
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց). – Շաբաթ, Նոյեմբեր 16-ին, 400-էն աւելի խանդավառ ներկաներու մասնակցութեամբ նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի 35-ամեակը Ուալթհամի «Ուեսթին» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ:
Արժանապատիւ Անդրանիկ Աւագ Քհնյ. Պալճեան իր բացման խօսքէն ետք, կարդաց Արեւելեան Թեմի Բարեշնորհ Առաջնորդ Սրբազան Անուշաւան Դանիէլեանի շնորհաւորական նամակը, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէր ձեռնարկը:
Օրուան Հանդիսավարը, Տոքթ Լիզա Կիւլեսէրեանն էր, որ Հարվըրտ Համալսարանի մէջ հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասատու է: Իսկ օրուան բանախօսը՝ Ուստըրի «Փոլիթեքնիք» Համասարանի (WPI) եւ Քալիֆորնիոյ Ըրվայնի Համալսարանի (UCI) երկրաչափութեան դասախօս, տոքթ․ Տիրան Աբէլեանն էր: Իր խօսքին մէջ, ան մատնանշեց արմատներէն տեղեակ ըլլալու եւ ազգային ինքնութեամբ հպարտ ըլլալու կարեւորութիւնը, որոնք կեանքի ասպարէզէն ներս յաջողելու կարեւոր ազդակներէն մէկը:
Իր պատգամին մէջ, Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան խօսեցաւ այս արագընթաց աշխարհի մէջ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին։
«Ուրախ ենք որ եկած էք մեզ հետ տօնելու մեր վարժարանի 35-ամեակը: Տարեդարձները առիթ են յետադարձ ակնարկ մը նետելու, ինչպէս նաեւ ապագայի մասին մտածելու: Այսօր, կ՛ուզեմ յիշել դպրոցի հիմնադիրները,Երուանդ Գրաֆեանը, Ժիրայր Ղարիպեանը, Միսաք Պարսումեանը, Արաքսի Խանճեանը, Արփի Տէյվիսը, եւ Արժ. Տէր Թորգոմ Աւագ Քհնյ. Յակոբեանը, որոնց անհուն ջանքերով 35 տարիներ առաջ հիմնուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը: Դպրոցի հիմնադրութենէն չորս տարի ետք, հինադիրներն ու դպրոցի առաջին Խնամակալութիւնը զիս հրաւիրեցին ստանձնելու համար դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնը: Ներշնչուելով հօրս Գառնիկ Բանեանի օրինակէն ընդունեցի հրաւէրը եւ լծուեցայ հայապահպանման եւ հայակերտման գործին;
Ուրախ եմ ըսելու, որ անցնող 35 տարիներուն, Դպրոցը շարունակական յաջողութիւն արձանագրած է: Փաստը մեր շրջանաւարտներն են, որոնք թէ կը փայլին երկրորդական վարժարաններէ ու բարձրագոյն ուսման կեդրոններէ ներս եւ թէ գործունեայ դեր կը վերցնեն համայնքի զանազան կազմակերպութիւններէն ներս: Յոյսով եմ, որ անոնք պիտի պատրաստուին տէր կանգնելու այս դպրոցին, որ հիմը դրած է իրենց հայեցի դաստիարակութեան եւ նախնական ուսումին, իրենց մէջ զարգացնելով ազգային պատկանելիութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը», ըսաւ ան:
Իսկ խնամակալութեան ատենապետ՝ Լեւոն Պարսումեան, խօսեցաւ ձեռնարկի հասոյթին մասին, որ պիտի գործածուի Նիւթական Նպաստի համար, ապա յուշանուէրով մը պատուեց Տիկին Պոյամեանը իր 31 տարիներու ծառայութեան համար իբրեւ վարժարանի տնօրէնուհի:
Ձեռնարկի ատենապետուհին, Նիքոլ Հաժժար Պապիկեան, յայտնեց, որ այս դպրոցը նուէր մըն է համայնքին համար: Ան տեղեկացուց որ, 200 շրջանաւարտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին, շրջանաւարտներու ուղուած կոչին, 35 տոլար նուիրելու 35 տարիներու համար եւ գոյացուցին 7000 տոլար: Ան նաեւ յայտնեց, որ ձեռնարկի մուտքը հասաւ, ինչպէս, որ ծրագրուած էր 350,000 տոլարի: Այս գումարէն 3500 տոլար պիտի նուիրուի Հ․Օ․Մ․-ի Սօսէ Մանկապարտէզին, որը մէկն է Արցախի մէջ Հ․Օ․Մ․-ի կողմէ հովանաւորուած բազմաթիւ մանկապարտէզներէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յանձնախումբին, որը կազմուած էր ներկայ եւ անցեալի ծնողներէ:
Ձեռնարկի ընթացքին, Արթիւր Յակոբեան հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց իր երաժշտական ելոյթով: Իսկ օրուան վիճակահանութիւնը՝ Հայաստան շրջապտոյտի երկու Տոմսեր, շահեցաւ Արմէն Պառուշեան: