Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի 121-րդ Շրջանային Ժողովը Տեղի Ունեցաւ Շիքակոյի Մէջ

$
0
0

Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի կառոյցը իր 121-րդ Շրջանային Ժողովը գումարեց Շիքակոյի մէջ, Փետրուար 21-24, մասնակցութեամբ շրջանի կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան ու Գանատայի ԿԿ-երու ներկայացուցիչներու:

Ազգային եւ գաղութային առաջադրանքներու ընդարձակ քննարկումէն ետք, ժողովը ձեւաւորեց ու որդեգրեց յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ուղղութիւնը:

Ժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ընտրութեամբ, որ բաղկացած է հետեւեալ ընկերներէ.

Ճորճ Աղճայեան (Ներկայացուցիչ – Ուսթըր)
Վալոտ Աթախանեան (Նիւ Եորք)
Սեպուհ Հացագործեան (Տիթրոյյթ)
Սթիւ Մեսրոպեան (Փրովիտընս)
Խաժակ Մկրտիչեան (Պոսթըն)
Ճան Մկրտիչեան (Փրովիտընս)
Անի Չաղլասեան (Նիւ Ճըրզի)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles