Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Լրագրողներու Համահայկական Թ. Համաժողով

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ.-  Մայիս 30-ին, Սփիւռքի նախարարութեան մէջ երէկ սկսաւ լրագրողներու համահայկական Թ. համաժողովը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը ներկաներուն փոխանցեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, ուր մասնաւորապէս վստահութիւն յայտնեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ եւս յեղափոխութիւն իրականացնելու գծով` նոր մտածողութեամբ, նոր ոճով եւ սիրոյ ու անկեղծութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման նոր տրամաբանութեամբ:

«Վստահ եմ, որ այս համաժողովը կը դառնայ վերարժեւորելու, մեր հարցերը անկեղծ ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ քննարկելու  եւ անոնց լուծումներ գտնելու բացառիկ հարթակ, ի վերջոյ ձեւաւորուելով առողջ ու կենսունակ համահայկական տեղեկատուական դաշտ», յայտնեց ան:

Խօսք առին նաեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայեանէ Առաքելեան եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան:

Համաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն շարք մը հարցեր` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան լրագրութենէն սկսեալ մինչեւ լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններու արձագանգներն ու անոնց մէջ լրագրողներու դերակատարութիւնը:

Համաժողովին բացման արարողութեան մասնակցեցան շուրջ 70 լրագրողներ սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles