Ա.Ա.
Ինչպէս Հաւատք, Յոյս Եւ Սէրը հայ մանուկին համար մկրտութեան ընթացքին խնդրանք է եւ կեանքի գոյատեւման խորհրդանշական երրորդութիւնը, այնպէս ալ հայոց լեզուն, հայ գրականութիւնը եւ հայոց պատմութիւնը հայ մարդուն համար ինքնութեան պահպանման, հայու լինելութեան եւ ազգային պատկանելիութեան երաշխիք – երրորդութիւնն է, որուն բացակայութիւնը, կամ անկէ կամայ թէ ակամայ հրաժարումը հայը կը վերածէ թիւի, կորսուած համահաւասարութեան մը մէկ աննշան մասնիկին եւ շատ յաճախ ալ զերոյի։
Այս չափակցութիւնը մեզի՝ սփիւռքահայութեան համար, շատ յստակ է, որովհետեւ առաջին օրէն իսկ՝ ցեղասպանութենէն ետք աշխարհացրիւ արեւմտահայութեան հաստատման եւ գաղութային կեանքին կազմակերպման գործօններէն կարեւորագոյնը եղաւ լեզուն, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան հետ։Երբ հայրենի հողը չկար, ստեղծուեցաւ անիկա լեզուին ու գրականութեան անդաստաններուն մէջ, խելամտօրէն եւ ոչ թափառումով՝ քար առ քար բարձրացնելով ամրակուռ ամրոցը եռապարիսպ։
Ասիկա սփիւռքի համար։
Հայաստանի պարագան բնականաբար այլ էր։ Արեւելեան ճիւղը մեր մայրենիին՝ հակառակ տարբեր դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու, նաեւ՝ արուեստական փոփոխութիւններու, վերելք ապրեցաւ, ծաղկեցաւ եւ բանասիրականէն մինչեւ պատմութեան ամպիոնը՝ իրենց բոլոր ճիւղաւորումներով, արգասաբեր եղան։ Լեզուագիտական հետազօտութիւններ, քերականագիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններ, բառարանագիտական պատկառելի ժառանգութիւն, մանաւանդ՝ գրականագիտական եւ պատմագիտական արգասիքը, կազմաւորեցին եւ ձեւաւորեցին հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ամրակուռ հայեցակարգը։ Անշուշտ հոս տեղը չէ անդրադառնալու խորքային եւ բովանդակային խնդիրներու, որոնք պատմագէտներուն եւ գրականագէտներուն իրաւասութեան սահմանին մէջ կ՛իյնան։ Ընդհանուրն է, որ կը նշենք՝ հպարտութեան եւ ազգային արժանապատուութեան արդար ապրումներով։
Եւ սփիւռքի մէջ ո՞վ կրնար միտքէն իսկ անցնել, որ օր մը Հայաստանի կրթութեան նախարար մը՝ թիկունքին ունենալով իշխանութեան վրայ գտնուողներու հայեցողութիւն մը, պիտի գար ու ըսէր։ «Սիրելիներ, վայրկեան մը։ Քիչ մը ըլլանք իրապաշտ եւ ժամանակակից։ Ինչ հարկ կայ համալսարաններուն մէջ հայոց լեզու, հայ գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն նիւթերուն դասաւանդումը պարտադիր դարձնելու։Ասոնք կը վերածենք ընտրովի եւ կը ձգենք կրթութեան բարձրագոյն հաստատութիւններուն գիտական խորհուրդներուն հայեցողութեան։ Թող ճշդեն եւ որոշեն, թէ պէ՞տք է հայ ուսանողին այս նիւթերը։ Եթէ այո, թող դասաւանդուին։Եթէ պէտք չեն, ապա խնդիրը փակուած է։ Դուրս կը մնան կրթական ծրագրէն»։
Չեղաւ։
Յատկապէս մեզի՝ հայութեան համար։ Թէեւ բոլոր ազգութիւններն ալ, համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ կը վերադառնան ու կը դիմեն իրենց ազգային զէնքերուն, այսինքն լեզուին, գրականութեան եւ պատմութեան, մեզի համար ասոնք գիտութենէ աւելի ու առաջ ինքնաճանաչման, ինքնարժեւորման եւ ինքնահաստատման անփոխարինելի զէնք ու զրահ են։ Եւ զինուորն ու զօրականը ճակատամարտի դաշտ կ՛երթա՞ն առանց զէնք ու զրահի։ Իսկ եթէ Աստուած մի առասցէ, անզէն ներկայանան ռազմաճակատ…..։
Հիմա միտք չարչըրկող հարցում մը։Ինչու՞ յանկարծ որոշել եւ նախընտրել, որ համալսարաններուն կրթական ծրագրերուն մէջ հայագիտական նիւթերուն դասաւանդման ճակատագիրը պէտք է ձգել գիտական խորհուրդներու հայեցողութեան։ Պետութեան հեղինակութիւ՞նը կը նուազի, եթէ պետական որոշումով մը բոլոր համալսարաններուն կրթական ծրագրերուն մէջ ՊԱՐՏԱԴԻՐ դառնայ հայագիտական նիւթերու մտածուած եւ գիտականօրէն սերտուած դասաւանդման հոլովոյթ մը, ուր հայոց լեզուն կ՛ուսուցանուի, հայ գրականութեան գոհարները կը պսպղան եւ հայոց պատմութեան հիմնախնդիրները կը ներկայացուին սերունդներու, որոնք զինուած հայկականութեան երրորդութեամբ, հաստատաքայլ պիտի յառաջանան՝ գիտութեան միւս բնագաւառներուն մէջ։
Եւ հարկ է շեշտել ու ընդգծել։ Անիմաստ ու պարտուողական պատճառաբանութիւններ են այն բոլոր վերլուծումներն ու եզրակացութիւնները, թէ հայոց լեզու, հայ գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն նիւթերու պարտադիր ընդգրկումը՝ համալսարական կրթական ծրագրերուն մէջ, կը վնասեն, կը խոչընդոտեն կամ կը դանդաղեցնեն միւս նիւթերուն դասաւանդումն ու ընկալումը։ Այդպէս չէ՛։ Մանաւանդ Հայաստանի մէջ, հայ հողին վրայ։
Ի վերջոյ անհասկնալի է, թէ մարդ ինչպէս կրնայ զինաթափ ընել սերունդները։ Անհասկնալի է, ու նաեւ՝ մերժելի։ Իր բոլոր բացատրութիւններով, «գիտական» եղանակներով ու յանկերգներով։
↧
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐԸ ՉԵՆ ԽԱՆԳԱՐԵՐ. ԿԸ ԶԻՆԵՆ
↧