Ս. Մ.
2 Մարտ 2019
Ալապամայի կարգ մը շրջաններու բնակիչները Կիրակի, 3 Մարտի յետմիջօրէին զոհ գացին ահաւոր մրրիկի մը։ Արձանագրուեցան առ նուազն 24 զոհ, նիւթական անհաշուելի վնասներ, մէկ խօսքով, բնական աղէտի մը հետեւանք՝ բազմերես ողբերգութիւններ։
Ուռականը այնքան արագ գոյացած է ու հարուածած՝ բնակավայրերը, որ մարդիկ հազիւ 10-15 վայրկեան ժամանակ ունեցած են իրենք զիրենք պաշտպանելու։ Բնական աղէտին վայրը այցելողներ անվարան եզրակացուցին, որ շրջանը պատերազմի գօտիի մը պատկերը կը ներկայացնէ, թէ՝ նման աղէտ աննախընթաց է շրջանին մէջ։
…Նախագահ Թրամփ որոշած է Ուրբաթ, 8 Մարտին այցելել աղէտեալ շրջանը։ Ալապամայի մէջ լուռ զրոյց մը շրջան կþընէ. «Բնական աղէտը չէ՞ր բաւեր, որ մարդակերտ աղէտ մը պիտի այցելէ շրջանը…»։
Նման մտածողութիւն ապերախտութիւն է. Կիրակի օրուան մրրիկը հազիւ քանի մը վայրկեան տուաւ բնակիչներուն՝ ինքնապաշտպանութեան դիմելու։ Նախագահը աւելի վեհանձն է. ան օրեր առաջ իմացուց իր գալուստը. իսկ ամերիկացի ժողովուրդն ու ամբողջ աշխարհը արդէն երկու տարիէ ի վեր կը վայելեն մարդակերտ աղէտը…
↧
ՍԼԱՔ.- ԱԼԱՊԱՄԱ. ԲՆԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ ԱՂԷՏՆԵՐ
↧