Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԶՈՅԳԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻ ՄԸ

$
0
0

Շաբաթ, Մարտ 23-ին, Գերշ. Տ. Անուշաւան արք․ Դանիէլեան նախագահեց երիտասարդ զոյգերու ընթրիքի մը, որ տեղի ունեցաւ Ափըր Սէտըլ Ռիվըրի  (Նիւ Ճըրզի) մէջ, հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանի։

Հաւաքոյթին գաղափարը Չաղլասեան ամոլին կողմէ առաջարկուած էր Սրբազան Հօր, որպէս սկիզբը շատ մը ուրիշներու, որոնք երիտասարդ զոյգեր քով-քովի պիտի բերեն եւ գաղափարներու անկեղծ փոխանակումի առիթ հանդիսանան։

Հիւրերը հաւաքուած են Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հիւրընկալ զոյգին՝ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանի շուրջ

Երեկոյեան նիւթը՝ «Ժողովուրդի Առաջնորդարանը», կոչուած էր համայնքի անդամները քով-քովի բերելու՝ նոր գաղափարներ ու ծրագիրներ քննարկելու, որոնք ուղղուած ըլլան ընտանիքներն ու երիտասարդութիւնը ներգրաւելու Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդարանի աշխատանքներուն նուիրուած տեսերիզ մը ցոյց տուաւ անոր լայնատարած գործունէութիւնը։ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատասխանեց ու նկատի առաւ բազմաթիւ հարցումներ ու թելադրանքներ։ Մտերմական մթնոլորտը մղեց շատերը արտայայտելու իրենց ցանկութիւնը՝ Առաջնորդարանին ու Եկեղեցւոյ օգտակար ըլլալու։ Առցանց ներկայութեան յաւելեալ ջանքեր ընելու թելադրանքին մասին, օրինակ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատասխանեց, թէ դաստիարակչական ու այլ բնոյթի նոր առաջարկներ արդէն իսկ ծրագրուած են ։ Ան նաեւ քաջալերեց աշխոյժ կերպով հետեւելու Առաջնորդարանի առցանցային տեղեկութիւններուն, որոնք կը տեղադրուին Crossroads-ին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատագիր մը կը յանձնէ տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Թալին Չաղլասեանին

Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ Ֆիլատելֆիոյ համայնքներէն հիւրեր ներկայ էին ու խոստացան նման ձեռնարկներ կազմակերպել Նիւ Եորքի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ՝ երկխօսութիւնը շարունակելու եւ աւելի երիտասարդ ընտանիքներ քաջալերելու, որ այս գործունէութեան մաս կազմեն։

Անուշաւան Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Չաղլասեան ամոլին այս յաջող նախաձեռնութեան համար եւ գնահատագիր մը յանձնեց, որ ի միջի այլոց կ՚ըսէր. «Շնորհակալութիւն Ազգ. Առաջնորդարանի ձեր նուիրումին եւ անոր ծառայութեան առաքելութեան ձեր աջակցութեան»։

Անուշաւան Սրբազան դիտել տուաւ, թէ կը յուսայ, որ այս հանդիպումը սկիզբ մը ըլլայ «օգնելով մեզի ստեղծել ու հաստատել նոր ծրագիրներ, որոնք մեր երիտասարդութիւնը կրնան ներգրաւել հայ քրիստոնէական արժէքներու ուսուցումին մէջ, եւ ընկերային ու դաստիարակչական առիթներ ընծայել անոր համար»։

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles