Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ 2019»

$
0
0

Կիրակի, Մարտ 17-ին, «Գառնըկի»ի Weill Recital Hall համերգասրահը լեցնող բազմութիւնը վայելեց սքանչելի երաժշտութեան յետմիջօրէ մը, շնորհիւ երեք տաղանդաւոր երաժիշտներու՝ Քարա Պօղոսեան (ջութ), Էդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ) եւ Վաչէ Ճամպազեան (դաշնակ)։

Երեքն ալ իրենց ուսումը կը շարունակեն՝ ելոյթներու կողքին. Քարա Պօղոսեան՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ, Էդուարդ Պօղոսեան՝ Պելճիքայի մէջ, իսկ Վաչէ Ճամպազեան՝ Նիւ Եորքի մէջ։

36-րդ «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգը սկսաւ Քարա Պօղոսեանի դժուար կտորի մը մեկնաբանութեամբ՝ Պախի եօթ շարժումներով սուիթը, ուր օժտեալ երաժիշտը ցոյց տուաւ իր վարպետութիւնն ու ինքնավստահութիւնը։ Յայտագրի շարունակութեան մէջ, երեք արուեստագէտները մէկ մարդու պէս մեկնաբանեցին Պէթհովէնի վշտալի սոնաթ մը՝ բացառիկ որակով։

Յայտագրին մաս կը կազմէին քանի մը հայ երգահաններ, ներառեալ Կոմիտաս վարդապետը, որուն գործերը մեկնաբանելէ առաջ, Եդուարդ Պօղոսեան խօսք առաւ երեք արուեստագէտներուն անունով, անոնց գնահատանքը յայտնելով, ու ըսաւ. «Մեծցանք լսելով ու մեկնաբանելով Կոմիտասի երաժշտութիւնը»։ «Երկինքն ամպել ա»ի զուարթ ոգին յատուկ նկատողութեան արժանի էր։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի հանրածանօթ «Այ վարդ»ը։

Համերգին ներկայացուեցան ժամանակակից հայ երգահաններ, որոնց շարքին՝ Տիգրան Մանսուրեանի խոհական «Չորս հայրեններ»ը եւ Էդուարդ Միրզոյեանի ոգեկոչական թաւջութակի եւ դաշնակի սոնաթը, որոնք կը ներկայացնէին ժամանակակից եւ հոգեւոր մոթիֆներու միախառնումը։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles