ՏՈՀԱ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Քաթար: Նախագահ Արմէն Սարգսեանին դիմաւորեցին Քաթարի փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարար Ճասըմ Սայիֆ Ահմէտ Սուլէյթը, պատուոյ պահակախումբին եւ պաշտօնատար այլ անձերու հետ:
Տոհայի միջազգային օդակայանին մէջ, կը ծածանէին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քաթարի պետական դրօշները: