Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Շուշտակ

$
0
0

Արմենակ Եղիայեան

Սկսելու համար ըսեմ, որ մտքէս չէի կրնար անցընել, թէ օր մը կրնամ գրել…շուշտակի մասին: Բայց ահա ա՛յդ է որ կը պատահի: Ուրեմն  ամէն բան հաւանական է այս լուսնի տակ:

Եւ այսպէս՝  հարցասէր բարեկամ մը կ’ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ շուշտակ:

Կը պատրաստուէի պատասխանելու, թէ կրնայ բառարան մը բանալ եւ իմանալ, սակայն   ուզեցի նախ հաստատել, թէ իրապէս բառարանին մէջ պիտի գտնուի՞ բառս: Եւ առ այս բացի ձեռքիս տակ գտնուող առաջին բառարանը՝ հայր Կռանեանի բացատրականը, ուր կը կարդամ. «Շուշտակ – կնոջ մահէն ետք կուսակրօն ձեռնադրուած  հոգեւորական»: Բառարան մը ասկէ աւելին չէր կրնար տալ հարկաւ, սակայն իմ տպաւորութիւնս այն է, որ իմ բարեկամներս պէտք է քիչ մը  աւելին գիտնային. ահա այդ աւելին պիտի փորձեմ տալ՝ առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու:

Եթէ Կռանեանի փոխարէն  բանայինք Աճառեանի արմատականը, ապա պիտի կարդայինք՝ «Շուշտակ – թաշկինակ»: Ոչ աւելի, ո՛չ պակաս, միայն մէկ բառ՝ թաշկինակ:

Կարծեմ հարցը բարդանալ սկսաւ, չէ՞.  մէկը ըսած է  կուսակրօն հոգեւորական,  միւսը՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ թաշկինակ: Պիտի գտնէք, սակայն,  աւելի գայթակղեցուցիչը  եւս, եթէ դիմէք Ստ. Մալխասեանին, ուր կը կարդանք. «Լուսնի մահիկի նման կանացի գլխարկ»:

Է՜հ, եկու՛ր այս երեք պատուական բառարանագիրները հաշտեցո՛ւր, որպէսզի ինքդ  կարենաս բան մը հասկնալ: Ահա այդ է որ պիտի ընենք հիմա:

*

Շուշտակ-ը պարսկերէնէ փոխառութիւն մըն է, որ պէտք է հայերէնին անցած ըլլայ  գոնէ  2.000 տարի առաջ, երբ տակաւին ո՛չ եկեղեցի ունէինք, ո՛չ հոգեւորական:  Ան ներկայացուցած է սովորական լաթ մը կամ դաստառակ մը, որ նամանապէս պարսկերէն է,  յունարէն՝ մանդիլ, այսինքն՝ առձեռն թաշկինակ մը, որով  մասնաւորաբար կիներ կապած են իրենց գլուխը: Հետզհետէ  աւելի զարգացնելով զայն՝ անոր տրուած է մահիկի ձեւ մը, որ  կը ծածկէր  ճակատին  մինչեւ կէսը:

Դարեր անց եւ քրիստոնէութեան մուտքով ի Հայաստան,  շուշտակով իրենց գլուխը ծածկած են  այն կուսակրօնները,– ինչպէս ըսած է հայր Կռանեան,– որոնք ամուսնական անցեալ ունեցած են, սակայն ո՛չ անպայման կնոջ մահէն ետք, ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ անդին: Կուսակրօնը շուշտակը, իբրեւ տեսանելի եւ տարբերակիչ առանձնանշան, կը կրէր վեղարին կամ թասակին տակէն ալ, ինչպէս ըսինք մինչեւ ճակատին կէսը:

Հետաքրքրական է, որ  շուշտակ կրող հոգեւորականը ի՛նք եւս «շուշտակ» կոչուած է. լեզուի խաղերն են ասոնք, որոնց վրայ շատ պէտք չէ զարմանալ ու  ծանրանալ

*

Ուրեմն շուշտակութիւնը, որքան ալ ոչ-խրախուսելի, ի հնուց գոյութիւն ունեցած է մեր եկեղեցական բարքերուն մէջ:

Սկսելու համար՝ շուշտակ էր Գրիգոր Լուսաւորիչը:

Ան, Կեսարիա տարուելէն ետք,  այնտեղ ալ ապրեցաւ կեանքին առաջին տասնամեակները, ամուսնացաւ Մարիամ անունով  օրիորդի մը հետ, որմէ ունեցաւ երկու մանչ՝   Վրթանէսը եւ Արիստակէսը:   Օր մըն ալ այր ու կին հոգեւոր կոչում ունեցան եւ համաձայնաբար խզեցին իրենց ամուսնական կապը. Մարիամ Արիտակէսին հետ, որ անչափահաս էր, փակուեցաւ կուսանոցի մը մէջ,  մինչ  Վրթանէս,  արդէն չափահաս պատանի, զինուորագրուած էր տեղւոյն բանակի շարքերուն: Այս պայմաններուն մէջ Գրիգոր ինքզինք  անկախ զգալով շրջուն քարոզիչ դարձաւ:

Ահա այս էր անոր կարգավիճակը, երբ օր մըն ալ Կեսարիայէն կ’անցնէր Հայոց Տրդատ թագաւորը, որ իր երեք հազարանոց պահակագունդով կը վերադառնար Հռոմէն:  Գրիգոր խառնուեցաւ այս հեթանոս բանակին, որ քարոզութեան անսպառ ասպարէզ կը բանար իր առջեւ ու անոր հետ ալ հասաւ Հայաստան: Պատմութեան մնացեալ մասին ծանօթ էք. այնտեղ, մերժելով մասնակցիլ հեթանոսական տօնահանդէսներուն, տասներեք տարի բանտարկուեցաւ  Խոր վիրապի մէջ, ապա ազատեցաւ, դարձաւ Հայոց առաջին կաթողիկոսը, երբ տակաւին ողջ էին կինն ու երկու զաւակները:  Հետագային  քովը բերաւ զաւակները, եւ երկուքն ալ իրենց օրին կաթողիկոսացան. նախ՝ Արիստակէսը, ապա, անոր նահատակութենէն ետք,  Վրթանէսը, որ արդէն ամուսնացած էր մինչ այդ եւ ունէր կին ու երկու զաւակ:

Գրիգորի կնոջ մասին այնուհետեւ ոչ մէկ յիշատակութիւն կը գտնենք:

Շուշտակ էր Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը եւս:

Ան ամուսնացած էր եւ ունէր աղջիկ մըն ալ՝ Սահականուշը: Կնոջ մահէն ետք,– ստոյգ չէ, թէ ան մեռած էր,–  կուսակրօն դարձաւ:  Աւելի ուշ  մեծհայր էր, երբ  կաթողիկոսացաւ: Որովհետեւ  Սահականուշ ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երեք մանչ, որոնց անդրանիկն էր Վարդան Մամիկոնեանը: Ուրեմն եղան տարիներ, ուր Սահակ Պարթեւ Հայ եկեղեցւոյ գլուխն էր, իսկ թոռը՝ Հայոց բանակին  գլուխը:

Շուշտակ էր Խոսրով  Անձեւացի եպիսկոպոսը՝ Գրիգոր Նարեկացիի հայրը, որ կնոջ մահէն ետք կուսակրօն դարձաւ երեք  զաւակով՝ Գրիգորը եւ Յովհաննէսը, որոնք իրենց կարգին կուսակրօն դարձան, եւ Սահակը, որ աշխարհական մնաց:

Շուշտակ էր Խրիմեան հայրիկն ալ:

Ան ամուսնացած էր եւ ունէր զաւակ մը: Բայց ահա բախտը այնպէս բերաւ, որ մեռնին թէ՛ կինը,  թէ՛ զաւակը:  Դառնացած անոնց մահէն,– որուն մէջ որոշ չափով դեր ունեցած էին   Խրիմեանի երկարատեւ բացակայութիւնները տունէն,–  ան հրաժեշտ տուաւ աշխարհիկ կեանքին  ու դարձաւ կուսակրօն՝ հասնելով   ամենայն հայոց կաղողիկոսութեան:

*

Եթէ պահ մը նկատի առնենք, որ Սահակ  կաթողիկոսը իր կարգին զաւակն էր Ներսէս Մեծին,–  որ նմանապէս կաթողիկոս էր եւ թոռը՝ Յուսիկ[1] կաթողիկոսին, որ իր կարգին զաւակն էր  Վրթանէս կաթողիկոսին, ուրեմն՝ Գրիգոր  Լուսաւորիչի թոռը,– ապա պիտի անդրադառնանք, որ  բաւական իւրայատուկ կացութիւն մը կը պարզէին մեր աշխարհիկ ու հոգեւոր զոյգ իշխանութիւնները այդ դարերուն:

Ուրեմն, Հայաստանի թագաւորական գահը, սկսած 62 թուականէն, անցած էր Արշակունի պարթեւներուն, որոնք ժառանգաբար անընդմէջ իշխեցին մինչեւ 438 թուականը:

Իսկ հոգեւոր իշխանութիւնը, որ կը սկսէր Գրիգոր  պարթեւով, իր կարգին 300 թուականէն սկսեալ ու մինչեւ 439, այսինքն՝ Սահակի մահը,  անընդմէջ ու ժառանգաբար մնաց արշակունիներուն: Այս թուականին ալ վերջ գտաւ այդ իշխանութիւնը, քանի որ Սահակ արու զաւակ չունէր:

Այս վերջինը՝ հոգեւոր իշխանութիւնը,  կարելի՞ է բացատրել միայն  շուշտակ կաթողիկոսներու պատահական յաջորդականութեամբ: Ոմանք այդպէս ալ կը մտածեն:  Սակայն աւելի տրամաբանական է մտածել  այդ դարերուն՝ հոգեւորականներուն  ունեցած ամուսնական իրաւունքով, երբ Քրիստոսի եկեղեցին  տակաւին չէր հաստատած հետեւողական կուսակրօնութիւն մը:

Այս  մասին կը խօսիմ  հետագայ յօդուածով մը:

[1] Այս կաթողիկոսը բրածեծ սպաննուեցաւ հայոց Տիրան թագաւորին  թելադրանքով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles