Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ ՌՈՍՏՈՄԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

Նիւ Ճըրզիի «Դրօ» Կոմիտէութեան «Արթիւր Մկրտիչեան» խումբի կազմակերպութեամբ, Դեկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն՝ Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) մասին դասախօսական ձեռնարկ մը, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Օրուան դասախօսն էր Ռաֆֆի Շխուկեան, որ մանրամասնօրէն եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Ռոստոմ տիպարը։ Ան ներկայացուց կենսագրականն ու նկարագիրը։
Ռոստոմ՝ ազգային եւ ընկերային բոլոր արդար դատերուն  պաշտպանի ու յառաջապահի տիպարն էր, յեղափոխական միտք ու հաւատք տարածող մտաւորականը՝ ուսուցիչ եւ խմբագիր, նաեւ յեղափոխականի մարտական գործիչն էր, ազգային-հասարակական ծառայութեան նուիրեալը։
Շխուկեան անդրադարձաւ յատկապէս Պաքուի մէջ, Ռոստոմի մղած պայքարին, պաշտպանելու համար այդ օրերուն հալախուող հայութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ Ռոստոմ զինուելու եւ պաշտպանուելու մղեց ժողովուրդը, նաեւ հոգածու եղաւ ընկերային ու մշակութային կեանքի բարելաւման եւ բազմակողմանի զարգացման նկատմամբ։
Նշենք, թէ Ռոստոմ կրտսերագոյնն էր Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան։ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնա գիւղը Յունուար 18, 1867¬ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։
1919¬ի Յունուար 18¬էն 19-ի լուսցող գիշերը, Թիֆլիսի մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած եւ անբուժելի թոքատապի մատնուած՝ իր աչքերը առյաւէտ փակեց Ռոստոմը։
Ձեռնարկէն առաջ, տեղի ունեցած էր հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ Արամ Մանուկեանին եւ Ռոստոմին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles