Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Նիւ Եորք բնակող բարեկամներէս մէկը Լոս Անճելըս այցելած էր: Անուշավաճառի մը մօտ նստած, երբ կը զրուցէինք, պատմեց, թէ քանի մը օր առաջ հայկական թերթերէն մէկուն մէջ իր անուն-մականունը կրող անձի մը մահազդին հանդիպեր էր:
Բարեբախտաբար չէի հանդիպած այդ ծանուցումին:
Կարգ մը ընդհանրացած անուն-մականուններու պարագային, նման դէպքեր շատ կրնան պատահիլ:
«Ես քեզմէ շատ առաջ «մահացայ», կատակեցի, եւ ես ալ, իմ կարգիս, պատմեցի ի՛մ «մահուանս» մասին, որ տեղի (չ)ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, աւելի քան երկու տասնամեակներ առաջ:
Քիչեր առիթը կ՛ունենան «մահանալէ» ետք վերստին ծնելու:
Պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս «մահացայ»:
***
Երաժիշտ բարեկամներէս մէկը ճամբան կը հանդիպի ուրիշ երաժիշտ բարեկամի մը, որ ծանօթ է երկուքիս:
– Է՜հ, Պօղոսն ալ գնաց, տխուր ձայնով կ՛ըսէ մէկը:
– Ո՞ւր գնաց,- զարմացած կը հարցնէ երկրորդը:
– Տեղեակ չե՞ս: Կեանքը քեզի, եւ յուզումէն, չի կրնար շարունակել:
Նոյն շրջանին, Լոս Անճելըսի մէջ, երիտասարդ տարիքին, սրտի կաթուածի հետեւանք, մեզմէ յաւերժ բաժնուած էր լիբանանահայ «Նիուզ» նուագախումբին պէյս կիթառիստը` մեր բարեկամներէն Ժաք Թամուքեանը: Ժաքը եւ ես, տարբեր նուագախումբերու մէջ, միեւնոյն երաժշտական գործիքը կը նուագէինք` պէյս կիթառ: 70-ական թուականներուն երկուքիս նուագախումբերը հանրածանօթ էին լիբանանահայութեան մէջ, եւ իր մահուան տխուր լուրը, բերնէ բերան տարածուելով, հասած է բարեկամներէս մէկուն, իբր թէ ես ըլլայի մահացողը:
«Բերնէ-բերան, կ՛ըլլայ գերան», կ՛ըսէ հայկական ասացուածքը:
Բոլորովին անտեղեակ` սխալ տարաձայնուած լուրէն, պատահմամբ հեռաձայնեցի զիս մահացած կարծող ընկերոջս:
Այնպիսի դողդողացող ձայնով մը պատասխանեց, որ կարծեցի, թէ անհանգիստ է:
– Ի՞նչ ունիս, լաւ չե՞ս զգար,- հարցուցի:
– Ես հիւանդ չեմ, սակայն դուն…- Չկրցաւ շարունակել: Մանուկի մը նման սկսաւ հեկեկալ:
Մտահոգուելու կարգը իմս էր:
«Մահուանս տխուր լուրը» ստանալէն անմիջապէս ետք կը դիմէ դէպի մեր տունը եւ մուտքին տեսնելով մեծ թիւով ինքնաշարժներ` կը համոզուի, որ լսած լուրը իրականութիւն է:
Զուգադիպութեամբ մը այդ օր տղուս տարեդարձի օրն էր: Տակաւին 7 կամ 8 տարեկան երեխայ` մեծ թիւով դասընկերներ հրաւիրուած էին մեր տունը, միասնաբար տօնելու տղուս տարեդարձը:
Տանս մուտքին ինքնաշարժներու խճողումը բարեկամիս ենթադրել կու տայ, որ ներկաները սգակիրներ են, եւ կը նախընտրէ աւելի ուշ կնոջը հետ գալ ցաւակցական այցի եւ յաջորդ օրը, երբ կը պատրաստուին ճամբայ ելլել, նոյն վայրկեանին իր մահացած կարծեցեալ բարեկամէն` ինձմէ կը ստանայ հեռաձայն մը:
***
Իսկապէս որ կեանքի մէջ երբեմն անհաւատալի զուգադիպութիւններ կրնան պատահիլ:
Այդ օր, եթէ տունէս ներս մտած ըլլար, անակնկալի առջեւ պիտի գտնուէր` լսելով երաժշտութիւն,
կերուխում եւ ուրախ մթնոլորտ:
Հաւանաբար միտքէն ըսէր. «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»:
Յաջորդ օրը կնոջը հետ եկան այցի, սակայն «գլուխ ողջի» փոխարէն` միասնաբար տօնեցինք «վերածնունդս»: Տանս սեմէն ներս մտած ժամանակ յիշեցի Մսրայ Մելիքի եւ Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպը եւ` «Կենդանի՛ եմ», կատակեցի:
Բոլորս խնդացինք` բացի բարեկամիս կողակիցէն, որ օտար է: Սահուն հայերէն կը խօսի: Հայկական դպրոց չէ յաճախած եւ բնականաբար հայերէն գրել կարդալ չի գիտեր: Ծանօթ է հայերէնի պարզ խօսակցական լեզուին եւ երբե՛ք չէր լսած, որ «կենդանի» ողջ, ապրող էակ կը նշանակէ: Իր գիտցած հայերէնով կենդանի կը նշանակէ չորքոտանի անասուն, եւ ինքզինքիս «կենդանի» անուանելս զարմանք պատճառեց օտարազգի կնոջ:
Գաղափար չունէր ո՛չ Մսրայ Մելիքէն, ո՛չ ալ Սասունցի Դաւիթէն:
Հակիրճ պատմեցի դիւցազնավէպը: Լաւ առիթ մը` ծանօթացնելու հայկական դիւցազնավէպերէն գէթ մէկ հատին:
Բարեկամս, ուրախ ըլլալով հանդերձ, անհանգիստ վիճակ մը ունէր: Քանի մը անգամ փորձեց խօսիլ, սակայն չհամարձակեցաւ: Կ՛ուզէր բան մը խոստովանիլ: Ըսելիք մը ունէր, սակայն քաջութիւնը չ՛ունէր: Ինքզինք յանցաւոր կը նկատէր:
Ի վերջոյ խոստովանեցաւ, որ «մահուանս» լուրը միեւնոյն օրն իսկ հաղորդած էր Լիբանան գտնուող մեր երաժիշտ ընկերներէն մէկուն եւ շատ չանցած` Ֆրանսայէն ուրիշ բարեկամէ մը հեռաձայն ստացած էր. վերջինս կը յայտնէր, որ կը սգայ մահուանս լուրը:
Բարեբախտաբար այդ տարիներուն չկար համացանց կամ Դիմատետր, այլապէս, այնքա՜ն արագ, աշխարհի չորս կողմը ցիր ու ցան բարեկամներս, որոնք թիւով այնքա՜ն շատ են, նմանապէս պիտի «սգային» (չ)պատահած կորուստս:
Կը կարծէի, որ լուրը տարածուած էր միայն երաժիշտ բարեկամներուս շրջանակին մէջ, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդպէս չէր:
Յաջորդող քանի մը օրերուն հեռաձայնս «անլռելի զանգակատուն» մը դարձած էր: Անհատնում հեռաձայններ` Պէյրութէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն եւ, բնականաբար, Լոս Անճելըսէն: Իւրաքանչիւրին կը բացատրէի, որ մահացողը «Նիուզ» նուագախումբին պէյս կիթառ նուագողն է` Ժաքը, եւ ոչ թէ` ես:
Քիչ մնաց, «Փոխան մահազդ»-ի, հայկական թերթերու մէջ ծանուցում մը տեղադրէի:
«Սրտի խոր գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Պօղոս Շահմելիքեան մահացած չէ: ԿԵՆԴԱՆԻ Է»: (Բնականաբար այս մէկը կատակի բաժինն էր):
Վստահաբար նման դէպքեր պատահած են նաեւ տարբեր մարդոց, որոնցմէ մէկը վերջերս պատահած էր Նիւ Եորք բնակող բարեկամիս:
Միեւնոյն անուն-մականունը կրող մարդիկ շատ են, եւ շատեր, երբ ծանօթ անունով մահազդի մը հանդիպին, անմիջապէս խուճապի կը մատնուին: Նախքան ստուգելու սգակիրներու անունները, իրենց հարազատը կամ մօտ բարեկամը կարծելով, ահազանգ կը հնչեցնեն, լուրեր կը տարածեն աջ ու ձախ, սակայն իմ պարագայիս, մականունս իւրայատուկ է: Կրնամ վստահեցնել, որ իմ անուն-մականունովս ուրիշ անձ գոյութիւն չունի: Ժաքը եւ ես միեւնոյն երաժշտական գործիքը նուագող անձեր եղած ենք, սակայն` անուն-մականունի ո՛չ մէկ նոյնութիւն:
***
Ներկայիս, համացանցի միջոցով ապատեղեկութիւնները աւերներ կը գործեն: Մարդիկ յաճախ իրենց հասկցած ձեւով լուրեր կը հաղորդեն, եւ այդ լուրը սխալ մեկնաբանութեամբ կը տարածուի դիմատետրի էջերուն միջոցով:
Մանկութեանս տարիներուն ներկայ օրերու նման բազմատեսակ խաղալիքներ չունէինք եւ զբաղելու համար յաճախ տարբեր տեսակի խաղեր կը հնարէինք, որոնցմէ մէկն է` «Անթել հեռաձայնի»-ի խաղը, զոր կ՛անուանէինք «Թելսըզ թելեֆոն»:
Ընկերոջ մը ականջին բաներ մը կը կը փսփսայինք, եւ այդ նախադասութիւնը ան պարտէր փոխանցել քովի ընկերոջը, եւ այսպէս` յաջորդաբար քանի մը հոգիի:
Նախադասութիւնը մէկ անձէն միւսը փոխանցուած ժամանակ, վերջին անձին հասնելով, բոլորովին տարբեր իմաստի վերածուած կ՛ըլլար:
Ներկայիս Դիմատետրը վերածուած է մեր մանկութեան շրջանի ընդհանրացած «Թելսըզ թելեֆոն» խաղին:
Յաճախ հին սովորութիւններ կամ նորաձեւութիւններ տարիներ ետք կրկին կեանքի կու գան եւ կը դառնան նորոյթ:
«Թելսըզ թելեֆոն»-ի մեր մանկական խաղը այսօր վերածուած է ելեկտրոնային նոր խաղի մը, զոր կը «խաղցուի» Դիմատետրի միջոցով, որուն մէջ տեղադրուած լուր մը, իրարու փոխանցուելէ կարճ ժամանակ ետք, կը վերածուի բոլորովին տարբեր պատմութեան մը:
Այդ խաղը մեր օրերուն կ՛անուանէիք «Թելսըզ թելեֆոն»:
Ներկայիս կը կոչուի Դիմատետր: