Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն Հիւրընկալեց «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութեան Պպատուիրակութիւնը

$
0
0


Մարտ 4-ին, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ, ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւ Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հիւրընկալեցին «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Ազգային ժողովի համանուն խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մանէ Թանդիլեանն ու Գէորգ Գորգիսեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջկուսակցական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, անդրադարձ եղաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, մասնաւորապէս` ազգային-պետական օրակարգին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելու հետ կապուած հարցերուն։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեց միջկուսակցական շփումները շարունակելու, համագործակցութեան ուրուագծուած ուղղութիւններով համատեղ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու կարելիութիւնները քննարկելու, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ ըստ անհրաժեշտութեան խորհրդակցութիւններ կատարելու վերաբերեալ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles