ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Երկուշաբթի, Յուլիս 15–ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան բացման աղօթը կատարեց։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրը յղուած էր Քալիֆորնիոյ 14–րդ վարչաշրջանի ներկայացուցիչ` հայազգի Ճէֆի Սփայըրի կողմէ։
Աղօթքը ուղղակի սփռուեցաւ C-SPAN կայանէն եւ HouseLive.gov կայքէջէն։