ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 18-ի առաւօտեան, Պրիւքսէլի Հայ Տան մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնած՝ Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարին:
Ներկայ էին Եւրոպահայ քաղաքագէտներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներ: Երկօրեայ համագումարի առաջին օրուան ընթացքին քննարկուեցան մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումները որոնց վերաբերեալ կատարուեցան ախտաճանաչումներ եւ առաջարկուեցան համապատասխան լուծումներ:
Պաշտօնական բացման ընթացքին ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակօ Սահակեան, Արամ Ա. Վեհափառ՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ՝ Ֆրանք Էնկէլ: