Clik here to view.

Clik here to view.

Մովսէս Ծիրանի
Առաջին անգամ ըլլալով, 1979-ին Երևանի Ժամանակակից Կերպարուեստի Պատկերասրահին մէջ, կազմակերպուեցաւ ամերիկահայ տասնեօթ գեղանկարիչներու խմբային ցուցահանդէս մը, որու առիթով, օրին հայրենի թերթերը արձանագրեցին որ, իր հայկականութեամբ Գեղամ Թազեանի արուեստը յատկանշական է և կը զատորոշուի միւսներէն: Սփիւռքահայ արուեստագէտներէն գրեթէ բոլորը (առաւել կամ նուազ չափով) ներշնչուած են Հայ ազգային մշակոյթի տարբեր տեսակի ոլորտներէ: Իսկ ոմանց մօտ հայկականութիւնը աւելի շեշտուած կը թուի ըլլալ թէկուզ՝ տարերայնօրէն: Այս վեջիններու շարքին է Գեղամ Թազեան, որ իր լեռնցիի պի’նդ խառնուածքով ու զօրաւոր անհատականութեամբ, օտարութեան մէջ ապրելով հանդերձ, պահած է իր ազգային դիմագիծն ու ցեղային աւանդները, որոնք գեղեցկօրէն կը բացուին իր ստեղծագործութիւններուն վրայ, թէկուզ ենթագիտակիցի ճամբով:
Արտակեդրոն խառնուածքի տէր այս կերպարուեստագէտը, 1980-ին, հետեւեալ ձևով կու տայ իր հակիրճ կենսագրականը.« Ծնած եմ Մուսայ Լերան Խտըրպէկ գիւղը
1938-ին:
Clik here to view.

Clik here to view.

Clik here to view.

Clik here to view.

Անոր ստեղծագործութիւնները, իրենց ոճային, արտայայտչաձեւերու, օգտագործած նիւթերու և որդեգրած միջոցներու բազմազանութեամբ հարուստ են ու տարաբնոյթ: Անոնք կ’ընդգրկեն արուեստի գրեթէ բոլոր հիմնական ուղղութիւնները, սկսեալ դասականութենէն ու տպաւորապաշտութենէն մինչև գերիրապաշտութիւնն ու վերացականութիւնը: Ան առաջինը չէ, որ միաժամանակ ստեղծագործած է արուեստի տարբեր արտայայտչաձևերով: Իրմէ առաջ և ետք եղած են շատ շատեր: Սակայն ինք կ’առանձնանայ անոնցմէ իր գեղարուեստական «արկածախնդրութեամբ», ուր Եղեռնի արձագանգները կարևոր տեղ կը գրաւեն: Կարենալ հասնելու համար լաւագոյնին, բարձրին ու առաւել արտայայտչականութեան, ան տևականօրէն հետամուտ է լրջախոհ ու բեղմնաւոր որոնումներու: Այս պատճառով ալ խտրութիւն չի դներ միջոցներու մէջ: Նոյնի’սկ կը հաւաքէ զինք հետաքրքրող առարկաներ, որոնք կրնան ըլլալ քարի, փայտի կամ մետաղեայ լքուած կտորներ, որոնց հետ ոչ միայն կը վարուի յատուկ խնամքով, այլև կը տանի արուեստանոց ու ամենայն բծախնդրութեամբ կ’իմաստաւորէ ու կ’ապրեցնէ զանոնք գեղագիտականօրէն: Կան արուեստագէտներ երբ դիմանկար կը պատկերեն, նմանութիւնը տալով հանդերձ, իրենց մօտ մարդը կը վերածուի քարի ու փայտի նման անշունչ առարկայի: Բացառիկներ միայն կարողութիւնը ունին քարի ու փայտի նման անշունչ առարկաները շնչաւորելու, իբրև գեղարուեստական յղացք: Այդ բացառիկներէն է նաև Գեղամ Թազեան: Այս առումով ան Hylozoist մըն է, այնպէս ինչպէս Արշիլ Կորքին, Երուանդ Քոչարը և կամ Յակոբ Յակոբեանը: Այ’ո, եթէ ուզենք անպայման ինչ որ ԻԶՄ-ով բնորոշել Թազեանի արուեստը, ապա «Հայլոզոիզմ»ն է այդ մէկը, որ ոչ պահական է և ոչ ալ մտածուած, այլ բնականօրէն իր ազգային խորքերէն կը բխի անոր նիւթակենսապաշտութիւնը: Քարի, հողի, ջուրի, յաճախ նաև տան առարկաներու, (ինչպէս. օճախ, աղաման, տաշտ, սանդ, ևայլն) պաշտամունքը հազարամեայ արմատներ ունի հայ մշակոյթի մէջ:
Clik here to view.

Հին յունարենէն փոխ առնուած և եւրոպական լեզուներու մէջ տարածուած
Hylozoism-ը, կը թարգմանենք «նիւթակենսապաշտութիւն», բայց դժուար թէ հասկնալի ըլլայ ոմանց համար: Բառը կազմուած է նիւթ և կեանք ամատ բառերէն, որ առաջին անգամ կը յիշատակուի նախասոկրատեան փիլիսոփայութեան, Միլեթեան դպրոցին մէջ, ուր կ’ակնարկուի նիւթի և առարկաներու պաշտամունքին: Հին աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդները կը հաւատային թէ նիւթը՝ առարկան ինչպէս օրինակ քարը կ’ապրի, կը շնչէ, զգացում ունի և հետևաբար կը պաշտէին զայն: Մինչև հիմա Ճափոնի մէջ, Շինդու կրօնքին հետևորդները ինչ որ չափով հայլոզոիսդ են: Ինչպէս վերը նշեցինք հայլոզոիզմը ոչ միայն խոր արմատներ ունի Հայ մշակոյթի մէջ, այլև մաս կը կազմէ մեր ազգային խառնուածքին ու էութեան և այս պատճառով ալ տարերայնօրէն կը դրսևորուի, իր մարդկային ու ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն հաւատարիմ մնացած Հայ կերպարուեստագէտներու մոտ, որոնց ամենաարժանաւորներէն Է Գեղամ Թազեանը: Ան ինչքան ալ ստեղծագործէ այլազան ու ժամանակակից արտայատչաձևերով, ինչքան ալ կիրառէ տարօրինակ առարկաներ, ինչքան ալ յօրինէ բոլորովին նոր ու արտակեդրոն համադրումներ կամ զետեղումներ, միևնոյնն է, իր «ազգային մատնահետքերը» անպայմանօրէն ի յայտ կու գան անոնց վրայ: Ահաւասիկ հո’ս է իր արուեստի գեղարուեստական ուժն ու համամարդկային արժէքը, որոնք արգասիքն են ինքնաորոնման իր յարատև խորացումներուն:
Clik here to view.

Այս ջանասէր ու բազմավաստակ կերպարուեստագէտի ստեղծագործական աւանդը, բազմաշերտ է ու բազմախորհուրդ: Ծաւալային զգացողութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է իր մէջ, քան գունազգացողութիւնը: Այս պատճառով ալ ան ճանչցուած է առաւելաբար իբրեւ քանդակագործ: Ահաւասիկ թէ ինչու ամերիկեան տարբեր քաղաքներու ու հրապարակներու վրայ, կարելի է հանդիպիլ շարք մը յուշարձաններու ու կոթողներու, որոնց բարձրորակ կատարողական մակարդակի եւ գեղարուեստական արժէքի համար, հարկաւոր է անդրադառնալ առանձինն: