Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՄԻՏՔՈՎ ՏԱՍԸ ԱՄԻՍԸ ԲԱՒ ՉԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ԼԱՒ ՀԱՐՍԱՆԻՔ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ

$
0
0

            Երեւան կ’ըսեն, թէ գարուն է, բայց շուէտական կամ սիպերիական ցուրտը կը շարունակուի: Կեդրոնականցին, բուրդերու կծիկ եղած, Էլպիսի հետ խուժեց մեկնիլ չուզող ձմրան դէմ պայքարող մեր տան մէջ ապաստան գտնելու համար:

            Բազմաշնորհ է Էլպիս: Անուշապուր բերած էր հայաստանեան առատ չիրով: Արմենակ պայուսակէն հանեց Արարատ կոնեակ մը: Բարեւեց եւ ըսաւ. «Նախ տաքնանք: Իսկ անուշապուրը այնքա՜ն էներգետիկ է, որ տաքցուելու կարիք չունի»:

            Երեւանը պատուհանէն դիտուած արեւով լուացուած բիւրեղապակեայ երկինքին տակ էր: Լոյս: Երեւանի տուներու մնայուն եւ չլռող հիւրը հեռատեսիլն է, ներկայ բոլոր սենեակներու մէջ, նաեւ՝ խոհանոցը: Անջատեցինք: Արմենակը եկած էր:

            – Մակա՛ր, եկայ որ Հայաստանը, մարդիկը եւ մեծերը մօտէն դիտեմ եւ ճանչնամ, սխալ կարծիքներու զոհ չըլլամ: Լսածներովս եւ տեսածներս շուարումի կը մատնեն:

            – Կը վարժուիս: Սովետէն մարդկ բնազդով դիալեկդիկա գիտեն, այսինքն խօսքի ծովուն մէջ լողալ: Ըսուածի ետին միշտ չըսուած կայ: Ի՞նչ բան կրկին յուզած է քեզ:

– Այլեւս չեմ յուզուիր, կը զարմանամ:

            – Զարմանալու ալ կը վարժուիս, որպէսզի չզարմանաս,- ըսի:

            – Զիս ձե՞ռք կ’առնես: Հեռատեսիլի մէկ ալիքէն միւսը գացի, կրկին եւ կրկին լսելու մեր յեղափոխական դիպաշարներու, ինչպէս կ’ըսեն՝ ցենարներով՝ իր քայլը նետող վարչապետը: Չհասկցայ, թէ տասը ամիս պատրաստութեան կարիք ունեցող հարսանեկան պատրաստութիւն ե՞րբ եւ ո՞ւր տեսած է, նոյնիսկ Անգլիոյ գահաժառանգներու հարսանիքները տասը ամիս պատրաստութեան պէտք չեն ունեցած: Իսկ եթէ կառավարութեան մը խնդիրներէն իւրաքանչիւրը տասը ամիս պահանջող պատրաստութիւն պահանջող հարսանիքի կը նմանի, ինչպէս ինք կ’ըսէ, տասը հարսանիքը Ազգային ժողովի տեւողութիւնն է, նաեւ՝ կառավարութեան: Ինչպէ՞ս պիտի կառավարուի երկիրը:

            – Արմենա՛կ, վարչապետը զուարթախօսութիւն մը ըրած է:

            – Այդպէս ալ մտածեցի: Բայց երեւոյթ մը զիս կը մտահոգէ: Վարչապետը, առաջին օրէն ցոյց տուաւ, որ կը սիրէ յեղափոխական մենաթատրոն խաղալ, one man show, ես ըսեմ, բայց կարծեցէ՛ք որ դուք կ’ըսէք եւ ծափահարեցէ՛ք: Բանիմացները չեն մնար սրահին մէջ: Կը մնայ ամբոխը: Եւ ամբոխով մեր դժուար կացութեան մէջ եղող երկիրը չի ղեկավարուիր:

            – Մեր ժողովուրդը մտաւորականութիւն ունի, Արմենա՛կ, իմաստութիւն:

– Ես ալ այդպէս կը հաւատամ, Մակա՛ր, ողջախոհութիւնը վերջ կու տայ յեղափոխութեան, կ’ըլլայ ազգային կառավարում, թէեւ ազգային իմացումը ելեկտրոնային ուշիմութեան մէջ տեղ չունի, կամ կրկին կ’ունենանք միջազգային լրատուամիջոցներուն խօսելու եւ գրելու նիւթ մատակարարող հակայեղափոխութիւն, որ ինքզինք կը կոչէ նոր յեղափոխութիւն: Մինչ այդ Երեւանէն դուրս գտնուող հիւանդանոցները կը մնան անտիրութեան վիճակի մէջ, Գիւմրիի աւերակները կը մնան աւերակ, բայց կը շարունակուին միջազգային ճամբորդութիւնները դէպի աշխարհի յայտնի եւ նուազ յայտնի մայրաքաղաքները, ի հարկին նկարահանողներով, որպէսզի հեռատեսիլի պատուհանները դատարկ չմնան:

            Իմաստուն Կեդրոնականցին լռեց: Սպասեց անուշապուրի եւ կոնեակի ակցիան:

 

Մակար, 1 ապրիլ 2019, Երեւան 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles