Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՆ

$
0
0


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Մարտ 11-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչներ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Բենիամին Պչաքճեանը:
Շուրջ երեք ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին, լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Արցախի եւ հայ դատի հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles