Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Վազգէն Մանուկեանի Հիմնադրած «Վերնատուն» Ակումբի Համաժողով

$
0
0

 

ԵՐԵՒԱՆ․- Նոյեմբեր 15-ին, տեղի ունեցաւ «Վերնատուն» հասարակական–քաղաքական ակումբի կազմակերպած համաժողովը: «Վերնատուն» հասարակական-քաղաքական ակումբի հիմնադիրն է Վազգէն Մանուկեանը, որ վերջերս հեռացած էր հանրային խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն։  Ան յայտարարեց, որ ակումբը որեւէ քաղաքական ուժի չի պատկանիր:

Այս  համաժողովին նպատակն էր քննարկել հանրային-քաղաքական արդիական նիւթեր: Համաժողովին քննարկուած են հետեւեալ հարցերը`

– Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային գործընթացը կը մտնէ փակուղի` մեծցնելով պատերազմի վտանգը (ի՞նչ ընել),

– հանրութեան այս աստիճան պառակտումը ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է (ինչպէ՞ս յաղթահարել),

– դատա-իրաւական համակարգը, Սահմանադրական դատարանը կ՛ենթարկուին բիրտ ճնշումներու, փորձ կը կատարուի օրէնսդիր եւ  գործադիր իշխանութիւններուն վրայ հաստատուած անձնիշխանութիւնը տարածելու նաեւ իշխանութեան այս ճիւղին վրայ, ինչ որ կը հակասէ իրաւական-ժողովրդավարական պետութեան սկզբունքներուն (ինչպէ՞ս թոյլ չտալ):

Կազմակերպուած համաժողովին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ Արցախը  արդէն ըսած է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հարցը լուծել: «Արցախի ժողովուրդը  իր Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածով յստակօրէն սահմանած է, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ ղարաբաղեան տագնապի լուծումը. գոյավիճակը պէտք է պահպանուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ ճանչցուած Արցախի Հանրապետութիւնը եւ չէ վերականգնած անոր տարածքային ամբողջականութիւնն ու չեն ճշդուած սահմանները: Արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ասոր հետեւի», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ  անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, յայտնեց․- «Ղարաբաղցիին ըսել` Արցախը Հայաստան է, կը նշանակէ ըսել` ես եմ   վարչապետդ, իշխանութիւնդ շինծու է», աւելցնելով, որ յայտարարութիւնը  ուղղուած է ոչ թէ ատրպէյճանցիներուն, ոչ թէ աշխարհին, այլ Արցախի ժողովուրդին: Երբ վարչապետը կը յայտարարէ` արցախեան տագնապի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ երեք կողմերու` Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի համար, յետոյ ալ կ՛ընդգծէ, թէ Հայաստանի երեք նախագահներէն ոչ մէկը նման բան ըրած է, ենթաթեքստն այն է, որ ինք պատրաստ է յաւելեալ բան զիջիլ, որ նախորդները պատրաստ չէին զիջելու»:

Վազգէն Մանուկեան հրաժարական ներկայացուցած էր, նշելով, որ նոր իշխանութիւնները ունէին բացառիկ կարելիութիւնը Հայաստանը տանելու զարգացման ուղղութեամբ, ժողովուրդը համախմբելու համազգային խնդիրներու շուրջ, նպաստելու քաղաքացիներու բարեկեցութեան` կառուցելով աւելի ժողովրդավար եւ աւելի արդիւնաւէտ ազգային պետութիւն:

«Ցաւօք, իշխանութիւնները գացին այլ ուղղութեամբ, եւ այսօր մեր երկրին մէջ ձեւաւորուած է անվստահութեան եւ ատելութեան աննախադէպ աստիճանի մթնոլորտ, տեղի ունեցած է հասարակական այնպիսի պառակտում, որուն նմանը երբեք չէ եղած», յայտնեց ան` դիտել տալով, որ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման իշխանութիւնները պէտք է ճեղքերը փակէին,  համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծէին, ժողովուրդը համախմբէին: Այդ նպատակի իրականացման համար ամէնէն արդիւնաւէտ գործիքներէն մէկը կրնար ըլլալ Հանրային խորհուրդը, որուն կարեւոր գործառոյթներէն մէկը, համաձայն օրէնքի, կառավարութեան, պետական կառավարման համակարգի մարմիններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկներու միջեւ փոխադարձ վստահութեան, երկխօսութեան եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ձեւաւորման նպաստելն է:  Փոխարէնը իշխանութիւնները կը շարունակեն քննարկել նախագիծեր եւ առնել քայլեր, որոնք աւելի ու աւելի պիտի պառակտեն մեր հասարակութիւնը. ատիկա անցումային արդարադատութիւնն է, առանց մեղադրական եզրակացութիւններու գոյքի բռնագանձման օրինագիծը, կրթական ոլորտի փոփոխութիւնները, քաղաքական խնդիրներ լուծելու նպատակով դատաիրաւական համակարգը օգտագործելը եւ այլն», յայտնեց Մանուկեան:

Ըստ անոր, ինք փորձած է քանի մը անգամ հանդիպիլ վարչապետին, գտնել համագործակցութեան եզրեր` թուլցնելու հասարակութեան մէջ առկայ լարուածութիւնը եւ Հանրային խորհուրդին միջոցով կանխելու որոշ քայլեր, որոնք, Մանուկեանի կարծիքով, վտանգաւոր են պետութեան համար: Բայց եւ այնպէս բոլոր փորձերը ապարդիւն մնացած են:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles