Էդուարդ Այվազեան
(արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը)
Ուղիղ 100 տարի առաջ՝ մեծ դժուարութիւններու եւ կորուստներու գնով ստեղծուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը։ XIV-րդ դարու Կիլիկեան Հայաստանի անկումէն ետք՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը առաջին հայկական պետութիւնն էր, որ կազմաւորուեցաւ աւելի քան վեց դարերու անկումէն ետք։ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը շատ մեծ ու դժուարին պահ էր հայ ժողովուրդին համար, որ նոր վերապրած էր ցեղասպանութիւն ու հազարաւոր հայեր՝ փրկուելով թրքական կոտորածներէն՝ անտուն, սոված ու ջարդուած համաճարակով ստիպուած էին վերջին կենաց մահու ճակատամարտ մղելու ընդդէմ թշնամիի՝ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի մէջ։ Ահա այդպիսի պայմաններու մէջ՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը կը հռչակէր իր անկախութիւնը։
Սակայն, մինչեւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի, հայ ժողովուրդը Ջաւախքի մէջ արդէն ամիսներ շարունակ եւս կենաց-մահու պայքար կը մղէր ընդդէմ թրքական բանակի։ Ախալցխայի ինքնապաշտպանութիւնը, որ սկսած էր դեռ 1917 թուականի աշնան, կարելի է արդարօրէն համարել Սարդարապատի մէջ ապագայ յաղթանակին սկիզբը։ Քանզի, եթէ ամիսներ շարունակ տեւած ինքնապաշտպանութիւնը աւարտէր անյաջողութեամբ՝ թրքական զօրքերը գրաւելով Ախալցխան, յետոյ նաեւ ամբողջ Ջաւախքը, առաջ պիտի շարժէին դէպի Ալեքսանդրապոլ, արդէն Հայաստանի հիւսիսային սահմաններէն։ Այս առումով՝ Ախալցխայի ինքնապաշտպանութիւնը պէտք է ընդունիլ իբրեւ առաջին սարդարապատ, որ ամիսներ շարունակ պաշտպանեց շրջանը թրքական բանակի գրաւումէն եւ ճանապարհ բացաւ հայ ժողովուրդի մայիսեան յաղթանակներուն։
Այդ օրերուն սարսափելի դժուար էր Ախալցխայի իրավիճակը։ Տեղի ժողովուրդը զրկուած էր Թիֆլիսի եւ Երեւանի օգնութենէն եւ ինքնուրոյն կը հայթայթէր ինչպէս սնունդ, այնպէս ալ զէնք, զինամթերք։ Ախալցխայի շրջանին մէջ թուրք մեսխեթցի կոչուող ցեղերը քաղաքէն դուրս կը կազմէին շրջանի բնակչութեան մօտ 60 տոկոսը։ Անոնք լրիւ կը համակրէին ու իրենց հնարաւորութիւններու սահմանին կ՝աջակցէին թրքական զօրքերուն։ Սակայն, շնորհիւ Ախալցխայի քաղաքապետ Զօրի Զորեանի՝ շրջանին մէջ թրքական ներկայութեան վտանգը գրագէտ ձեւով չէզոքացուեցաւ եւ թուրք մեսխեթցիներու եւ հայերու միջեւ լուրջ ընդհարում տեղի չունեցաւ, որ թոյլ տուաւ քաղաքապետին իր ողջ ուժերը կեդրոնացնելու ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման վրայ։ Այս իմաստով՝ Ախալցխայի, Դամալայի ու Սաթխայի ինքնապաշտպանութիւնը պէտք է համարել հայ ժողովուրդի մայիսեան յաղթանակներու անբաժանելի մաս։
Եթէ չըլլար Ախալցխայի ինքնապաշտպանութիւնը՝ վստահօրէն կարելի է ըսել, որ Ջաւախքը չէր ըլլար Վրաստանի կազմին մէջ ու անիկա այսօր կ՝ըլլար թրքական։ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը այսօր կ’ունենային ցամաքային սահման, որ լրիւ շրջափակման մէջ կ’առնէր Հայաստանը։ Եւ հնարաւոր է այդ ամէնէն ետք՝ Հայաստանի մէջ մայիսեան յաղթանակները եւս չըլլային այնպէս, ինչպէս են այսօր։ Ուստի, մենք բոլորս միասին պարտաւոր ենք լաւ գիտակցելու Ախալցխայի ինքնապաշտպանութեան դերն ու կարեւորութիւնը ամբողջ տարածաշրջանի համար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Վրաստանի անկախութեան ու երկու ժողովուրդներու անվտանգ գոյութեան համար։
100 տարի անցած է այդ հերոսական օրերէն եւ մենք այսօր ալ դեռ վերաիմաստաւորելու կարիք ունինք այս մեծ հերոսական իրադարձութիւնները, որոնց արժէքն ու նշանակութիւնը մինչեւ օրս շատ յաճախ լաւ չենք գիտակցիր։