Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Մուրատ Մանուկեան
Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց
mouradmanoukian@yahoo.com

 

Դաշնակցութեան կառոյցային եւ կանոնադրական սահմանագիծերէն դուրս, հանրային եւ հրապարակային ճամբով ներ-կուսակցական տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ եւ վէճեր արծարծելու երեւոյթն ու Դաշնակցականի կերպարը իրենց էութիւններով՝ անհամատեղելի են:

Ամէն հայ անհատ, որ կամովին կ՛ընդունի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը ու կը դառնայ Դաշնակցական ընկեր, այդ օրէն սկսեալ ան գիտակցաբար կը սահմանագծէ իր խօսքի եւ գործի ազատութիւններու շրջագիծը, պատշաճեցնելով զայն Հ.Յ.Դ. կազմակերպական գրաւոր եւ անգիր կանոններուն եւ սովորութիւններուն: Այս իրողութիւնը չ՛ենթադրեր սակայն, որ Դաշնակցութեան շարքերէն ներս ընկերը կը դադրի իւրայատուկ անհատականութիւն ըլլալէ եւ կը կորսնցնէ այս կամ այն հարցին վերաբերեալ իր ուրոյն կեցուածքները ունենալու եւ նոյնիսկ՝ կուսակցական մարմիններու հետ տարակարծիք ըլլալու իր իրաւունքը: Ընդհակառակը՝ ընդունելով իր ազատութիւնները սահմանագծող շրջագիծը, ընկերը ցուցաբերած կ՛ըլլայ հաւաքականութեան մը պատկանելու խոր գիտակցութիւն եւ կատարեալ յարգանք հանդէպ՝ այդ հաւաքականութիւնը իրար շաղկապող եւ անոր գոյութեան հիմերը ամուր պահելու միտած ներքին կանոններուն եւ սովորութիւններուն:
Հ.Յ.Դ. կազմակերպական կանոնները շատ յստակ կը սահմանեն բոլոր այն առիթները, վայրերը եւ միջոցները որոնցմէ կրնայ օգտուիլ իւրաքանչիւր ընկեր ազատօրէն արտայայտուելու, քննադատելու, տարակարծիք ըլլալու եւ տեղի ու ժամանակի պարունակին մէջ տեղադրուած իր տեսակէտները փոխանցելու առ որ անկ է: Կրնայ պատահիլ, որ այդ տեսակէտները արժանանան մարմիններու եւ ժողովներու ուշադրութեան հետեւաբար՝ որակի եւ պարունակի իմաստով դրական ներգործութիւն ունենան կազմակերպութեան որոշումներուն, կեցուածքներուն եւ քաղաքական մարտավարութեան վրայ: Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ անոնք մերժուին եւ նկատուին որպէս՝ անհատական եւ կամ փոքրամասնական տեսակէտներ ու չկարենան այս կամ այն չափով ազդել ընդհանուր որոշումներուն, տեսակէտներուն եւ վարուած քաղաքականութեան վրայ: Այս վերջինի պարագային է, որ ընկեր մը ինչ-ինչ պատճառներով կը մատնուի տարակարծութիւններն ու քննադատութիւնները կուսակցական շրջագիծէն դուրս հանելու եւ հանրային հարթակներով արծարծելու փորձութեան:
Այս իմաստով՝ մերթ-ընդ-մերթ տպագիր մամուլին ինչպէս նաեւ՝ ընկերային ցանցերու մէջ մենք կը հանդիպինք անհատ ընկերներու ստորագրութիւնը կրող եւ Հ.Յ.Դ. գերագոյն մարմիններու այս կամ այն քաղաքական ուղեգիծը քննադատող գրութիւններու: Այս գրութիւններու հրապարակայնացման ներքին տրամաբանութիւնը, շատ յաճախ, կը ներկայացուի որպէս՝ սրտցաւութեան մղումներով՝ ուղղելու եւ սրբագրելու միտուած խղճի պարտք, արդարացուած նաեւ՝ “խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութիւն՛՛ բնորոշումներով: Սրտցաւութիւն այն իմաստով, որ ընկերը ցաւ կը զգայ, որ իր պատկանած կազմակերպութեան (որուն ջերմեռանդ հաւատացեալն է ինք) ղեկավար մարմինները, ըստ իրեն, որդեգրած են սխալ ուղի եւ ինք հետեւելով իր խղճի ձայնին պէտք է ամէն գնով միջամտէ՝ ուղղելու համար թոյլ տրուած սխալը:
Քննադատական իր տեսակէտները եւ կարծիքները հրապարակայնացնելու ընկերոջ այս քայլը, ամբողջապէս անտեսելով պատշաճութիւնները եւ կարգն ու կանոնը կու գայ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, հարուածելու Դաշնակցութիւնը ամուր պահող կարգապահութեան հիմերը: Խնդրոյ առարկայ կը դառնան կարգ մը սկզբունքներ: Առաջին հերթին՝ միասնականութիւնը: Ընկերը ինքզինք (իր տեսակէտներու ճամբով) ուղղակիօրէն հակադրելով ղեկավար մարմիններու ուղեգիծին, հանրութիւնը կը դնէ ընտրութիւն մը կատարելու իրավիճակին մէջ, հարցականի տակ առնելով Դաշնակցութեան միասնականութիւնը: Իրավիճակ որուն հետեւանքները եթէ ոչ երկարաժամկէտ գէթ՝ կարճ ժամանակի մը համար կրնան երկփեղկել ընկերական եւ համակիր շրջանակները, սխալ պատգամներ փոխանցել քաղաքական շրջանակներուն եւ ունենալ իրենց ժխտական անդրադարձը կազմակերպութեան վրայ:
Երկրորդ՝ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցներէն ներս ժողովրդավարութիւնը այն էական սկզբունքներէն է, որ առաջնորդած է այս կազմակերպութիւնը իր լաւ ու վատ օրերուն: Այս սկզբունքին հիման վրայ է, որ պահուած ու պահպանուած է իւրաքանչիւր ընկերոջ խօսքի իրաւունքն ու ի պահանջեալ հարկին՝ այդ խօսքը առ որ անկ է լսելի դարձնելու իրաւունքը: Այնպէս որ, չդիմել եւ կամ չբաւականանալ բացառապէս ներ-կուսակցական միջոցներով կազմակերպութեան գերագոյն մարմիններուն լսելի դառնալու այլ՝ դիմել հանրային, հրապարակային հարթակի ընձեռած միջոցներուն իմա՝ տպագիր մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն, հրապարակայնօրէն տարակարծիք ըլլալու գերագոյն մարմիններու եւ ժողովներու որդեգրած ուղեգիծին, մեղմ ըսած՝ անտեսումն ու մերժումն է բոլոր այն ժողովրդավար սկզբունքներուն որոնք որդեգրուած են, ընդունուած են եւ յաջողապէս կը կիրարկուին կազմակերպութեան առօրեային մէջ: Ճիշդ է, որ խօսքի ազատութիւնը իւրաքանչիւր ընկերոջ բացարձակ իրաւունքն է սակայն՝ անհրաժեշտ է տարբերել այդ իրաւունքը իւրաքանչիւր ընկերոջ, իւրաքանչիւր խօսքի ամէն գնով ուղեգիծ թելադրող դառնալու մեծամիտ ցանկութիւնէն:
Երրորդ՝ ինչպէս վերը կը նշէինք, Հ.Յ.Դաշնակցութեան կամովի անդամակցութիւնը կը սահմանագծէ անդամ ընկերոջ ազատութիւններու շրջագիծը պատշաճեցնելով զայն Հ.Յ.Դ. կազմակերպական կանոններուն եւ սովորութիւններուն: Անգիտանալ այս իրականութիւնը եւ կամ միայն ընտրովի պարագաներու կիրառել զայն, պարզ խօսքով կը նշանակէ՝ արհամարհել գոյութիւն ունեցող եւ կարգն ու կանոնը հաստատող օրէնքները եւ երբեմն ալ աթոռամոլական երանգներ պարունակող սնափառութիւնէ մեկնած՝ առանձնաշնորհեալի ինքնակոչ հանգամանքով ինքզինք վեր դասել անոնցմէ:
Չորրորդ՝ ընկերը ինքզինք առանձնաշնորհեալ դասելով, յարգանքի եւ գիտակցութեան անբաւականութիւն մը կը դրսեւորէ: Ընկերոջ մօտ, ըստ երեւոյթին, շփոթ գոյացած է հաւաքականութեան մը պատկանելու եւ միաժամանակ բացառելու, որ ինչպէս մնացեալ բոլոր անդամները ինք եւս ենթակայ է այդ հաւաքականութեան օրէնքներուն ու կանոններուն: Մտահոգիչ է նաեւ այն փաստը, որ այս արարքով ընկերոջ մէջ խաթարուած կը թուի ըլլալ այն գիտակցումը, որ կուսակցական-կազմակերպական ամուր կառոյցը կանոնագրի եւ կանոնադրային կանոններու կողքին եւ նոյնքան (եթէ ոչ աւելի) կարեւոր, կախեալ է ընկերներու եւ գերագոյն մարմիններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հաւատքի եւ վստահութեան չափէն, որ ինքնին էական եւ անհրաժեշտ արժէք է: Տակաւին, կը թուի թէ՝ ընկերոջ համար յստակ չէ, որ ամուր կապ մը պէտք է գոյութիւն ունեցած ըլլար իր եւ Դաշնակցութեան հաւաքական կամքին միջեւ: Հաւաքական կամք, որ ամրագրուած է կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովներու որոշումներով եւ արտացոլուած գերագոյն մարմիններու վարած քաղաքականութեան մէջ: Աւելին, իր այս արարքով ընկերը, գիտակցաբար կամ ոչ, կու գայ ջուր լեցնելու բոլոր անոնց ջրաղացին, որոնք տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին սեպ խրելու Դաշնակցական ընկերներուն եւ Դաշնակցութեան գերագոյն մարմիններուն միջեւ, փորձելով հարուածել հաւատքի եւ վստահութեան այն կուռ կապ-վահանը որ պահած ու պաշտպանած է եւ կը շարունակէ պաշտպանել մեզ այլոց ոտնձգութիւններէն:
Սրտցաւ ըլլալ ու տագնապիլ եւ լաւագոյնը ցանկալ այն կազմակերպութեան որուն կամովին անդամակցած ենք, իրաւունք չի տար մեզի ի գին ամէն ինչի ներառեալ՝ անգիտութիւնը, եսասիրութիւնը, աթոռամոլութիւնը եւ անսխալական ըլլալու բարդոյթը, գերագոյն մարմիններու եւ ժողովներու որոշումներն ու կեցուածքները քննադատող մեր տեսակէտները հանրային եւ հրապարակային հարթակներու ճամբով բարձրացնելու: Ճիշդ այս պատճառով ալ, Դաշնակցութեան կառոյցային եւ կանոնադրական սահմանագիծերէն դուրս, հանրային եւ հրապարակային ճամբով ներ-կուսակցական տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ եւ վէճեր արծարծելու երեւոյթն ու Դաշնակցականի կերպարը իրենց էութիւններով՝ անհամատեղելի են:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles