­տու կամ կա­տու­ներ ու­նի՞նք։ Այնպէս կ՚երե­ւի թէ չու­նինք։ Պէտք է, որ մին­չեւ հի­մա ու­նե­ցած ըլ­լա­յինք, որ­պէսզի ազա­տօրէն շնչող, պտըտող, ապ­րող այդ «մու­կը» կամ «մու­կե­րը» մեզ չքան­դեն, մեր ինքնու­թիւնը չփճաց­նեն, որ­պէսզի մա­քուր եւ անա­ղարտ մեծ­նայ մեր նոր սե­րունդը, անոր կող­քին ամուր պա­հուի մեր լե­զուն եւ գո­յատե­ւէ մեր ազ­գը։ Ար­դեօ՞ք մեր կա­տուն քնա­ցած է կամ ու­րիշ բա­ներով զբա­ղած է։ Դար­ձեալ տե­ղեակ չեմ։ Դուք ինձմէ աւե­լին գիտ­նա­լու էք։
Մեր մու­մուլը միշտ եւ ամէն առի­թով նման մտա­հոգիչ հար­ցե­րու դե­ղատոմ­սե­րը ձրիօրէն բաժ­նած է եւ նոյ­նիսկ «մկնորսնե­րու» հաս­ցէ­ներու ցան­կե­րը պար­զած։ Բայց … այնպէս կ՚երե­ւի, թէ գա­ղու­թի «մու­կե­րը» տա­րիներ շա­րու­նակ կրծե­լով մեր ականջնե­րը, մեզ խլա­ցու­ցած են։
Վա՜յ մեզի…։

Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles