ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յունուար 28-ին, Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորը, անգամ մը եւս նշեց Հայոց Բանակի օրը։ 2012 թուականէն ի վեր Հ․Օ․Մ․-ականներ կը կազմակերպեն «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորներուն» ծրագիրը։ Անոնք այցելելով հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղեկայուած Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը՝ հիւրասիրեցին ծառայող զինուորները տօնական ուտեստողէններով, որոնք Հ․Օ․Մ․-ուհիի յատուկ նուիրումով եւ մայրական սիրով պատրաստուած՝ տոլմա, աղցան, գաթա, մրգեղէն եւ քաղցրեղէն էին: