Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Թաւրիզի Մէջ Հայագիտական Առաջին Գիտաժողով

$
0
0

ԹԵՀՐԱՆ («Ալիք»).-Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13-ին, Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական խորհուրդի:
Տարբեր երկիրներէ ժամանած օտար հայագէտներ մասնակցեցան այս գիտաժողովին, հայագիտութեան բնագաւառը շօշափող այլազան նիւթերով՝ հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն, ազգագրութիւն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններ, հայ-քրտական յարաբերութիւններ, Գերմանիա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Գերմանացիների հայախնամ առաքելութիւնը Թաւրիզի եւ Սպահանի մէջ, հայ ժողովրդի յետեղեռնեան վերընձիւղումը, գոյապայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը, որոնք ներկայացուեցան առաջին օրուայ երեք նիստերում: Գիտաժողովը ընթացաւ անգլերէն լեզուով:
Գիտաժողովի բացումը կատարեց Համպուրկի համալսարանի դասախօս եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ՝ Իշխան Չիֆթճեան: Ան հայ ազգի քրիստոնէական կեանքի առաջին երկու առաքելութիւնները իրագործած սուրբերու՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալների գործունէութիւնը առընչեց ազգային պատմութեան եւ ճակատագրի հետ, ակնարկելով անոնց յիշատակին կառուցւած տաճարներէն մէկուն՝ Իրանի եւ միւսին՝ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուելու փաստին, ինչպէս նաեւ՝ մէկի վերանորոգուած եւ միւսի աւերակ վիճակի մէջ ըլլալու իրողութեան: Ան յայտնեց թէ Թաւրիզը պատմութեան ընթացքին չէ՛ եղած մշակութային մէկ կեդրոն Սպահանի նման, սակայն Թաւրիզ ժամանած ու այնտեղ հետք թողած եւ Թաւրիզէն անցած են Առաքել Դաւրիժեցիի, Մեսրոոպ Թաղիադեանցի, Ռաֆֆիի եւ Հրաչեայ Աճառեանի նման պատգամագէտներ, հայագէտներ եւ գրագէտներ, որոնց աշխատանքի հետքերուն վրայ կը կատարուի այս գիտաժողովը: Ապա, անցեալից ներկայ կամուրջ նետելով, նա անդրադարձաւ առաջնորդ Սրբազանի հետազօտական աշխատանքին, որը մղիչ ոյժն էր հանդիսացել գիտաժողովին: Բարի գալուստ մաղթելով բոլոր մասնակիցներուն, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Թեմական խորհուրդին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, գիտաժողովի կայացման նախապատրաստական աշխատանքներու կատարման համար:
Առաջին բանախօսութիւնը ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանը «Ատրպատական՝ մեծ վերապրողը պատմութեան» նիւթով: Սրբազան Հայրը Ատրպատականի հայոց թեմի պատմական անցեալի ընդհանուր ներկայացումը կատարեց եւ ապա նիւթը զարգացուց մշակութային հսկայ ժառանգութեան մասին համապարփակ տեղեկութիւններ տալով: Մատենագիրներէն մէջբերելով ակնարկութիւններ թեմի տարածքին գտնուող սրբավայրերու մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն եկեղեցիներուն, ճգնարաններուն եւ մատուռներուն մասին, որոնք պատմութեան ընթացքին ցարդ ուշադրութեան չէին արժանացած հետազօտողներու կողմէ: Թեմի տարածքին հազարաւոր գերեզմանաքարերու փորագրական արուեստին անդրադարձաւ Սրբազանը, որոնք անտաշ սալատապաններու ճակատագրէն ալլ աւելի վատ վախճան ունեցած են անտիրութեան մատնուած ըլլալու պատճառով:
Ազգային-եկեղեցական մշակութային ժառանգութեան անշարժ եւ շարժուն հարստութեան ներկայ իրավիճակը գիտական աշխարհին ներկայացնելու հեռանկարով, Սրբազանը Ատրպատականի ձեռագրերու, կիրառական արուեստի նմոյշներու, մասնատուփերու, աջերու եւ խաչերու, ինչպէս նաեւ ազգագրական արժէք ներկայացնող իրերու մասին ընդհանուր պատկերացում տուաւ, ահազանգելով ձեռագրերու վերանորոգութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս, անցած դարերու եւ իրերայաջորդ տասնամեակներու ընթացքին, քաղաքական եւ այլ բազմապիսի պատճառներով հարուածուած Ատրպատականի թեմը Սրբազանը անուանեց «վերապրող», որու հիմնադրութեան պաշտօնական թուականը կը տանի աւելի քան 750 տարի ետ:
Երկրորդ նիւթը՝ «Նոր պրպտումներ Նոր Ջուղայի հայերէն հին ձեռագրերու», ներկայացուց ներկայիս Սպանիոյ Սան Տամասօ Եկեղեցական Համալսարանի այցելու դասախօս՝ հայագէտ Պեռնար Ուտիէ: Նստավարն էր Վիլֆրիտ Էկըրսը: Ուտիէ տարիներու ընթացքին իր կատարած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու կողքին, քանի մը տարիներ առաջ Նոր Ջուղայի մատենադարանէն ներս հետազօրութիւններ կատարած է, եւ սոյն դասախօսութեամբ ձեռագրերու մասին բնագրագիտական նոր տեղեկութիւններ հաղորդեց: Ան անանուն եւ անհեղինակ համարուած շարք մը ձեռագրերու համար հեղինակներ առաջարկեց եւ նշումներ կատարեց այս ուղղութեամբ: Ան շեշտեց Պօղոս Առաքեալի նամակներու մէկ հին մեկնութեան կարեւորութիւնը, որ նոյնիսկ նկատի չի առնուած Ե. Պետրոսեանի եւ Ա. Տէր-Պետրոսեանի «Սուրբ Գրքի հայերէն մեկնաբանութեան մատենագիտութիւն» (Երեւան 2002) գիրքին մէջ: Սոյն դասախօսութեամբ, Ուտիէ կարեւոր նշումներ կատարեց նաեւ Նոր Ջուղայի հայկական ձեռագրական հաւաքածոյին մէջ գտնուող վրացերէն պատառիկների մասին:
Առաջին նիստի երրորդ նիւթը՝ «Հայերէն եզրերի ծագումնաբանութիւնը թափանցիկ դարձնելու փորձ մը» ներկայացուց Էրլանկը-Նիւրնպերկի Ֆրիդրիխ-Ալեքսանտր համալսարանի դասախօս Տիրք Նովաք: Ան իր ունկնդիրներուն մէկ կարճ ճամբորդութեան տանելով լեզուաբանական պատմութեան ուղիներէն, հասաւ մինչեւ դասական հայերէնի՝ գրաբարի ձեւաւորմանը, այնպէս ինչպէս այն կը գտնուի Ե. դարի գրաւոր յիշատակարաններուն մէջ: Նոյն ճանապարհի վրայ, ան բացայայտեց յունարէնի եւ ասորերէնի, ինչպէս նաեւ միջին պարսկերէնի մեծ ազդեցութիւնը հայերէնի վրայ, յատկապէս փոխառեալ բառերու մեծաքանակ ներկայութեամբ: Ան յայտնեց, թէ պահլաւերէնէն փոխ առնուած բազմաթիւ բառերու ներկայութիւնը հայերէնի մէջ պատճառ դարձած է, որ Եւրոպայի մէջ երկար ժամանակ հայերէնը համարուի պարսկական լեզուի մէկ ճիւղ: Զեկոյցը ուշադրութեան առարկայ դարձուց հայերէնի բառապաշարը, որ հնդեւրոպական մայր լեզուէն ժառանգուած է:
Երկրորդ նիստը՝ «Հայ-Գերմանական յարաբերութիւններ»ի նստավարն էր Իշխան Չիֆթճեանը: Առաջին նիւթը՝ «Դորպատի համալսարանի տեսուչը՜ Արարատ լեռան վրայ», ներկայացուց Գերմանիոյ Պուքսթըհուտ քաղաքի բարձրագոյնհամալսարանի դասախօս Քաթրին Էնտլըրը, որ յայտնեց թէ երբ գերմանացի ակադեմական Ֆրիտրիխ Պառօտ (1791-1841), 1829-ի Մարտ 30ի երեկոյեան, գիտական հետազօտութեան նպատակով դէպի Կովկաս եւ Հայաստան ճանապարհորդութիւն կը ձեռնարկէր, ռուս-պարսկական պատերազմը արդէն իսկ աւարտած էր եւ Թուրքմենչայի դաշնագիրը, ի նպաստ ռուսական կայսրութեան էր: Էնտլըր բացատրեց, որ դաշնագրի կնքումէն ետք, Արարատ լեռը սահմանակէտ էր Ռուսաստանի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Ռուսական իշխանութիւնը Պառօտին կը վստահի անդրկովկասեան մէկ գիտարշաւ, որուն նպատակներէն էր նաեւ Արարատ լեռ բարձրացումը: Էնտլըր յայտնեց, որ կ՛ենթադրուի թէ այս գիտարշաւը նաեւ քաղաքական եւ գաղութատիրական նպատակներ կը հետապնդէր, յատկապէս այն պատճառով, որ Ռուսիոյ Նիքոլայ Ա. Ցարը մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տար եւ ճիգ չէր խնայեր այս աշխատանքի յաջողութեան համար: Էնտլըր ներկայացուց Պառօտի հանդիպումը Խաչատուր Աբովեան անունով սարկաւագի մը, ինչպէս ան կըկոչէ Աբովեանին, որ կը դառնայ իր անփոխարինելի ուղեկիցը, թարգմանիչը եւ լեռնագնացութեան ընթացքին իրեն օժանդակող անձը: Ամփոփելով իր նիւթը, Էնտլըր յայտնեց, թէ Սեպտեմբեր 27, 1829-ին, Արարատը նուաճուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով: Վերջապէս ան նշեց, որ Պառօտ իր աշխարհագրական եւ բնագիտական ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը ամենայետին մանրամասնութիւններով նկարագրած է իր հրապարակած ընդարձակ տեղեկագրութեան մէջ՝ «Ճամբորդութիւն դէպի Արարատ Դոկտ. Ֆրիտրիխ Պառօտի կողմէ» (Պերլին, 1834):
Գերմանիոյ Կեօթինկըն քաղաքի «Կէօրկ-Աուկուսթ» Համալսարանի դասախօս՝ Քլաուտիա Ռամելտի՝ «Գնա՜նք Արեւելք. (Միջին Արեւելքի մէջ կատարՈւած մի աշխատանքի պատկերներ՝ բաղդատական հեռանկարով. Եոհան Լուտվիկ Շնելերի եւ Էրնսթ Եաքոպ Քրիստոֆէլի օրինակը)» նիւթով: Բանախօսը ներկայացուց մարդասիրական աշխատանքի երկու նւիրեալներու գործունէութեան սկիզբը: 1850-ական թուականներուն, Եոհան Լուտվիկ Շնելեր աւելի քան երկու ամիս կը ճամբորդէ, Երուսաղէմ հասնելու նպատակով: Ան կը մեկնի Երուսաղէմ, ապրելու եւ գործելու համար Սուրբ Երկրին մէջ: Ան պատասխանատու կը նշանակուի «Եղբայրներու Տան» եւ յետագային կը հիմնէ «Սուրիական Որբանոց»ը:
Ապա բանախօսը ներկայացուց այլ անձնաւորութիւն մը՝ Էրնսթ Եագոպ Քրիստոֆէլ (1876-1955), որ իր կարգին մեկնած է Արեւելք: Մալաթիոյ մէջ երկար ժամանակ գործելէ ետք, ան անցած է Պարսկաստան եւ յատկապէս Թաւրիզ ու Սպահան, ուր աշխատած է հաշմանդամներու եւ կոյրերու համար, հայկական շրջանակներէ ներս:
Երրորդ նիստի խորագիրն էր՝ Համակեցութիւն եւ Ցեղասպանութիւն, եւ նստավարն էր Քլաուտիա Ռամելտը: Առաջին զեկուցաբերը Համպուրկի համալսարանի դասախօս Ժիար Մոհետիէնը, ներկայացուց իր նիւթը՝ «Հայերը Միջին Արեւելքի մէջ.- Հայերու եւ քիւրտերու միջեւ համակեցութեան մէկ օրինակ՝ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ»:
Ան խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու եւ Եզիտիներու դէմ գործադրւած ցեղասպանութեան մասին, որ ցայսօր անոնց հաւաքական ինքնութեան վրայ խոր հետք թողած է: Ան անդրադարձաւ հայ Սփիւռքի իրականութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնէն դուրս կը գոյատեւէ: Բանախօսը Հայոց Ցեղասպանութիւնէն վերապրածներու եւ անոնց սերունդներու կեանքին անդրադարձաւ, յատկապէս Սուրիոյ մեծ եւ փոքր քաղաքներուն մէջ, սկսելով Հալէպէն մինչեւ Դամասկոս, Հոմս, ինչպէս նաեւ Իրաք՝ Պաղտատա եւ Մոսուլ, նաեւ Իրանի տարբեր քաղաքներ: Իր զեկոյցին մէջ, Մոհետիեն յայտնեց անոնց ներկայութեան մասին յատկապէս քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, շեշտելով որ անոնց գոյութիւնն ու պատմութիւնը Էրպիլի, Տուհոքի, իրաքեան Քիւրտիստանի եւ Գամիշլիիի, Աֆրինի շրջանի եւ սուրիական Քիւրտիստանի մէջ, դեռեւս մանրամասն հետազօտութեան առարկայ չէ՛ դարձած: Ապա ան վերլուծեց զոյգ՝ հայկական եւ քրտական հասարակութիւններու փոխյարաբերութիւնները:
Օրուան վերջին նիւթը ներկայացուց Պոխումի «Ռուհր» Համալսարանի դասախօս Եան Կեմ, «Գերմանիոյ կողմէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն տարի մը անց – Ճանաչման եւ ուրացման միջեւ. Անձնական նշումներ եւ փորձառութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» խորագրով:
Կեմ ըսաւ թէ Գերմանիոյ մէջ ճանաչման գործընթացը իր աւարտին չէ՛ հասած: Պատմական ճանաչումը այնքան ալ հեշտ ընթացք չունի, դիմադրական այն շարժումները ներկայացնելով յատկապէս, որոնք Գերմանիոյ թուրք համայնքի կողմէ իբրեւ կեցուածք կ՛արտայայտուին: Ան իր զեկոյցը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի հետ իր ունեցած անձնական փորձառութիւնները՝ Միջին Արեւելք կատարած իր ճամբորդութիւններու շրջագիծէն ներս, նաեւ ներկայացուց ընդհանուր պատկերը Գերմանիոյ մէջ, զարգացումներու, ծրագրերու եւ խնդիրներու, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կ՛առնչւուին:
Առաջին օրուայ նիստի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակիչ խօսքով, վերաժեւորում կատարեց ներկայացուած նիւթերու խիստ շահեկանութեան: Սրբազանը յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի շուրջ արտայայտւելով, շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մարդկային իրաւանց համաշխարհային խնդրի լուծման գործընթացից դուրս բերել աշխարհաքաղաքական շահերը, տեսնելու համար բացայայտ ճշմարտութիւնը հայ ժողովրդի արդար պահանջատիրութեան:
Գիտաժողովը պիտի շարունակուի Դարաշամբի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles