Յ․ ՊԱԼԵԱՆ
Թէոդիկի Տարեցոյցներու 1910-ի (Դ.Տարի) համարին մէջ էջեր կան հայ մամուլի մասին, յաճախ յիշուող կամ չյիշուող անուներով, խմբագիրներով, հրատարակութեան տարիներով: Մեծ ժողովուրդներն անգամ կրնան նախանձիլ տեսնելով հայկական լրագիրներու բազմանուն ցանկը: Այս արդէն այլ խնդիր է: Այն ատեն համացանց եւ հեռատեսիլ չկային: Հայ թերթը հայ տան անդամ էր:
«Բիւզանդիոն» թերթին յատկացուած կէս էջ ծանօթութեան տակ, կէս էջի վրայ տեղ տրուած է Արփիար Արփիարեանի գաղափարներուն, երբ ան արդէն չկար: Արդարեւ, 19րդ դարու կէսին ծնած էր (1851) Արփիար Արփիարեան, Պոլիս եւ 20րդ դարու սկիզբը (1908), սպաննուած է Գահիրէ: Արփիարեան ազդեցիկ դէմք էր գրականութեան եւ հրապարակագրութեան մէջ: Հայ պահպանողութեան դէմ պայքարի, հայ քաղաքական միտքի եւ յեղափոխական նկրտումի ինքնատիպ խտացումն է իր «ԿԱՐՄԻՐ ԺԱՄՈՒՑԸ» գիրքը, այնքա՜ն այժմէական:
Թէոդիկի տարեցոյցին մէջ գտնուող Արփիարեանի միտքերը կ’արտագրեմ նոյնութեամբ, որպէսզի անոնք ըլլան խորհրդածութեան նիւթ նաեւ այսօր, ընդհանրապէս հայ մարդոց համար, բայց մանաւանդ լրագրողներուն եւ հրապարակագիրներուն, ապա՝ քաղաքական գործիչներուն:
ԼՐԱԳԻՐ ՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐ
. Թերթի մը զօրութիւնը, ազդեցութիւնը ո՛չ թէ թուղթի մը վրայ բան մը տպագրուած ըլլալն է, այլ գրուածքի տրամաբանութիւնը, ոգին եւ խմբագրութեան ալ վարկը, խմբագրութի՛ւն մը որ բարոյական ոյժ մը ունի եւ կրնայ երաշխաւորել իր հրատարակածներուն համար:
. Յորմէ հետէ օրագրութիւնն սկսած է մեր մէջ ըլլալ հիմնարկութիւն մը որ հզօրապէս կը ներգործէ ժողովուրդին վրայ, եկեղեցական քարոզչին պաշտօնն ալ մեծ մասամբ անցած է խմբագիրներուն: Ինչ որ քարոզիչը կ’ուզէ ընել եկեղեցւոյ բեմէն, խմբագիրը զայն կ’ընէ աւելի դիւրամատչելի ոճով մը: Օրաթերթն է հիմա որ ամէն հասակի ու դասակարգի հետ կը խօսի:
. Խղճի տէր խմբագիրները պարտաւոր չեն ընել ո՛եւէ բարոյական զոհողութիւն, համոզումի զոհողութիւն, թէ՛ մասնաւոր անհատներու եւ թէ՛ ընդհանրութեան: Անոնք անկախ կերպով իրենց համոզումները կրնան յայտնել, իրենց դատաստաններն ընել, առանց վախնալու թէ այս ինչ անձը պիտի բարկանայ, կամ այն ինչ մարդը պիտի չախորժի:
. Մամուլով տրուած կրթութիւնն ընդհանուր ու ներդաշնակ զարգացման մը տարրերը կը պարունակէ իր մէջ, որ – եսասէր, միակողմանի եսակէտներէ հեռու,- միայն հանրային շահերով կը զբաղի:
Չեմ գիտեր թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ գրուած են Արփիարեանի այս տողերը: Ապահովաբար 1908էն առաջ, այսինքն աւելի քան մէկ դարու խորքէն կու գան այս խօսքերը: Այն ատեն համակարգիչի դիւրութիւն չկար, չկային ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ, հետեւաբար զանգուածային լրատուական միակ միջոցը թերթն էր: Թէոդիկ կը յիշատակէ 21 հայկական թերթերու անուններ, օրաթերթ եւ պարբերական, քաղաքական-ազգային, գրական եւ երգիծական, ինչ որ կը վկայէ արեւմտահայոց ընկերային եւ մշակութային եռուն կեանքի մասին: Ի հարկէ կային այդ տպագիր մամուլին ընթերցողները, այլ լրատուամիջոցի մրցակցութիւն չկար:
Մանաւանդ հայ մարդիկ հայերէն թերթ կը գնէին եւ կը կարդային, անոնցմէ կը ստանային իրենց հոգեկան սնունդը: Հայերէնը հաղորդակցական միջոց էր, չէր լքուած, նոյնիսկ եթէ կայսրութեան լեզուն կը խօսէին:
Արփիարեան խմբագրած է թերթեր եւ պարբերականներ, աշխատակցած է այլ թերթերու, ինչպէս Արեւելք, (Պոլիս), Մասիս, Հայրենիք, Նոր կեանք, Հայ հանդէս, Շիրակ, աշխատակցած է Գրիգոր Արծրունիի Թիֆլիս հրատարակուող Մշակին: Ունի իրապաշտ գրական երկեր: Այս արագ յիշեցումները կ’ընեմ ըսելու համար, որ Արփիարեան ապրած է հայ մամուլով, տեսած եւ զգացած է անոր դժուարութիւնները: Ինչ որ կ’ըսէ գիրքերէ չէ քաղած, այլ մեր կեանքի իրականութենէն եւ իր կենսափորձէն: Ճիշդ այս պատճառով ալ՝ ուսանելի: Որովհետեւ մամուլը դեր ունի ընդհանրապէս ընկերութեան մէջ, ի հարկէ ո՛չ միայն հայկական:
Ի՞նչ կ’ըսեն Արփիարեանի յիշուած 155 բառերը, ո՛չ միայն անցեալը հասկնալու համար, այլ նաեւ՝ մեր ներկան: Հինցած գաղափարնե՞ր, տեսակէտնե՞ր եւ դատումնե՞ր, թէ՞ ընդհանրապէս մամուլի աշխատաւորի պարտականութիւն, դեր եւ որակ: Մասնաւորաբար նաեւ մեր մամուլին, այսօր իր բոլոր արտայայտութիւններով, տպագիր թուղթ-մամուլ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, համացանցային թերթ, ընկերային ցանցեր եւ կայքեր:
Առանձնացնենք քանի մը գաղափարներ.
– Թերթի մը զօրութիւնը, ազդեցութիւնը… եւ տրամաբանութիւնը…
– Խմբագրութեան վարկը եւ բարոյական ուժը
– Ներգործել ժողովուրդին վրայ դիւրամատչելի ոճով
– Խօսիլ ամէն հասակի եւ դասակարգի մարդոց հետ
– Բարոյական եւ համոզումի զոհողութիւն չընել, չվախնալ
– Մամուլը կրթիչ է եւ կը նպաստէ զարգացման
– Մամուլը եսասէր եւ միակողմանի չէ. կը նպատակադրէ հանրայինը
Կարծէք աւելի քան դար մը առաջ, Արփիար Արփիարեան Մամուլի Խորհրդաժողով գումարած է առանձին: Արդարեւ, մամուլը պէտք է յատկանշուի ողջախոհութեամբ, Շաւարշ Նարդունիի սիրած բացատրութեամբ, ան պէտք է կարենայ կատուին կատու ըսել, որպէսզի քաղաքական, ազգային, կրօնական, մշակութային եւ կազմակերպական կեանքին չտիրեն եսասէրները, շահախնդիրները, պատեհապաշտները, դիրքապաշտները եւ մեքենայութիւնները (քոմպինացիա): Այս բարոյական ըմբռնումով է որ մամուլը իսկական ազդեցութիւն ձեռք կը բերէ, չի ստրկանար, չի ծառայեր անհատներու եւ խմբակցութիւններու, եւ կը նպատակադրէ հանրայինը, ինչպէս ըսուած է: Նման ուղեգիծ ունենալով, մամուլը (թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ) վարկ եւ հեղինակութիւն կ’ապահովէ խմբագրութեան, հասարակութիւնը կը սպասէ իմանալու թերթին կարծիքը եւ դատումը:
Զանգուածային լրատուամիջոցը գիտական կաճառ չէ, բոլոր ընթերցողները ուսումնական մարդիկ չեն: Արփիար Արփիարեան կը խօսի դիւրամատչելիութեան մասին, զոր պէտք չէ շփոթել գռեհկութեան եւ ամբոխահաճութեան հետ (populisme), քանի որ մամուլը չ’ուղղուիր միայն ընտրանիին, այլ՝ ժողովուրդին, ամէն հասակի եւ դասակարգի: Այսինքն, լսելի ըլլալու համար մատչելի եւ հասկնալի պէտք է ըլլալ: Եւ ի հարկէ, լսելի ըլլալու համար վստահելի պէտք է ըլլալ, որ կ’ենթադրէ բարոյականութիւն եւ հանրային ծառայութեան համոզում: Այսինքն, հանրային շահը պէտք է ըլլայ գերադաս, ո՛չ անհատը՝ իր մասնակի շահերով, փառասիրութեամբ, կողմնապաշտութեամբ, նեղմտութեամբ:
Արփիար Արփիարեանի միտքը իրապէս արդիական է, կրնայ ցուցանիշ ըլլալ ընդհանուր հասկացողութեամբ մամուլին, եւ հայ մամուլին, քանի որ բարոյական եւ համոզումի զոհողութիւն չընել, այսինքն՝ ճշմարտութեան եւ իրաւութեան զիջում չընել, արեւածաղիկի պէս ուղղութիւն չփոխել, մանաւանդ՝ չվախնալ, պէտք է ըլլան մամուլին առաքինութիւնը: Այս վերջին կէտը ցանկալի է, թէեւ դժուար իրագործելի, քանի որ, ինչպէս գիտենք, մամուլի տէրերը, որոնք կը հակակշռեն միջոցները, տեսակէտներ ունին, իրենք ալ պարտաւոր են նկատի ունենալ, օրինակ, ներդրում կատարողներու եւ ծանուցում տուողներու սպասումները: Մեր իրականութեան մէջ, այսօրուան տուեալներով, անկախ եւ ինքնաբաւ մամուլ չունինք, հետեւաբար անհատական համոզումները յաճախ ստիպուած են ընդունուած եւ տիրող կեցուածքներու եւ վերաբերումներու հետ քայլ պահելու, պատշաճելու: Բայց մամուլի աշխատաւորը, եթէ բարոյական անձ է, պէտք չէ վախնայ, որոշ պատշաճեցման բարոյական կարմիր գիծէն անդին չերթայ, այլապէս՝ կը ծախէ իր հոգին:
Խիստ ուշագրաւ է Արփիար Արփիարեանի նկատողութիւնը մամուլի կրթիչ դերի մասին: Ան պէտք է ըլլայ հանրային զարգացման ինքնատիպ դպրոց: Այսինքն թերթ, ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ պէտք է ունենան բազմակողմանի որակ, եւ այս, աւելի շեշտուած կերպով, մեր ժողովուրդի պարագային, քանի որ ունինք կազմակերպական, քաղաքական, մշակութային եւ կենցաղային բազմաբնոյթ խնդիրներ: Այս կարենալ ընելու, ճամբացոյց ըլլալու համար, հայ մամուլը պէտք է յաղթահարէ նաեւ որակի եւ տարածման խնդիրները, որակ՝ որպէսզի վստահութիւն ներշնչէ:
Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը պարագային, մամուլը պէտք է հասնի իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ: Այդ կրնան ընել եւ կ’ընեն հեռատեսիլը եւ ձայնասփիւռը: Իսկ ինչպէ՞ս տպագիր մամուլը, կարծիք յայտնող եւ տեսակէտ պարզող մամուլը, պիտի հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ: Եթէ այդ չըլլայ, թերթը կը վերածուի մենախօսութեան բեմի, անկարող կ’ըլլայ կատարելու իր կրթիչ դերը: Այս, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Ապա, հայ մամուլը պիտի ունենայ որակ, չգոհանայ մօտաւորով, զանազան արդարացումներով ընդունելի չհամարէ անորակը: Մամուլի որակը սկզբունք պէտք է ըլլայ. տեղեկութիւնը պէտք է ըլլայ ճշդուած, անաչառ: Պէտք է երթալ դէպի տեղեկութիւնը, կիսատ-պռատը, բամբասանքը թեթեւամիտ գովերգութիւնը, մամուլի առաքինութեան հակասութիւնն իսկ են:
Հայ մամուլը, միշտ պէտք է կրկնել, որ բազմակողմանի է, ան տեղ կու տայ քաղաքական, գիտական, կրօնական, շարժանկարի, առողջապահական, մարզական տեղեկութիւններու (թէեւ երբեմն կան, եղած են, շատ չնչին տպաքանակով մասնագիտական հրատարակութիւններ, ինչպէս գրական, բժշկական, մարզական, կրօնական, երգիծական):
Կրկնենք, որ մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը, պարտաւոր է ինքնութեան պաշտպանութեան պայքար մղել, ան նաեւ հայերէնի, լեզուի խնդիր ունի, անով արտայայտուելու, անոր մաքրութեան հսկելու: Անոր հայերէնը պէտք է ունենայ որակ, որպէսզի ընթերցողը հաղորդուի իր ինքնութեան կռուան լեզուով: Ան կրթիչ է նաեւ անոր համար, որ տոկալու եւ տեւելու պայքարի առաջին գիծերուն վրայ գտնուելով, կրողը պէտք է ըլլայ հայկական արժէքներու: Ըսինք լեզուն, բայց նաեւ հայկական նկարագրով մշակոյթը, հայոց պատմութիւնը, հայ գրականութիւնը, արուեստները, ընկերաքաղաքական կացութիւնը:
Կրթիչ ըլլալու եւ զարգացման նպաստելու համար, հայ մամուլի աշխատաւորը թուղթ մրոտող ձայնասփիւռի համ հեռատեսիլի թառին նստած անորակ շատախօսութիւններու թութակ պէտք չէ ըլլայ: Հայ մամուլի հովանաւորները, անոնք ըլլան անհատներ, թէ կազմակերպութիւններ, պէտք չէ վարանին որակին համար զոհողութիւն ընել, որպէսզի մամուլի աշխատաւորը ինքզինք նորոգէ, ինքզինք քննադատէ, բարելաւուի, իրեն հետ բարելաւելով ընկերութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ կրթիչ դեր ունենալ:
Երբ կը կարդամ Արփիար Արփիարեանի այն խօսքը, որ մամուլը կրթիչ է եւ զարգացման կը նպաստէ, երբ եսասէր, միակողմանի եսակէտներէ (հաւանօրէն՝ տեսակէտներէ, Յ.Պ.) հեռու,- միայն հանրային շահերով կը զբաղի: Միթէ՞ ասոնք անկախ, ազատ, առարկայականութեամբ առաջնորդուող մամուլի յատկանիշնեը չե՞ն, իտէալ մը՝ որուն տեւաբար ձգտած են մարդիկ եւ պէտք է ձգտիլ:
Միշտ յիշել խօսքի ազատութեան մեծ քուրմ Վոլթէրի խօսքը. «Համաձայն չեմ ձեր գաղափարներուն, բայց մինչեւ մահ պիտի պայքարիմ, որ դուք կարենաք զանոնք արտայայտել»*: Այս ո՛չ միայն մամուլի բարոյականութիւն է, այլ նաեւ՝ ազատութեան եւ մարդու իրաւունքի, ընկերային կեանքի առողջացման:
*Je ne partage pas vos idées mais je me battrai jusqu’à la mort pour que vous puissiez les exprimer. Voltaire