Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱԼԷՊ.- ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐՕԾՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

$
0
0

Ուրբաթ, Մարտ 29-ին, Հալէպահայութիւնը խանդավառութեամբ ողջունեց Արամ Ա. Վեհափառին այցելութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետն ու անոր պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց Վեհափառ Հայրապետին դիմաւորութեան համար շարք կազմած էին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի տարազաւոր արի-արենոյշները եւ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը կանոնական աղօթք մատուցեց, որմէ ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք Սարգիսեան ողջոյնի եւ բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին ու ըսաւ. «Հովուապետական Ձեր այս այցելութիւնը իւրայատուկ եւ պատմական պիտի դառնայ, որովհետեւ ձեր Ս. Աջով, շնորհաբաշխ ներկայութեամբ պիտի սրբագործէք, վերաօծէք, վերաբանաք պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց աթոռանիստ Մայր եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդին պիտի տաք հիմնական յոյսը եւ հաւատքը՝ շարունակելու մեր հաւաքական երթն ու հաւատքի առաքելութիւնը»: Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տալու:

Արամ Ա․ գնահատանքի խօսք ուղղեց ժողովուրդին, որ անցնող շուրջ եօթը տարիներուն տառապեցաւ, բայց հաւատաց իր հաւաքական, քրիստոնէական ինքնութեան, իր հոգեւոր, բարոյական արժէքներուն, իր ազգային ձգտումներուն:

«Այն ժողովուրդին, որ իր հաւատքին խառնեց իր յոյսը եւ կապուած մնաց Սուրիական Հայրենիքին, համախմբուեցաւ իր եկեղեցւոյ, իր համայնքային կառոյցներուն շուրջ եւ սիրոյ ու եղբայրութեան ոգիով շարունակեց գոյակցիլ այս երկրին իսլամ թէ քրիստոնեայ համայնքներուն հետ: Այն ժողովուրդին, որ ինչպէս միշտ իր կեանքին ամէնէն դառն  պայմաններուն մէջ ամրապնդեց իր ներքին միասնութիւնը՝ հաւատալով, որ մեր ազգին, մեր գաղութին հզօրութեան աղբիւրը ամէն տեղ, բոլոր պայմաններուն մէջ, Հալէպէն մինչեւ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեր ներքին միասնական կեանքն է: Գնահատանքի երկրորդ խօսքս կ՛երթայ Առաջնորդ Սրբազանին, որ անցնող շուրջ 15 տարիներու ընթացքին նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ ծառայեց ձեզի, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնը, յարակից մարմինները եւ քոյր կազմակերպութիւնները: Կ՛ողջունեմ նաեւ Գերապայծառը եւ վերապատուելին, որոնք միասնաբար, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ կողք-կողքի, սիրտ-սիրտի ծառայեցին ձեզի: Ինծի համար յատուկ ուրախութիւն է ողջունել Սուրիոյ հայութեան այն ղեկավարութիւնը, որ ինքզինք արժեւորեց ոչ միայն խօսքով, ոչ միայն ծրագրերով, այլ՝ ծառայութեամբ: Գնահատանքի երրորդ խօսքս կ’երթայ ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ ձեր բոլորին: Անցնող տարիները ինչպէս ըսի դիւրին չեղան ձեզի համար, ես ալ գիտեմ թէ ի՞նչ կը նշանակէ տագնապի մէջ ապրիլ: Հպարտ եմ ձեզմով, դուք մնացիք կառչած ձեր ընտանիքներուն, ձեր քոյրերուն եւ համայնքին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ ձեր կողքին՝ զօրակից, մասնակից Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն»:

Յաջորդ օրը, տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ Մայր Եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերօծումը: Վեհափառ Հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ փողերախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Արարողութեան ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հ․Հ․ Սուրիոյ Դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Հ․Հ․ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի, հալէպահայ միութիւններու,Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, օտարազգի հիւրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն մը:

Քահանայ հայրերը նախ ջուրով եւ գինիով սրբեցին օծման տեղերը՝ դռները (բարաւորը, սիւները եւ դուռը), եկեղեցւոյ կեդրոնական չորս սիւները, կեդրոնական խորանի չորս անկիւնները, աջակողմեան եւ ձախակոմեան խորանները եւ մատրան խորանը: Այնուհետեւ վերոնշեալ վայրերը Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Ս. միւռոնով օծուեցան:

Օծման աւարտին, «Պահպանիչ» աղօթքէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ.Արք. Սարգիսեան ըսաւ. ««Եթէ Տէրը ինք չշինէ տունը, զուր տեղ կը յոգնին զայն շինողները. եթէ Տէրը ինք չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (Սաղմոս 127.1)։ Այս իրագործումը երկնաւորին օրհնութեան, Իր փառքին եւ Իր ժողովուրդին հոգեւոր պայծառութեան համար եղաւ»։

Արամ Ա. դիտել տուաւ, որ հայոց եկեղեցին մեզի համար Աստուծոյ տունն է, հայոց ժողովուրդը եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ Աստուծոյ հետ եղաւ, Աստուծոյ հետ խօսեցաւ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր պատմութեան ընթացքին, եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս սովորական իմաստով շէնք եւ պատ չեղաւ, այլ եղաւ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ լոյսի առաքելութիւն, եղաւ Ս. Սահակ, Ս. Մեսրոպ, Այբուբեն, Հայոց լեզու, ոսկեայ մշակոյթ, եղաւ Նարեկացի եւ ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուած, եղաւ Ներսէս Շնորհալի, հեզամրմունջ շարական եւ աղօթասաց երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ:

«Մեր պատմութեան միջնադարու խաղաղ օրերուն, մեր եկեղեցին յոյս դարձաւ ու լոյսի առաքելութեան լծուեցաւ ցիր ու ցան դարձած մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս ու տակաւին մեր եկեղեցին եղաւ Խրիմեան Հայրիկ եւ երկաթէ շերեփ: Մեր եկեղեցին եղաւ ու մնաց ազգային պահանջատիրութիւն այն բոլոր անարդար գործերուն, ցեղասպանական ոճիրներուն նկատմամբ, որոնք փորձեցին մեր ժողովուրդին կամքին մէջ Աստուծոյ հաւատքը պահել, մեր ժողովուրդին արդարութեան տենչը սպանել: Այս բոլորը եղաւ մեր եկեղեցին: Այլ խօսքով՝ հաւատքի առաքելութիւն, ազգանուէր ծառայութիւն, մշակութային արժէքներու կենսագործում եւ ազգային պահանջատիրութիւն, այսպէս եղաւ ու այս է մեր եկեղեցին, Աստուծոյ տունը, որուն հետ նոյնացաւ մեր ժողովուրդը եւ զայն դարձուց նաեւ ի՛ր տունը, ազգին հաւաքական տունը:

«Մեր ժողովուրդի ցաւին, տառապանքին եւ կարիքներուն դիմաց: Մեր եկեղեցին անտարբեր չեղաւ ու պիտի չըլլայ, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Սուրիա եւ ամէն տեղ, որովհետեւ մեր եկեղեցին վայր չէ, մեր եկեղեցին Աստուծոյ ներկայութիւնն է, Քրիստոսին մարմինն է, այլ խօսքով՝ հաւատքի վկայութիւն, ժողովրդանուէր ծառայութիւն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, ապա յայտնեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, կաթողիկոսներ օծուած են, կաթողիկոսներ թաղուած են եւ սրբալոյս միւռոն օծուած է այս եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին միւռոնը Թուրքիայէն պարտադիր կերպով դուրս դրուած երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին կողմէ օծուած է, 29 Մայիս 1923-ին եւ նոյն միւռոնով այսօր կը վերօծուի եկեղեցին:

Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին դիմելով ըսաւ.«Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց ,Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերօծումը անձնական ու խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի:Մեր եկեղեցւոյ հաւատքի վկայութիւնը կը շարունակուի, պատմութեան ընթացքին ուրիշներ քանդեցին հիւսիսէն թէ հարաւէն, արեւելքէն թէ արեւմուտքէն, սակայն մենք վերաշինեցինք, ուրիշներ փորձեցին մեր ժողովուրդին հաւատքը սպանել, բայց մենք հաւաքաբար ըսինք, թէ այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել: Ուրիշներ անարդարութիւն գործեցին, սակայն մենք մեր հաւաքական կեցուածքով ո՛չ ըսինք անարդարութեան, պայքարեցանք ու պիտի պայքարինք ի խնդիր արդարութեան: Ուրիշներ ցեղասպանութիւն գործեցին մեր ժողովուրդին դէմ, սակայն չյաջողեցան: Այսօր մեր ժողովուրդը յարութիւն առած է, Հալէպէն սկսեալ ի սփիւռս աշխարհի: Այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, թէկուզ մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր շերտին վրայ, սակայն պիտի ձգտինք Հայաստանը տեսնելու մեր երազին պատկերով: Ուրիշներ փորձեցին աշխարհի քարտէսէն ջնջել Հայաստանը ու հայութիւնը, սակայն այսօր, մենք ներկայ ենք ամէն տեղ, մենք երբեք չենք մոռնար սուրիացի ժողովուրդը, որ ցեղասպանութենէն յետոյ մեր ժողովուրդին զաւակները ընդունեց:

«Այսօր փառաբանանքի օր է առ Աստուած, գոհաբանութեան օր է առ Աստուած: Ահաւասիկ ցեղասպանին կողմէ քանդուած այս եկեղեցին, վերաշինեցինք եւ սուրիական հողին վրայ պիտի շարունակենք վերաշինութիւնը, վերականգնումը Հալէպէն սկսեալ մինչեւ Տէր Զօր եւ ամէն տեղ պիտի վերաշինենք, պիտի վերականգնենք, պիտի վերածաղկեցնենք: Այս է հայու ոգին, այս է մեր առաքելութիւնը ամէն տեղ: Այս առիթով ես նաեւ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր մղումով, իր ճիգով ու աշխատանքով ահաւասիկ այս եկեղեցին պայծառացած կը տեսնենք:Վստահ եմ որ Ազգային Իշխանութեան հետ միասնաբար վերականգնումի, վերածաղկումի առաքելութիւնը պիտի շարունակուի»:

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց համայն հայութեան օժանդակելու սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքերուն:

Սրբագործման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ հայրապետական օրհներգի, ապա «Կիլիկիոյ մաղթերգ»ի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, սրբագործուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական աջահամբոյր:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան վերօծուած եկեղեցիէն ներս ընդունեցին  Հալէպ նահանգի պետական եւ ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուները, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետներն ու զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։

Եկեղեցւոյ մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը եւ թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հալէպի նահանգապետին ու քաղաքապետին ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ վերօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին։

Հիւրերը շրջեցան եկեղեցւոյ մէջ, բարձրօրէն գնահատեցին անոր վերանորոգումը եւ շնորհաւորեցին Սուրիոյ ողջ ժողովուրդը, յատկապէս՝ սուրիահայութիւնը։ Այս առիթով, Հալէպի Մուֆթին յայտնեց. «Թէեւ որոշ շրջան մը բոլորս զրկուեցանք այս եկեղեցիէն, սակայն ան կանգուն մնաց իր զաւակներով։ Սուրիան պիտի վերականգնի եւ վերագտնէ իր խաղաղութիւնը»։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles