Երեւան արեւ կար եւ երկինքը լուսաւոր էր: Անոնք կը մոռցնէին Փետրուարի կճող ցուրտը, որ կը սողսկէր դռներէն, պատուհաններէն, եւ հաստ վերարկուներէն, յիշեցնելով որ ձմեռ էր:
Արմենակի Հայաստանաբնակ դասընկեր Գինոսի փայտի խոշոր վառարանով մը տաքցուած տունն էինք: Կիրակի օր, երբ մարդիկ կը հաւաքուին եւ կը զրուցեն Երեւանի մէջ, լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան, գոհունակութեան եւ դժգոհութեան նիւթեր չեն պակսիր:
Թէեւ այդ բոլորի մասին խօսելու կարիք չկայ, քանի որ հեռատեսիլը այդ բոլորը կը պատմէ օրնիբուն. վթարներ եւ կողոպուտներ, աւարեաներ եւ թալանչիներ:
Արմենակ մէկ բաժակ կոնեակէ ետք երկրորդ մըն ալ կուլ տուաւ, եւ ապա, ըսաւ.
– Գիտէք, միշտ յոռետես պէտք չէ ըլլալ: Լաւ բաներ ալ կան այս երկրին մէջ:
Զարմացած եւ անխօս իրեն նայեցայ: Ինք շարունակեց:
– Ճիշդ այդպէս: Լաւ եւ օրինակելի: Երէկ հրապարակի մեծ հիւրանոցի սրճարանը գացեր էի ճամբորդի մը հետ Պոլիս գիրք մը ղրկելու: Լոսէն եկած յաջողած վաղեմի ընկեր մըն ալ հոն էր, քանի մը օրուան համար եկած էր: Հարցուցի թէ այս եղանակին «տուրիստ» չի գար, ինչո՞ւ հոս էր:
Գինոսը բաժակները թարմացնելով ըսաւ.
– Որ փող շատ ունենաս ամառը ձմեռը ամառ կ’ըլլայ, հեռուն ալ մօտ:
Արմենակ շարունակեց:
– Ճիշդ ես: Բայց այս մէկը ոչ քու գիտցած «տուրիստ»ներէն էր, ոչ ալ փողկապաւոր խելք բաժնողներէն:
– Հապա ի՞նչ էր,- հարցուցի:
– Եկած էր գիւղի մը մէջ տնկել տուած երեք հազար պտղատու ծառերով այգին տեսնելու, հոն հսկող եւ աշխատող գիւղացիին հետ կարգադրութիւններ ընելու:
Այս անգամ Գինոս միջամտեց.
– Ո՞վ է այդ ընկերդ, ըսիր երեք հազար ծառ…
– Այո՛, երեք հազար: Ըսաւ, գիւղը եւ հողամշակութիւնը զարգացնելու: Եթէ յաջողի ուրիշ տեղ մըն ալ երեք հազար ծառ կրկին պիտի տնկէ: Ըսաւ, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզ հողը պէտք է ծաղկի: Աւելցուց նաեւ. քարի տեղ կանաչ: Այգիին հասցէն տուաւ, որ երթամ տեսնեմ:
Գինոս կրկին խօսեցաւ.
– Այդ ի՜նչ մարդ է եղեր:
Եւ Արմենակ եզրակացուց.
– Հայրենիքին համար պիտանի մարդ: Ոչ խաղատուն գացող, ոչ թուղթ մրոտող, ոչ երազի խոստում տուող, ոչ խելք բաժնող: Եթէ Հայաստանի ապարանքներու եւ հիւրանոցներու տէրերը հետեւին Լոսէն եկած հայու օրինակին, նուազ ցոյցեր կ’ըլլան, ուսուցիչները դասադուլի չեն դիմեր եւ թոշակառուները միայն օրընդմէջ չեն ճաշեր:
Գինոսին տիկինը թէյ բերաւ, լաւաշ, պանիր եւ մեղր:
– Օր մըն ալ երեք հազար ծառերու խնձորը եւ դեղձը կը վայելենք հիացումով եւ ծափով,- երազկոտ եզրակացուց այս անգամ դժգոհ չեղող Կեդրոնականցին:
Մակար, Երեւան