Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցը նշուեցաւ յատուկ ոգեկոչումով։
Այս առթիւ յատուկ հաւաք մը կազմակերպուած էր անոր շիրիմին մօտ։ Դաշնակցական հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեանը իր խօսքին մէջ յատկապէս կարեւոր նկատեց Արամ Մանուկեանի մարդկային, գաղափարական եւ պետականաշինութեան արժանիքները: Անոր կարծիքով` Արամը աճած էր գաղափարական աշխարհի այն մեծ ձուլարանին մէջ, որ ստեղծուած էր Հ․Յ․Դաշնակցութեան կողմէ: Ան առաջիններէն էր, որ գործնականօրէն ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ կը նշանակեն համաժողովրդական բանակ ըսուածը, ազգ-բանակ համագործակցութիւնը եւ պետականութեան արժէքը մասնաւորապէս հայ ազգին համար:
«Մենք նշեցինք Հայոց բանակի 27-ամեակը, իսկ այսօր` Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցը: Կարծես տարօրինակ զուգադիպութեամբ այդպէս եղաւ, որ կը թուի, թէ ան մեկնած է այս աշխարհէն` իր հիմնական գործը կատարած: Առաջին Հանրապետութեան եւ պետական բանակի հիմնադրման մէջ ան ստանձնած էր կեդրոնական գործառոյթ: Ան նաեւ այն գաղափարական կուսակցութեան ու դաշտի ներկայացուցիչն էր, որ կ՛առաջադրէր ազատագրել հայ մարդը բռնութիւններէ, հայութիւնը կը ցանկար համախմբել իր հայրենի հողին վրայ` զայն օժտելով պետականութեամբ, որովհետեւ միայն անկախ պետականութիւնը կրնայ երաշխաւորել ժողովուրդի ապահով եւ բարգաւաճ ապագան», ըսաւ Բրուտեան:
Հ․Յ․Դ․ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Խաչատուր Ստեփանեանը այսօրուան սերունդին համար հայրենանուէր գործունէութեան լաւագոյն օրինակը նկատեց Արամ Մանուկեանի կեանքը, անհատ մը, որ կը պատկանի ո՛չ միայն Հ․Յ․Դ․-ին` իր հայեացքներով եւ գաղափարներով, այլեւ ամբողջ հայութեան` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Միւս կողմէ, Արամ Մանուկեանի գաղափարակիցները հաւաքուած էին անոր արձանին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելու մեծ հայորդիի մահուան 100-րդ տարելիցին առիթով:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արամի դերակատարութեան, թէ՛ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրերուն, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ: Ան ընդգծեց Արամի դերակատարութիւնը 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերու կազմակերպման գործին մէջ. ինչպէս Արամը յաջողեցաւ միաձուլել ժողովուրդն ու զինեալ ուժերը` իբրեւ մէկ պաշտպանական բռունցք: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ շեշտեց Արամ Մանուկեանի կեդրոնական դերակատարութիւնը պետականութեան հիմնադրման մէջ` իբրեւ Յովհաննէս Քաջազնունիի կառավարութեան կազմին մէջ ներքին գործոց նախարար: Ան աւելցուց, որ Արամը կը մարմնաւորէր այն գաղափարական աշխարհը, որ ձեւաւորուած էր Դաշնակցութեան կողմէ: Ան մինչեւ իր մահը գործեց հաւատարիմ այդ գաղափարական սկզբունքներուն: Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը կոչով դիմեց ներկաներուն` խոնարհելու Արամի վաստակին եւ յիշատակին առջեւ:
Այնուհետեւ իր խօսքը ներկաներուն ուղղեց Հ․Յ․Դ․-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան: Ան, դիմելով ներկաներուն, նշեց, որ այսօր Արամի արձանին մօտ ներկայ գտնուողներէն շատերը կը պայքարէին, որ վերջապէս Երեւանի սրտին մէջ վեր խոյանայ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրին արձանը: Գեղամ Մանուկեան յիշեցուց, որ կառավարութեան շատ մը ներկայացուցիչներ ամէն ինչ կ՛ընէին, որ այս արձանը չըլլայ, բայց ներկաներու յամառութեան շնորհիւ էր, որ վերջապէս Արամ Մանուկեանի արձանը իր տեղը գտաւ Երեւանի մէջ: «Ասիկա սոսկ արձան չէ, այլ ամբողջ գաղափար է` մեր անկախութեան, Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշներու, պայքարի, աշխարհահայեացքի, ազգային գաղափարախօսութեան: Դեռ երկու ամիս առաջ նոյն այս վայրին մէջ հազարաւոր ընկերներ, համակիրներ, հայրենակիցներ հաւաքուեցան` խոստում տալով շարունակել անոր գործը: Ձեզմէ շատերը շաբաթներ շարունակ փորձեցին ժողովուրդին բացատրելի դարձնել անոր գաղափարներն ու ազգային իտէալները: Այսօր երջանիկ ենք, որ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ հաւաքուած ենք, բայց նաեւ տխուր ենք, որ 600 տարուայ կորուստէն ետք պետականութեան հիմնադիրի` Արամ Մանուկեանի յիշատակը կը յարգենք այսպէս` միայն կամաւորներով, գաղափարակից ընկերներով, երիտասարդներով, որոնք պատանեկան տարիներուն սերտած են Արամ Մանուկեանը եւ կը գիտակցին, թէ ո՛վ է ան: Ցաւօք, այսօր եւս ոչ պետական մակարդակով կը յիշենք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրը», ըսաւ ան եւ նշեց, որ ասիկա առաջին կամ երկրորդ դէպքը չէ:
Յիշատակի արարողութեան աւարտին ներկաները երթով ուղղուեցան դէպի Արամի տուն` մոմավառութեամբ եւ «Վէրքերով լի» երգի հնչիւններուն ներքեւ յարգելով մեծ հայորդիին յիշատակը: