Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Քրայսթչըրչի մզկիթին վրայ տեղի ունեցած յարձակումները, որոնց պատճառով 49 անմեղներ սպաննուած էին:
Նոր Զելանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ.
«Մենք կը դատապարտենք նաեւ զինուած մեղադրեալին կողմէ հայերէնին, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ ազգութիւններու` վրացիներու, սերպերու, ռուսերու եւ աւստրիացիներու լեզուներուն անդրադառնալու փորձը` այդ լեզուներով նշումներ կատարելով իր զէնքին վրայ, որով յարձակում կատարած է իսլամական համայնքին վրայ:
Նման խաչակրաց արշաւանքները տեղ չունին մեր աշխարհին մէջ, եւ հաստատապէս տեղ չունին խաղաղասէր Նոր Զելանտայի մէջ:
Նոր Զելանտայի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ բնակող հայերը անվերապահօրէն կանգնած են յարձակման ենթարկուած մզկիթներու հետեւորդներուն եւ անդամներուն կողքին: Մենք կը սգանք այն ընտանիքներուն հետ, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները, ինչպէս նաեւ Նոր Զելանտայի ամբողջ իսլամական համայնքին հետ:
Նոր Զելանտայի Հայ դատի յանձնախումբը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ եւ կ՛աղօթէ այս դժուարին պահուն»: