Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հայոց Բանակի Օրը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ․- Յունուար 28-ին, մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց բանակի օրը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ: Այս առիթով տեղի ունեցան հանդիսութիւններ եւ ձեռնարկներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամները, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին ընկերակցութեամբ` այցելեցին ՝՝Եռաբլուր՝՝ զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ` զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:
Այս առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացաւ նաեւ ՝՝Եռաբլուր՝՝ զինուորական պանթէոնի թանգարանի կառուցման նախագիծին եւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրմանագիրներով՝ ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ նուիրումի համար խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւներով:
Զինուած ուժերու շարքային զինուորներ Մհեր Յովսէփեանը, Արամ Ճաղարեանը եւ հարիւրապետ Հայկ Քարամեանը յետմահու արժանացան Մարտական ծառայութեան մետալի:
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ նախագահ Արմէն Սարգսեան յանձեց պետական բարձր պարգեւները եւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, նշելով․- ՝՝Հպարտութեան խորին զգացումով այսօր միասին կը նշենք Բանակի օրը, որուն առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորս:
Այն, ինչ որ այսօր կը զգանք այս մեծ տօնին առիթով, նախ եւ առաջ հպարտութիւնն է, հպարտութիւն մեր անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը պաշտպանող բանակին հանդէպ:
Մեր բանակի ծնունդը պարզ չէ եղած, բանակի ծնունդը կարելի է նմանեցնել Վահագնի ծնունդին:
Հայկական բանակը նոյնպէս ծնաւ երկունքի միջոցով, բարդ ու ծանր ժամանակներու մէջ, ծնաւ կրակէն, անհրաժեշտաբար: Եւ ինչպէս Վահագնը, ան նոյնպէս պայքարեցաւ յանուն ազատութեան, հայրենիքին եւ յաղթանակին:
Մեր բանակը նուիրեալ կամաւորի ու արհեստավարժ զինուորականի, շարքայինի ու հրամանատարի, պետական ու քաղաքական գործիչի, մտաւորականի ու աշխատաւորի, հայաստանցիի, արցախցիի եւ սփիւռքահայու միացեալ ջանքի, ոգիի եւ կամքի արդիւնք է: Կարճ ժամանակուան մէջ ան դարձաւ ամէնէն կազմակերպուածն ու մարտունակը տարածաշրջանին մէջ, եւ մենք ունեցանք բազում մեծ յաղթանակներ եւ հերոսներ:
Թոյլ տուէք իմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել բոլոր անոնց Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, որոնց շնորհիւ ստեղծուեցաւ, կայացաւ ու հզօրացաւ մեր բանակը:
Կը խոնարհիմ այն մարդոց յիշատակի առջեւ, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքին, երկրին, մեր ժողովուրդին ու բանակին:
Նոր ժամանակներու բանակը, իբրեւ կեանքի ինքնատիպ դպրոց ու համալսարան, պէտք է նաեւ դաստիարակէ ժամանակի քաղաքացին, մեր տղաներն ու աղջիկները, կեանքի ուղեգիր տայ անոնց:
Անկախ ծառայութեան տեսակէն, անկախ տարիքէն, զինուորը բանակին մէջ հմտութիւն ու փորձ ձեռք կը բերէ, կը դառնայ աւելի կազմակերպուած ու կարգապահ մարդ: Ան բանակի միջոցով նաեւ առաջին շփումը կ՛ունենայ իր սեփական պետութեան հետ: Շատ կարեւոր է, որ այդ շփումը ըլլայ ոգեւորող, յոյս ու հաւատ ներշնչող:

Բանակը իսկապէս հասարակութեան հայելին է: Եւ եթէ հասարակութեան, պետութեան մէջ քայլեր կը ձեռնարկուին բացասական երեւոյթներու վերացման, բացառման համար, ապա վստահաբար անիկա արտացոլումը պէտք է գտնէ նախ եւ առաջ բանակին մէջ: Բանակը պէտք է ըլլայ անբիծ, անբասիր: Իսկ բանակին մէջ ծառայելը` ո՛չ միայն պարտականութիւն, այլեւ` մեծ պատիւ:
Շնորհակալութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել կառավարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան` այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած բոլոր քայլերուն համար:
Բանակը ո՛չ միայն երկրի անվտանգութեան ու խաղաղութեան երաշխաւորն է, այլեւ երկրի տնտեսութեան անբաժանելի մասը: Ընդ որում, ան ո՛չ միայն սպառող, այլեւ ստեղծող, իր ետեւէն տանող կառոյց է: Բանակը արդիւնաբերութեան ու գիտութեան համար թէ՛ պատուիրատու է, թէ՛ անոնց յառաջընթացի մասնակից:
Ռազմարդիւնաբերութեան ու գիտահետազօտական ոլորտին համար բանակը կ՛առաջադրէ խնդիրներ` ակնկալելով ժամանակակից ու նորարարական, նաեւ, յաճախ անսպասելի որոշումներ, որոնք պարտադիր չէ, որ ըլլան արտատպումը կամ կրկնօրինակումը օտար լուծումներու: Մենք ի վիճակի ենք խնդիրներուն տալ մեր սեփական լուծումները: Ռազմաարդիւնաբերական շատ խնդիրներու լուծումներ ժամանակի ընթացքին կը կիրարկուին քաղաքացիական կեանքին մէջ: Հետեւաբար, բանակը խնդիր ունի մասնակցելու ո՛չ միայն պաշտպանութեան, այլեւ երկրի տնտեսութեան զարգացման` սերտօրէն համագործակցելով ե՛ւ գիտական մարմիններու, ե՛ւ գործարար շրջանակներու, ե՛ւ բոլոր այն քաղաքացիներուն հետ, որոնք ցանկութիւն ունին իրենց ներդրումը բերելու:
Յարգելի՛ բարեկամներ,
Եւս անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս Բանակի օրուան առիթով եւ կը մաղթեմ առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ նոր յաղթանակներ:
Շնորհակալ եմ: Կը շնորհաւորեմ՝՝:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնեցծ է, որ բանակը պէտք է մասնակցի տնտեսութեան զարգացման: Լրագրողները հետաքրքրուած են, թէ կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններով, նոր ստեղծուող նախարարութեամբ` որքա՞ն կարելի պիտի ըլլայ այդ խնդիրները լուծել:
՝՝Թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ կառավարութեան կառուցուածքը, ատիկա նոյն կառավարութեան ու վարչապետին գործն է: Նոյն աշխատանքը կարելի է ընել 10 հոգիով կամ 20 հոգիով: Ես վստահ եմ, որ մեր վարչապետը կը մտածէ այնպէս ընել, որ աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ կառավարութիւնը: Ես իմ անձնական փորձառութիւնս ունիմ, իմ պատկերացումներս ունիմ, բայց մէկ բան յստակ է` լուծումը միայն կառուցուածքային պիտի չըլլայ, այլ, ըստ էութեան: Մենք պէտք է գիտակցինք, որ մեր բանակը վաղը կամ միւս օրը կարիք պիտի ունենայ ամէնէն ժամանակակից ճարտարագիտութիւններուն, որոնք պիտի ըլլան շատ արժէքաւոր, յաճախ անհասանելի, բայց մենք ի վիճակի ենք անոնց մեծ մասը ինքնուրոյն ստեղծելու եւ վաճառելու: Եթէ մենք որեւէ արժէքաւոր գաղափար, նոր զէնքի տեսակ առաջարկենք, գերտէրութիւնները հաճոյքով մեզմէ պիտի գնեն: Մենք պէտք է նայինք աշխարհին, տեսնենք, թէ ո՛վ ինչ ունի, սորվինք, համոզենք, բերենք այստեղ, համատեղ աշխատինք: Ասիկա, ի հարկէ, ժամանակ պիտի պահանջէ՝՝, եզրակացուց նախագահը:

Վարչապետ Փաշինեանի Շնորհաւորական Խօսքը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ եղաւ Բանակի օրուան` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութեան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, նշելով․- ՝՝Հնդկական հազարամեայ հանելուկը կը հարցնէ. ի՞նչն է, որ չես նկատեր, քանի դեռ այն չէ հեռացած: Պատասխանը հետեւեալն է. առողջութիւնը: Եւ ասացուածքին իմաստը այն է, որ առողջութիւնդ պէտք է պինդ պահես, որովհետեւ եթէ մեկնեցաւ` այլեւս ետ բերել չես կրնար:
Յոյս ունիմ չմտածեցիք, թէ թուղթերը խառնած եմ, եւ կը կարդամ առողջապահութեան աշխատողի օրուան նուիրուած ելոյթի նիւթը: Ի՞նչ կապ ունի ուրեմն այս ասացուածքը Հայոց բանակի 27-րդ տարեդարձին հետ:
Կապը այն է, որ անվտանգութիւնը առողջութեան նման է. քանի կայ, անիկա երբեմն կ՛ընդունուի իբրեւ ինքնին հասկնալի եւ ինքնին ենթադրուող բան մը: Եւ այսօր` բանակի տարեդարձին այս հանդիսաւոր օրը, կը կարծեմ արժէ մէկ անգամ եւս արձանագրել, որ այն անվտանգութիւնը, որ մենք ունինք` երկինքէն ինկած խնձոր չէ, այլ իրողութիւն մը, որ ձեռք բերուած է մեր բիւրաւոր ազատամարտիկներու, խորհրդային բանակին մէջ ասպարէզը ընդհատած եւ Հայոց հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած սպաներու, նորանկախ պետութեան առաջին զինուոր ու սպայ դարձած առաջամարտիկներու կեանքին, առողջութեան, երբեմն բարեկեցութեան ու ապագային գնով: Եւ եթէ առողջութիւնը մեզի կու տայ բնութիւնը, մեր անվտանգութեան, տուեալ պարագային արտաքին անվտանգութեան ապահովողը մեր զինուած ուժերն են, մեր բանակը:
Ի՞նչ կը նշանակէ Հայոց բանակ. ատիկա կը նշանակէ տարուան առնուազն կէսը ընտանիքէն ու հարազատներէն հեռու, մարտական դիրքերու վրայ անքուն գիշերներ անցընող` ժամկէտային, պայմանագրային զինծառայողներ ու սպաներ, որոնք պատրաստ են իրենց վրայ վերցնելու հարուածը եւ որոնք պատրաստ են ջախջախիչ հակահարուած հասցնելու` կանգ չառնելով ոչինչի, նոյնիսկ սեփական կեանքն ու առողջութիւնը կորսնցնելու սպառնալիքին առջեւ:
Ի՞նչ է Հայոց բանակը. ատիկա քանի մը հազար մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող` ամիսներով թիկունքէն կտրուած ձիւնածածկ լեռնային մարտական դիրքերն են, միւս կողմէն` հարթավայրային մարտական դիրքերն են, ուր ջերմաստիճանը կրնայ գերազանցել 50 աստիճանը, եւ զինուորներ, սպաներ, որոնք երբեք ետ, այսինքն` դէպի թիկունք չեն նայիր, այլ կը նային առաջ:
Ի՞նչ է Հայոց բանակը. ատիկա հրամանատարական, սպայակոյտի, թիկունքային, հետախուզական ու մատակարարման ահռելի աշխատանք մըն է, որ չի կրնար դադրիլ որեւէ վայրկեան, ինչպէս չի կրնար դադրիլ շնչառութիւնը` քնացած ես, թէ արթուն:
Մեր զինուած ուժերը, մեր Ազգային բանակը ահա, մեր երկրի շնչառութիւնն է, որ չի դադրիր որեւէ վայրկեան` անկախ անկէ մեր երկիրը քնացա՞ծ է, թէ՞ արթուն, եւ շատ յաճախ մեր բանակի ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, իւրաքանչիւր գիւղի, քաղաքի, իւրաքանչիւր տան մէջ մենք չենք նկատեր, ինչպէս չենք նկատեր մեր շնչառութիւնը: Եւ այսօր Հայոց փառապանծ բանակի ծննդեան 27-րդ տարեդարձն է, եւ մենք այսօր այստեղ հաւաքուած ենք նախ եւ առաջ մեր խոնարհումը բերելու մեր բոլոր նահատակներուն, մեր բոլոր ազատամարտիկներուն, սպաներուն, զինուորներուն, որոնց զոհողութեան վրայ կառուցուած է մեր պետութիւնն է ու անկախութիւնը, մեր բանակն ու անվտանգութիւնը, մեր գնահատանքի տուրքը տալու մեր բոլոր զինուորներուն, սպաներուն եւ զօրավարներուն, որոնք ազնիւ ծառայած են եւ կը ծառայեն Հայոց բանակին:
Մենք հաւաքուած ենք մեր յարգանքի խօսքը բարձրաձայնելու բոլոր այն ծնողներուն ու կիներուն, որոնք անխոնջ կը կրեն զինուորական զաւակ կամ ամուսին ունենալու անհանգիստ հպարտութիւնը:
Մենք այսօր հաւաքուած ենք վերահաստատելու մեր ուխտը մեր նախնիներուն, մեր հերոսներուն ու նահատակներուն, մեր առասպելական զօրահրամանատարներուն ու զինուորներուն առջեւ. մենք այս հայրենիքը ոեւէ մէկուն պիտի չզիջինք, մենք այս յաղթանակը ոեւէ մէկուն պիտի չզիջինք:
Եւ ուրեմն` կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը, փա՛ռք Հայոց յաղթանակած բանակին:
Շնորհաւոր Հայոց բանակի 27-րդ տարեդարձը: Շնորհակալ եմ՝՝:

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի Ուղերձը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, իր կարգին Բանակի օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Հայոց բանակի 27-րդ տարեդարձին առթիւ․-
՝՝Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Բանակի օրուան առիթով:
Հայոց փառապանծ բանակը մեր ժողովուրդի հպարտութիւնն է, անոր ազատութեան ու անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման կարեւոր գրաւականներէն մէկը:
Փա՜ռք ու պատիւ մեր հերոսական բանակին, հայրենիքի ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած մեր բոլոր նահատակներուն, քաջ զինուորներուն, որոնց անսասան կամքին, խիզախութեան ու անձնուիրութեան շնորհիւ այսօր ամուր են հարազատ երկրի սահմանները:
Այս նուիրական տօնին առնչութեամբ անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ մեր ամբողջ ժողովուրդը: Կը մաղթեմ խաղաղութիւն, մեծագոյն յաջողութիւններ ու նոր յաղթանակներ մայր հայրենիքին եւ Հայոց բանակին՝՝:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles