Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔԱՓԻԹՈԼ ՀԻԼԻ ՄԷՋ

$
0
0

 

Անուշաւան արքեպիսկոպոս՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեանի, Արեւելան թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներու, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներու եւ «Լէօ Սարգիսեան» ամառնային փորձաշրջանի հետեւողներու հետ՝ Ուաշինկթընի Քափիթոլի շէնքին մէջ։

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Երկուշաբթի, 15 Յուլիսին, Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու (IDC) կազմակերպութեան հրաւէրով, Անուշաւան արքեպիսկոպոս միացաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ առաջնորդներու եւ ամերիկացի հաւատքի ղեկավարներու՝ ոչ-կուսակցական աղօթք կատարելու ի խնդիր՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք կը շարունակեն «հալածանքի եւ նախապաշարումի» զոհերը ըլլալ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։ Արարողութիւնը, որ կը կոչուէր «Վաղ քրիստոնէական եկեղեցին. միջ-եկեղեցական աղօթք մը Միջին Արեւելքի լեզուներով», կ՚ընդգրկէր՝ արաբերէնը, արամէերէնը, հայերէնը, ղպտերէնն ու յունարէնը։

Անուշաւան արք․ Դանիէլեան,  Տ. Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան, Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի Սիւզըն Չթճեան-Էրիքսըն, Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Սթիվըն Հաուըրտ եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ՝ ներկայացուցիչ Ճէքի Սփայըրի գրասենեակին մէջ, աղօթքէն առաջ։

Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու (IDC) կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2014ին՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան վտանգուածութիւնը ընդգծելու համար, ինչպէս եւ այն փաստը, որ պատմական քրիստոնեայ համայնքներու վերապրումը անհրաժեշտութիւն մըն է՝ բոլոր ազգերուն եւ ժողովուրդներուն համար։ Կազմակերպութեան նպատակն է՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի քրիստոնեաներու միութիւնը՝ ի պաշտպանութիւնը իրենց միջին արեւելքցի կրօնակիցներուն։ 

Քափիթոլի աստիճաններուն վրայ՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի ամառնային փորձաշրջանի հետեւողներու հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. բազմիցս հաստատած ու գրած է, որ քրիստոնեաները ո՛չ նորեկներ են եւ ո՛չ ալ դրսեցիներ շրջանին մէջ, եւ ո՛չ ալ պէտք է երկրորդ կարգի քաղաքացիներ նկատուին, քանի որ անոնց պատմութիւնը խոր արմատներ ունի Միջին Արեւելքի մէջ։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles