Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դ.-ն Միակամ Է

$
0
0

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին հրաւէրով Մայիս 29-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հ՚Յ՚Դ՚ Հայաստանի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններու խորհրդակցական ժողովը:

Նոր իրողութիւններու լոյսին տակ ժողովը հանգամանալից քննարկման առարկայ դարձուց Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, կուսակցութեան վերջին երկամսեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց հնարաւոր քաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ կատարելիքներուն:

Ժողովը վերահաստատեց հայաստանակեդրոն գործունէութեան նոր թափ հաղորդելու` կուսակցութեան յանձնառութիւնը եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդական շարժման յաղթանակին մէջ կուսակցութեան մարմիններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղեգծին:

Ժողովը արձանագրեց, որ Հայոց պետականութեան հզօրացումն ու ամրապնդումը կը մնան համահայկական հիմնական օրակարգ եւ  գերխնդիր թէ՛ հայրենաբնակ ժողովուրդին եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան համար:

Ժողովը արժեւորեց համաժողովրդական շարժման իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցած վերազարթօնքը`այն համոզումով, որ հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին ընդառաջ անիկա իրապէս կ’իմաստաւորուի, եւ կ’ունենանք նոր սկիզբ, արդար եւ հզօր Հայաստան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

30 մայիս 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles