Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան, հիւրընկալութեամբ Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, Մարտ 9-10, 2019-ի շաբաթավերջին Նիւ Եորքի Springhill Suits-ի մէջ տեղի ունեցաւ միջ վարչական դիւաններու, սկաուտական խորնհուրդներու և Երիտասարդական խորհրդաժողովներ:
Վերոնշեալ խորհրդաժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ինը մասնաճիւղեր՝ Շիքակօ, Փրովիտենս, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Տիթրոյթ, Ալպընի և Մէրրիմաք հովիտի միաւորը, որոնք ընդամէնը կը հաշուէին 60 քոյրեր և եղբայրներ:
Շաբաթ օր տեղի ունեցան վարչութիւններու դիւաններու և Սկաուտական խորհուրդներու խորհրդաժողովներ, որոնք կայացան երկու տարբեր ժողովասրահներու մէջ իրենց յատուկ օրակարգերով:
Բարի գալուստի իր խօսք ուղղեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Եղբայր Արամ Գայսերեանը (Պոսթըն), որ բոլորին հռաւիրեց ՛՛Յառաջ Նահատակ՛՛ քայլերգը երգելու, ապա ներկայացուց ժողովին օրակարգը:
Ժողովը լսեց Մասնաճիւղերու վարչութիւններու 2019 տարեշրջանի գործունէութեան նախագիծն ու հակիրճ զեկուցումները: Մասնակիցները բաժնեցին իրենց փորձարութիւնները, փոխադարձ հարցումներով և զրոյցներով:
Ժողովը լսեց տնտեսական ներդրումներու մասնագէտ Ճեյմս Սահակեան հիմնադրամի հոգաբարցու (Նիւ Ճրզի) զեկոյցը Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Հիմնադրամի “ACAA Endowment Fund” մասին. Ներկաները զանազան հարցումներով լուսաբանուեցան: Ապա Շրջանային Վարչութիւնը յայտարարեց միութեան հիմնադրամի հաստատումը Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Հիմնադրամի մօտ, քաջալերելով որ մասնաճիւղերն ալ ներդրում կատարեն վերոնշեալ ծրագրին մէջ: Եղբայր Փաթրիք Եաղաճեան՝ վկայեալ հաշուապահ (CPA) Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչական, զեկուցեց մասնաճիւղերու ոչ հասութաբեր ՛՛Non-Profit՛՛ կազմակերպութիւն արձանագրելու կարեւորութեան և միջոցներու մասին: Շրջանային վարչութեան ատենապետը ներկայացուց Շրջանային Վարչութեան զեկուցումը եւ գործունէութեան ամփոփ նախագիծ տեղեկագիրը: Եղան լուսաբանական հարցումեր, որոնց եղբայրը ժամանակ տրամադրելով, պատասխանեց:
2019-ի 29-րդ Նաւասարդեան Խաղերու մասին զեկուցեց հիւրընկալ մասնաճիւղի ատենապետ Եղբայր Գարեգին Շամլեանը (Նիւ Եորք). Ժողովականներուն հետաքրքրութիւնը բաւարարող պատասխաններով, եղբայրը աւարտեց զեկոյցը:
Շրջանային Վարչութեան անդամ և մարզականի ներկայացուցիչ Եղբայր Փօլ Քոքուզեանը (Շիքակօ) զեկուցեց՝ Նաւասարդեան խաղերու ուղղեցոյցին մասին.- “Navasartian Planning – Lessons Learned”: Այս ուղղեցոյցը պիտի ծառայէ վերաորակաւորելու Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպական աշխատանքները:
Շրջանային արհեստագիտական IT յանձնխումբի անդամ Եղբայր Շանթ Վարդանեան (Շիքակօ) զեկուցեց յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին, վերանորոգուած կայքէջ (website), շրջանի ներքին առխիւներու և տեղեկատուական համաձանձային մթերանոցի (EUSA Portal), Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ե-նամակներու (Homenetmen Emails) և Նաւասարդեան խաղերու արձանագրութիւններու Կայք (Navasartian Dashboards):
Հանրային յարաբերութիւն PR. Յանձնախումբի անունով խօսք առաւ ատենապետ Եղբայր Գէորգ Ուրֆալեանը, որ ներկայացուց յանձնախումբին անցած մէկ տարուայ ընթացքին տարած աշխատանքներուն մասին: Հաղորդագրութիւններ պատրաստեցին միութեան զանազան միջոցարումներու մասին, անոնք տեղադրուեցան ՝՝Հայրենիք՝՝ և ՝՝Armenian weekly՝՝ շաբաթաթերթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային համացանցերու վրայ: Շրջանի կայքէջին վերաորակաւորումի աշխատանքին մաս կազմեցին, պատրաստեցին տարեկան պարբերաթեր,թ ուր տեղ գտաւ միութեան անցեալ տարուայ գործունէութիւններու զեկոյցներն ու տարեկան օրացոյցը:
Թ.- Սկաուտական. Շրջանային սկաուտական խորհուրդը միացաւ այս օրակարգի ընդացքին, յայտարարեց թէ Օգոստոս 14-18, 2019 Տիթրոյթի մէջ տեղի պիտի ունենայ շրջանային բանակումը: Նախատեսած են Հիւսիսային Ամերիկայի միջ շրջանային սկաուտական ղեկավառներու բանակում, որու մանրամասնութիւնները մօտ ապագային պիտի փոխանցուի:
Եղբայր Շանթ Ժամկոչեանը սահիկներու ընկերակցութեամբ դասախօսութիւն մը տուաւ շ ղեկավարի յատկութիւններուն մասին՝ “Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգի խթանող ղեկավարը” :
Եղբայր Կարօ Թաշեանը անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնած Երիտասարդական (18-30 տարիքի) Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խորհրդաժողովի մասին, և յաջորդ օրուայ Շրջանային Վարչութեան հրաւիրած երիտասարդական ժողովին մասին: