Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ի՞նչ է Ջաւախք Ճամբարը

$
0
0


Մեղրի ՏէրՎարդանեան
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Պոսթընի «Նժդեհ» մասնաճիւղ

Ջաւախք Ճամբարը Հ․Օ․Մ․-ի գործակցութեամբ ծրագիր մըն է բաղկացած երեք տարբեր ճամբարներէ, որոնք միաժամանակ տեղի կ՛ունենան Ջաւախքի Ախալքալաք, Ախալցխա, եւ Նինոդսմինտա հայկական շրջաններուն մէջ։ Այս ճամբարները կը կազմակերպուին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայ երիտասարդներու կողմէ որոնք մաս կը կազմեն Ջաւախք Ճամբարի յանձնախումբին։ Ճամբարը ձրի է մասնակցող մանուկներուն եւ պատանիներուն համար, որոնց օրական դրութեամբ կը տրամադրուի ճաշ եւ նախընթրիք, ինչպէս նաեւ գրենական պիտոյքներ։ Ճամբարի խմբապետները մեծամասնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայէն են, որոնք կը ժամանեն Վրաստան ոտք դնելու հայկական հողերու վրայ եւ կապ ստեղծելու՝ Ջաւախքի հայ երիտասարդութեան հետ։

Ո՞ւր Է Ջաւախքը
Ջաւախքը կը գտնուի Վրաստանի մէջ, Հայաստանի հիւսիսը: Ան կը բաղկանայ վեց շրջաններէ որոնցմէ չորսին մէջ կը բնակին մեծ թիւով հայեր (երեք շրջաններու հայ բնակչութիւնը կը կազմէ ընդհանուր թիւին 90 առ հարիւրը):

Ինչո՞ւ
Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու հանգստաւէտ պայմանները թողած, եկած ենք ծառայելու շրջանի մը մէջ ուր կը գտնուին ապրուստի մեծաթիւ դժուարութիւններ որոնցմէ է ջուրի անբաւարար մատակարարումը եւ շատ մը այլ երեւոյթներ։ Այս հարցումին պատասխանը կրնանք գտնել ազգային պատկանելիութեան եւ միասնութեան համոզումին մէջ։ Ջաւախքի մէջ բնակող այս հայ երեխաներն ու պատանիները կը պայքարին ոչ միայն ամենօրեայ ծայրայեղ ծանր պայմաններու դէմ, այլ նաեւ կը մղեն հայ մնալու եււ որպէս հայ գոյատեւելու պայքարը, հէտեւաբար այս մեր կատարած ժամանակաւոր «զոհողութիւնը» ոչինչ է բախտատմամբ Ջաւախքի հայ բնակչութեան տեւական զոհողութեան որուն հիմքն է իրենց ինքնութեան պահպանումը։ Ուրեմն մեր Ջաւախք գտնուիլը յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ երեխաներուն եւ ուժ դէպի լուսաւոր ապագայ։

Մասնակցեցէք այս հրաշալի ծրագիրին
Ջաւախք Ճամբարի յանձնախումբի անդամները ամէն ճիգ կ՛ընեն անցեալ տարուան դրամահաւաքի ամբողջական գումարը գերազանցելու, եթէ կը փափաքիք մասնակցիլ այս ծրագրին յաջողութեան այցելեցէք “Ֆէյսպուքի” էջը ուր կրնաք ձեր ցանկացած գումարով ներդրում կատարել։
Յանձնախումբի անդամները,արդէն գործի լծուած են ծրագրելու երկու ճամբարները Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի պատանիներուն համար։ Արդէն իսկ երկրորդ տարին է որ յանձնախումբը կը գործէ Հ․Օ․Մ․-ի հետ իբր ոչ կառավարական կազմակերպութիւն։
Ճամբարը այս ամառ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 14էն- Յուլիս 28։
Մասնակցութեան դիմումնագիր՝
https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSfoy8Bo2iaX_IpZeIBcAw6ZdbgTzO5MXiaJd7pPrPL588DArA/viewform
Յաձնախումբի նախորդ եւ ներկայ գործունէութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ հետեւելու համար հետեւեցէք “Ֆէյսպուքի” էջին www.facebook.com/tebijavakhk եւ կամ «ինսդակրամի» էջին https://www.instagram.com/campjavakhk/ ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է կապուիլ յանձնախումբի campjavakhk@gmail.com հասցէին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles