Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 140-ամեակի Նշում

$
0
0


Մարտ 30-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին առիթով Հ.Յ.Դ. պատմութեան եւ Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարաններու միացեալ ջանքերով տեղի ունեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, Արամ Մանուկեանի անմահ գործը արժեւորողները իբրեւ յարգանք ծաղիկներ զետեղեցին քաղաքամայր Երեւանի մէջ գտնուող անոր յուշարձանին վրայ:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան յայտարարեց, թէ Արամ Մանուկեան իր տեսակով ու նկարագիրով անկրկնելի է մեր նորագոյն պատմութեան մեջ: «Արամը գործի մարդ էր, հոն, ուր գործի ու պատասխանատուութեան կարիք կար, Արամ Մանուկեանը միշտ ներկայ էր: Ըլլալով դաշնակցական` հեղինակութիւն էր բոլորին համար: Ան գիտէր կուսակցական շահերէն վեր բարձրանալ, մտածել համազգային շահերէ մեկնած: Եւ այս առումով անոր ներդրումը անգնահատելի է մեր նորագոյն պատմութեան կերտման մէջ», շեշտեց Արսէն Համբարձումեան:
Անոր համաձայն, տարբեր սերունդներ Արամ Մանուկեանը ճանչնալու աւելի լաւ կարելիութիւն պէտք է ունենան, թէեւ ցաւօք, խորհրդային պատմութեան ժամանակ անոր դերին ու նշանակութեան մասին դասագիրքերու մէջ չէ գրուած, բայց եւ այնպէս ան նոյնիսկ տասնամեակներու խորերէն պիտի յառնի ու իր պատգամը պիտի փոխանցէ:
Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցած ձեռնարկին պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, զօրավար Վարդան Աւետիսեան ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ գնահատանք արձանագրուած է պետական եւ ռազմական գործիչ Արամ Մանուկեանի հասցէին:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Ղազարեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց հայութեան պայքարը` ինքնիշխան կեանքի համար եւ նշեց, որ հայոց ազատագրական պայքարը իր բարձրակէտին հասած է Սարդարապատի մէջ:
Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը շարունակուեցաւ Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի դահլիճին մէջ, ուր հնչեցին յիշատակի խօսքեր, նաեւ հայրենասիրական երգի կատարումներ, որոնց սիրով մասնակցեցան ներկաները:
Խօսքերուն մէջ անգամ մը եւս արժեւորուեցաւ պետական ու ռազմական անկրկնելի անհատին կեանքն ու գործունէութիւնը: Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան Արամ Մանուկեանը նկատեց մեր նորագոյն պատմութեան Փոքր Մհերը, որ ծնաւ իրականութիւն դարձնելու աւելի քան 600 տարի պետականութիւն չունեցող ժողովուրդի երազը` ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` այդպիսով վերածուելով ազգային դէմքի:

?????????????????????????????????????????????????????????

Պատմաբան Արմէն Ասրեանի համաձայն, Արամ Մանուկեան այն գործիչն էր, որ կը խօսէր այն մասին եւ կը քարոզէր այն, ինչ որ կրնար ընել, այդ պատճառով ալ անոր խօսքը գործ էր, իսկ ինք ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, ապա նաեւ անկախ պետականութեան վերականգնման:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles