ԵՐԵՒԱՆ․- Երեքշաբթի Փետրուար 26-ի երեկոյեան, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հողեր չունինք տալու» կարգախօսով հանրահաւաքը` ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերուն 31-րդ տարելիցին:
Հաւաքի մասնակիցները, որոնց կարգին էին մեծ թիւով ազատամարտիկներ, հաւաքուեցան Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր անմար կրակէն վառած ջահերով քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ: Հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցան շարք մը ազատամարտիկներ, որոնց կարգին` Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան: Ան նշեց, որ այս հաւաքին միջոցով խօսք կ՛ուղղեն աշխարհին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Ազատամարտիկներու յանձնախումբի պատասխանատու, պահեստազօրի գնդապետ, Արցախեան ազատամարտի մասնակից, Շուշիի առանձին հրաձգային գումարտակի Հ․Յ․Դ․ շտապի պետ, Հ․Յ․Դ․ Գիւմրիի ջոկատի հրամանատար Արտաշէս Մխիթարեանը:
Արթուր Եղիազարեան անդրադարձաւ Արցախի տարածքներու հարցին` յայտնելով, որ որոշ ուժեր անիկա դարձուցած են վիճայարոյց նիւթ: Արթուր Եղիազարեան յայտարարեց, որ այսօր Արցախի մէջ գոյութիւն չունի գրաւուած կամ ազատագրուած տարածք, կայ Արցախի Հանրապետութիւն` իր վարչական շրջաններով, իր սահմանադրութեամբ, եւ այդ նիւթը քննարկման ենթակայ չէ:
Անոր համաձայն, այսօր կեղծ օրակարգով մարդիկ կան, որոնք կ՛ըսեն, թէ մենք պատերազմասէր ենք, մինչդեռ իրենք` խաղաղասէր: «Անոնք կը ստեն, կը կեղծեն: Այս ազատամարտիկներէն աւելի ոեւէ մէկը խաղաղութիւն չ՛ուզեր, որովհետեւ անոնք պատերազմին ընկերներ կորսնցուցած են, տեսած են այդ դժուարութիւնները, ունեցած են այդ փորձութիւնները: Տուողին չեն յարգեր, տուողին ուրիշ բան կ՛ընեն, ուրեմն` մենք տալիք ոչ մէկ բան ունինք: Մենք նոյնիսկ բանակցելու ոչինչ ունինք Ազրպէյճանի հետ, բացառութեամբ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին», ըսաւ Արթուր Եղիազարեան` աւելցնելով, որ Արցախը Հայաստան է, ու ատիկա բոլորիս մտքին մէջ է, եւ ուշ կամ կանուխ, պիտի ունենանք Միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստան` Արցախով հանդերձ:
Իր կարգին, Արտաշէս Մխիթարեան նշեց, որ վերջին շրջանի իրադարձութիւնները մտահոգիչ են, քանի որ աշխուժացած են ապազգային ուժերու կողմէ Արցախի ազատագրուած տարածքներու զիջումներու մասին յայտարարութիւնները: Ազգաբնակչութեան դիրքորոշումին վրայ ազդելու նպատակով փորձ կը կատարուի, յանուն խաղաղութեան, լայն քննարկման նիւթ դարձնել Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածով ամրագրուած` Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու իրաւազօրութեան ներքեւ գտնուող տարածքներու զիջման հարցը:
Մխիթարեանի համաձայն, պարտուողական եւ ազգադաւ դիրքորոշումներով յայտնի գործիչները իրենց ասուլիսներուն եւ յայտարարութիւններուն ընթացքին կ՛արժեզրկեն իրենց մարտական ընկերներու կեանքին գնով ձեռք բերուած յաղթանակի արդիւնքները` համեմատելով 2018-ի իշխանափոխութիւնը Արցախեան ազատամարտին հետ:
Արտաշէս Մխիթարեան համոզուած է, որ խնդիրը կը լուծուի, եթէ ազգովին առաջնորդուինք «Զարգանալ` չզիջելով» կարգախօսով, ինչ որ թէեւ դժուար, բայց պատուաբեր ճամբայ է: Մինչդեռ շարունակաբար զիջումներու մասին խօսելով` կարելի է բռնել կործանման ճամբան: Ուստի առաջնահերթ խնդիր կը մնայ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը, որուն միջոցով Հայաստանը պարտաւորութիւն կը ստանձնէ իրաւական հիմքով կատարել իր` երաշխաւորի պարտականութիւնները: