Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
18 Դեկտեմբեր 2019
Ու պատահեցաւ… սպասելին. Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրեց երկու բանաձեւ, որոնց հիմամբ, նախագահ Տոնըլտ Թրամփ պաշտօնապէս ամբաստանուեցաւ իր պաշտօնը անձնական շահերու ծառայեցնելու եւ անոնց շուրջ խորհրդարանական քննութիւնները խափանելու յանցանքներով։
Այսպէսով, Սպիտակ Տան պետը պատմութեան կ՛անցնի իբրեւ ամենալուրջ սխալները գործող՝ յանցապարտ նախագահ, անկախ այն հարցումէն, թէ յառաջիկայ Յունուարին, Ծերակոյտը իր ձայնը պիտի միացնէ՞ Ներկայացուցիչներու Տան, թէ անպարտ պիտի ճանչնայ նախագահը։
Քուէարկութեան արդիւնքէն դատելով՝ տարիներ տեւած ու բազմաթիւ հանգրուաններ կտրած քննութիւնները քողազերծեցին նախագահին յանցապարտութեան բազմաթիւ ծալքերը (Նախագահին այլ մեղքերը տակաւին սեղան չեն բերուած)։ Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ նախագահ Թրամփ իր հեղինակութիւնը ի գործ դրած է՝ ընտրական մրցակից մը անուանարկելու համար, այդ նպատակով օտար երկրի մը նախագահին միջամտութիւնը հայցած է՝ զայն ճնշումի տակ առնելով, իր երդումը դրժած է եւ երկրին անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձուցած է, յետոյ ալ, այս բոլորին մասին բացուած քննութիւնները խափանած է, կառավարական պաշտօնատարներու արգիլելով վկայութիւն տալ մեղադրանքներուն մասին։
Չորեքշաբթիի երկարաշունչ նիստը ի յայտ բերաւ այս երկիրը տագնապեցնող բազմաթիւ հարցեր։ Անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ խոր վիհեր գոյացած են երկու գլխաւոր կուսակցութեանց միջեւ, հանրապետականները որոշած են ոգի ի բռին պաշտպանել նախագահը, հակառակ ցարդ յառաջ բերուած այն փաստերուն, որոնք թզենիի վերջին տերեւն անգամ խլած են նախագահէն։ Փաստօրէն, խօսք առնողները պաշտպանեցին երկու անհաշտ տեսակէտներ. դեմոկրատները գրեթէ միաձայնութեամբ թուեցին Թրամփի յանցապարտութիւնը ապացուցող կէտերը, իսկ հանրապետականները կառչած մնացին ամբաստանութիւններն ու նման արարքներու հիմամբ՝ նախագահի մը յանցապարտութիւնը մերժելու իրենց տեսակէտին վրայ։ Եղան անհեթեթութեան հասնող պաշտպանողականներ ալ, երբ երեսփոխան մը Թրամփը համեմատեց… Յիսուսի, որ անմեղ էր եւ սակայն Պիղատոսի առջեւ ծանր ամբաստանութիւններու ենթակայ եղած էր։
***
Անցեալ տարիներու, մասնաւորաբար վերջին քանի մը ամիսներու իրադարձութիւններն ու քաղաքական բանավէճի նիւթերը ծանօթ են մինչեւ յետին մանրամասնութիւն։ Անհրաժեշտ չենք նկատեր մտնել այդ ոլորտներուն մէջ, որոնք արդէն իսկ բազմաթիւ հատորներ լեցնող նիւթ հայթայթած են պատմութեան։ Կ՛արժէ, սակայն, կանգ առնել քանի մը երեւոյթի վրայ, նաեւ լուսարձակի տակ բերել հաւանականութիւններ։
Նշեցինք արդէն, որ քուէարկութիւնը ի յայտ բերաւ յստակ երկփեղկուածութիւն, որ նորութիւն չէր։ Թրամփի պաշտպանները առաւելաբար յառաջ կը քշէին այն, որ մեղադրանքները հիմնաւորուած չեն (եւ այս՝ հակառակ լեռնացող ապացոյցներու), կը պնդէին, թէ այս նախագահին օրով, երկիրը տնտեսական ու զինուորական մեծ հզօրանք ձեռք բերած է (Օպամայի օրով, պետութեան պարտքերը անցած էին 19.5 թրիլիըն տոլարի սահմանները, իսկ ներկայիս, անցած են 22 թրիլիընը։ Անդին, նախկին նախագահներու օրով սկսուած պատերազմները կը շարունակուին նոյնպիսի անյաջողութեամբ եւ ահաւոր մսխումի կը մատնեն երկիրն պիւտճէն, ձախողանքներն ալ մրցումի ելած են իրարու հետ…)։ Մինչեւ իսկ եթէ ընդունելի նկատուին այս պաշտպանողականները, այդ բոլորը իրաւունք կու տա՞ն նախագահի մը, որ երկիրն ու անոր կարգ մը կարողութիւնները վերածէ իր անձնական պատանդին, ինքզինք վեր դասէ Օրէնքէն ու Սահմանադրութենէն, ինչպէս կը փաստարկեն զինք մեղադրողները։
Դեմոկրատները կարեւոր կէտ մըն ալ շահեցան անկասկած. խօսք առնողները յայտարարեցին, որ այս քայլին կը դիմեն խոր ցաւով ու հարկադրեալ ցանկութեամբ, իսկ քուէարկութեան արդիւնքը յայտարարող Նէնսի Փըլոսիի կոչին ընդառաջելով՝ դեմոկրատները ցնծութեան աղաղակներով չդիմաւորեցին քուէարկութեան արդիւնքը, ընդունելով, որ սա իրենց համար յաղթանակ չէ, այլ երկիրն համար պարտութիւն մը…
Չորեքշաբթիի զոյգ քուէարկութեանց արդիւնքէն դատելով, Ծերակոյտը անպարտութեան վկայական պիտի շնորհէ Թրամփի. Ծերակոյտի նախագահը առանց բառերը ծամծմելու յայտարարած է, որ դատավարութեան պահուն, պիտի հետեւի Սպիտակ Տան ցուցմունքներուն, այսինքն՝ այժմէն իսկ տրամադրուած է օրէնսդիր իշխանութեան իրաւունքները դնելու գործադիրի պետին տրամադրութեան տակ։ Հանրապետականները իրենց պաշտպանողականներով ու նման առաջադրանքներով չեն կրնար իրենք զիրենք անպարտ հռչակել այն մեղքերէն, որոնցմով կը դատապարեն դեմոկրատները. այսինքն՝ քաղաքական յետին հաշիւներ հետապնդելու յանցանքէն։ Երկու կուսակցութեանց համար ալ, այս ամբաստանագիրն ու յառաջիկայ դատավարութիւնը առիթ են կէտեր շահելու յառաջիկայ տարուան ընտրապայքարին դիտանկիւնէն։ Հանրապետական մեծամասնութիւն վայելող Ծերակոյտին որոշումը կրնայ կոտրել դեմոկրատներուն առագաստանաւերուն կարգ մը կայմերը։ Տակաւին, կարգ մը դէտեր անհաւանական չեն նկատեր, որ ստեղծուած հովերը վաղը կրնան դառնալ ի նպաստ մեղադրեալ ու փաստացիօրէն ամբաստանուած նախագահին ի նպաստ, ուռեցնել դէպի յառաջիկայ ընտապայքար ուղղուող անոր նաւուն առագաստները։
Երբ ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը պատրաստ է աչք փակելու ապացուցուած մեղադրանքներուն վրայ, պէտք չէ զարմանալ, որ անպարտութեան վկայական ստացող այժմու նախագահը յառաջիկայ տարի եւս ընտրութեանց ներկայանայ բարձր բաժնետոմսերով։ 2016-ի ընտրութիւնները ընտրողներուն դատողութեան մասին ոչ-աննախընթաց ճաշակ մը ցուցադրած են արդէն (չմոռնանք, որ Թրամփ ընտրուեցաւ՝ որպէսզի Քլինթըն չընտրուի, իսկ իրմէ առաջ, Օպամայի եւ Ճորճ Պուշ կրտսերի ընտրութիւնները այլապէս բարացուցական էին…)։
***
Եթէ պահ մը մէկդի ձգենք քաղաքական խոհանոցին ՛՛տրամաբանութիւն»ն ու դաժան իրականութիւնները, իրականութիւնները դիտենք քիչ մը սկզբունքային մօտեցումով ու ժողովրդավարութեան կիրարկման դիտանկիւնէն, կրնանք այլ եզրայանգումներու հասնիլ։
Ամէնէն կարեւոր եզրակացութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ նախագահին յանցապարտութեան քուէարկումը ի յայտ կը բերէ ժողովրդավարութեան կիրարկման փաստ մը. նախագահն ու անմիջական գործակիցները մինչեւ վերջին վայրկեան հազար ու մէկ ճնշում բանեցուցին խորհրդարանականներու վրայ, որպէսզի ենթարկուին գործադիրին կամքին եւ քուէարկութեան չդնեն ամբաստանագիրները։ Ներկայացուցիչներու Տունը ապացուցեց, որ օրէնսդիրը անկախ իշխանութիւն է, պատրաստ չէ խաղալիք դառնալու գործադիրի կամայականութիւններուն, տակաւին, պատգամ ուղղեց դատական իշխանութեան, որ հետեւի իր օրինակին եւ դուրս գայ նախագահին եւ իր խմբակին ենթակայութեան վիճակէն, երեք իշխանութիւններուն անկախութիւնը յարգուի։
Երբ վաղը այս փոթորիկին փոշին ,նստի», հաւանաբար այս իրականութիւնը աւելի յստակ կերպով պիտի բերուի լուսարձակի տակ, կրնայ օրինակ ծառայել մօտակայ ու հեռաւոր՝ մեծ ու փոքր երկիրներու իշխանութիւններուն։